ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Իւրաքանչիւր տարեգլուխ առիթ կը ստեղծէ հաշուեյարդար կատարելու անցած տարուան եւ թարմացած երազներով ու նպատակներով թեւակոխելու նոր տարին։
2023-ը լաւ տարի մը չեղաւ հայերուս համար՝ ցնցուեցանք Թուրքիոյ հարաւին ու Սուրիոյ հիւսիսի երկրաշարժներով,– հողատարածք մը, որ դարեր շարունակ թրծուած եղած է հայու քրտինքով, եւ արմատախիլ եղանք մեր Արցախի պատմական հողերէն։ «Պատմութիւնը չէ, որ կը կրկնուի, այլ՝ գաղութատիրոջ բռնութիւնը» գրեցինք դիմատետրի մեր էջին վրայ՝ արտայայտելու համար Բարռեսիա Գոլէքթիվի կատարած զանազան ընթերցանութիւններու քննարկումներուն ընթացքին ժամանակայնութեան եւ արտախլման մասին մեր յայտնաբերած միտքերը։ Բարձրաձայնեցինք երկրաշարժին պատեհութիւնը շահագործելով Հաթայի շինարարական արխիւներուն ոչնչացման փորձին մասին՝ «ժխտումը հիմն է պետականութեան»։ Կարեւոր էր հասկնալ գաղութատիրոջ տարբեր երեսները՝ տարբեր ժամանակներու ընթացքին եւ տարբեր մշակոյթներու հանդէպ, ուստի դիմեցինք կարդալու գաւառի գրականութիւն։
Գաւառը քաղաքէն դուրս գոյութիւն ունեցող վայրը չէ միայն, այլ երկիրն է, բնութիւնն է, մարդու եւ հողին յարաբերութիւնն է։ Ճամբայ ելանք ընթերցելով Համաստեղէն ու քննարկումներու ընթացքին մէջտեղ եկած գաղափարները հիմք կազմեցին յառաջիկայ մեր գործունէութիւններուն։ Քննարկումներուն ընթացքին, Բարռեսիա Գոլէքթիվը, մէկ քայլ անդին երթալով եւ բաղդատական կատարելով համաշխարհային գրականութեան հետ, արծարծեց նաեւ գաւառի գրականութեան այժմէականութիւնը։ Կարդացինք Խրիմեան Հայրիկին «Պապիկ եւ Թոռնիկ»-ը եւ «Խօսք Հրաժարման»-ը եւ ներկայիս կը կարդանք Ռաֆֆիի «Խենթը»։ Ի հարկէ, որ կրնաք մեր նիստերուն մասնակցիլ գրելով մեր ե-նամակի հասցէին՝ parrhesiameetings@gmail.com։
Ակօսը, իր թերթով եւ ռատիօժամով, Բարռեսիա Գոլէքթիվին յաւելեալ տարածք ընծայեց։ 16 Ապրիլէն ի վեր երկշաբաթեայ դրութեամբ ձեզի ներկայացանք, եւ կը շարունակենք ներկայանալ, Բարռեսիաբար սիւնակէն, եռալեզու գրութիւններով, իսկ ամսական դրութեամբ մեզի կրնաք լսել «Ռատիօ Ակօս»ի եթերէն, թրքերէնով։
Բարռեսիաբար սիւնակին մէջ, անկախ գաւառի գրականութենէն, յօդուածներուն ճամբով արծարծեցինք նաեւ ճշմարտութիւնը դիմակայելու դժուարութեան մասին՝ մանաւանդ Ապրիլ ամսուան մէջ, մանրամասնեցինք տարբեր ժամանակայնութիւններու մէջ ըլլալն ու համաժամանակութիւններու տարաժամանակութիւնը. մեր գրութիւններէն բացակայ չմնացին մեր գաղութներուն արուեստի այլազան ձեռնարկներու մեր տպաւորութիւններն ու ապրումները։ Անդրադարձ կատարեցինք գրականութեան մէջ կնոջ ներկայութեան, հայերէն լեզուի գործածութեան մարտահրաւէրներուն եւ նորարար կերպերուն. արծարծեցինք պարարուեստի, մանկավարժութեան եւ լեզուի հանդիպման կէտին մասին, աւելի իմացանք Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, ի շարս այլ նիւթերու։
Տարւոյն ընթացքին հրաւիրեցինք տարբեր մասնագէտներ եւ անոնց հետ առցանց զրոյցներ ունեցանք։ Հոգեբան Արշալոյս Գայըր խօսեցաւ գոյատեւման եւ կանանց մասին, պատմաբան Նազան Մաքսուտեան՝ հայ որբերու մասին, իսկ մեր գոլէքթիվի անդամներէն արուեստագէտ Լեռնա Պապիկեան ստեղծագործական պարը իբրեւ մտային եւ ֆիզիքական ազատագրման եւ հաւասարութեան կիրառում նիւթը ներկայացուց։
Այս տարի յանդգնութիւնը ունեցանք պատանի տարիքի աշակերտուհիներու համար արձակ գրութեան մրցանակ մը կազմակերպել «Յասմիկեան Պտոյտներ» վերնագիրով։ Մրցանակը նուիրուած էր Յասմիկ Սուճեանի յիշատակին՝ նպատակ ունենալով քաջալերել աշակերտուհիներ գրական ոճով արտայայտուելու իրենց պտոյտներուն եւ այդ ընթացքին վայելած ապրումներուն մասին: Երախտապարտ ենք Ազգ. Կեդրոնական վար-ժարանին, որ սիրայօժար կերպով մեզ հիւրընկալեց իր հարկին տակ, կայացնելու համար մրցանակաբաշխութիւնը 2023-ին:
Տակաւին բազմաթիւ աշխատանքներ տարինք այլ հարթակներու եւ կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս՝ «Ռիֆլէքթիվ Մակազին Բոտքասթ»-ին ճամբով ներկայացուցինք Յակոբ Մնձուրիին «Երկրորդ Ամուսնութիւն»-ը՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ համաժամանակութիւններու տարաժամանակութեան դիտանկիւնէն եւ 2021 տարեշրջանի Զաւէն Պիպեռեանի մեր ընթերցումները տեղ գտաւ ԿԱՄ-ի մէջ «Ժամանակը Զաւէն Պիպեռեանի Մօտ. Գողցուած կեանք մը՝ մէկ աղէտէն միւսը» յօդուածով։ Թալին Սուճեան միաժամանակ առցանց եւ անձամբ դրութեամբ դասախօսութիւն եւ աշխատանոց մը կազմակերպեց 19-րդ դարուն Օսմանեան գաւառներու մէջ հայ-յունական յարաբերութիւններու մասին՝ կազմակերպութեամբ Աթէնք լոյս տեսնող Արմենիքա պարբերաթերթի հետ։
Տարին գլորեցաւ մեր ետին ձգելով այս բոլոր աշխատանքները, որոնք թէեւ հաւաքական, ազգային ուրախ պայմաններու մէջ չգոյացան, սակայն շարունակեցին քաջութիւն ունենալ ճշմարտութիւնը խօսելու, այնպէս ինչպէս կը թելադրէ բարռեսիա եզրը։ Յոյսով ենք, որ այս տարի եւս պիտի շարունակենք հաստատ քայլերով ընդանալ, «բարռեսիաբար»։ Այս առիթով կ՚ուզենք նշել, որ մեր առաջին առցանց զրոյցը պիտի ունենանք Թալին Սուճեանի հետ, իր վերջին «Վտարանթի Հայեր – Գաւառներու Թանզիմաթը» գիրքին մասին եւ առաջին առցանց դասապահը՝ Մարկ Նշանեանին հետ, նիւթ ունենալով հայ գրականութիւնը, 14 Փետրուարէն սկսեալ, չորս շաբթուան վրայ երկարելով։
Բարռեսիա Գոլէքթիվը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Կիւլպէնկեան հիմնարկին նիւթաբարոյական աջակցութեան համար։