ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Հնարաւորութեան սահմաններուն ծանօթանալով ամենօրեայ հայ մամուլին, առանց խտրականութեան ու նախապաշարումի, ակամայ հարց կը ծագի, թէ ի սփիւռս աշխարհի ո՛վ է Հայ մարդը, ո՛րն են անոր իւրայատուկ, հաւաքական բնոյթը, ձգտումները եւ ինչու չէ՝ տեսլականը իր ներկայ եւ ապագայ կեցուածքի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ փառք ու պատուով ապրելու առումով՝ վերակառուցուելու բնազդը։ Ցաւօք, եղած հրատարակութիւնները մեծ մասամբ քաջալերական չըլլալով՝ աւելի կը մօտենան ցեխարձակումով իրար նկատմամբ ատելութեան, քան համախմբումի, որու մասին արտայայտուողները պակաս չեն։ Ի վերջոյ կը մնայ աներկբայ փաստ մը, որ արդի հայ հասարակութեան հիմնական յատկութիւնը պառակտումն է, որու հիմնական ակունքն է մասնաւորի շահն ու սեփական քսակը։ Այն կը պարուրէ հայատեաց զգացումներով, որ կը գտնենք երեք հիմնական կառոյցներու միջեւ՝ իշխանութիւն, եկեղեցի եւ իր կազմով տարաբնոյթ ընդդիմութիւն, որոնք կը հակադրուին իրար։ Պառակտումը դարձած է ազգային վարակ, ախտ, որոնց բուժման միջոցները անյայտ են, քանզի ազգային միակ ընդհանուր շահի գաղափարը փոխարինուած է զուտ մասնաւորի գերակայութեամբ։
Չեմ բացառեր, որ նման վիճակ գոյութիւն ունենայ այլուր, միայն թէ «մերն ուրիշ է», քանզի մեզ հայ կ՚ըսեն եւ մեր գլխէն կախուած Դամոկլեան սուրը ի դէմս մեր բորենի հարեւաններուն ըլլալ-չըլլալու փաստի առջեւ կը դնէ մեզ, որ ոմանք ընդունակ չեն գիտակցելու։
Մեր ինքնաքայքայման երեւոյթը նոր չէ եւ դարերու ընթացքին տարբեր առիթով ու ձեւով ներկայ եղած է մեր ազգային կեանքին։ Եթէ շատ հեռուները չերթանք, տեղին կը համարեմ յիշեցնել մի դրուագ 1923-ի Յուլիսին Լոզանի պայմանագրի հետ կապուած, ուր մեր խնդիրն էր քննարկուելու։ ՀՀ-ը մաս չի կազմեր այդ պայմանագրին, խորհրդային երկրի անդամ ըլլալու պատճառով, չնայած այն սերտօրէն կապուած էր մեր անցեալի թէ ընթացիկ վիճակի հետ՝ միջազգային իրաւունքներու բերումով։ Սփիւռքի հայկական հարցով զբաղուող քաղաքական գործիչները կը դիմեն ոմն պարոն Բօղիկեան մեծահարուստի, Լոզան երթալու մէկ անձի ծախսերը ստանձնելու համար։ Ան կը մերժէ՝ շեշտելով, թէ դոյզն վստահութիւն չունի հայ գործիչներու վրայ։ Ուրեմն կը պարզուի, որ իր ողջ հարստութիւնը կտակած է բազմաթիւ օտար բարեգործ ընկերութիւններու։
Հարիւր տարի անց, ի՞նչ է փոխուած երկրի եւ անոր բարօրութեան նկատմամբ մտայնութեան ոլորտին պատասխանատու եւ յանձնառու ըլլալու իմաստով։ Ոչ շատ բան, եւ տեղին չէ ծանրանալու անկախութենէն ի վեր երկրին տիրող լայնատարած թալանին, որու հետ, երբ ԱԺ֊ի պատգամաւորը. բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ իր քաղաքական խումբը իշխանութիւնը փողոցային պայքարով հեռացնելու ծրագիր ունի եւ այն փուլ առ փուլ պիտի գործարկուի։ Միեւնոյն ժամանակ այդ քաջարի վիժուածքը կոչ կ՚ընէ այլ դիմադիրներուն միանալ իր ծրագրին՝ հակառակ դէպքին խոստանալով, որ միեւնոյնն է իրենք իրենց առաքելութիւնը կը գործադրեն։ Նոյնը չէ՞ր մի քանի տարի առաջ վարչապետի աթոռ յաւակնող մի այլ տխմար՝ պարտիզանական շարժումի անցնելու կոչ կ՚ընէր, սեփական երկրի դէմ։
Ա՛յս է մեր քաղաքական գործիչներէն ոմանց կերպարը, աշխատանքի սկզբունքը եւ ընթացիկ գաղափարախօսութիւնը՝ քանդենք եւ տիրանանք։ Խօսքի մէջ քաջարի եւ խոստումնալից, պատրաստ էին Արցախը ազատագրել արեան գնով՝ ՀՀ փրկելու միտումով, բայց պէտք եղած ժամուն մատը մատին չտուին եւ այժմ կ՚ուզեն փողոցային պայքարով իշխանութեան գալ։
Մէկ այլ նմոյշ, որ թէպետ պառակտում չէ, նախկին Արցախի անվտանգութեան խորհրդի նախագահն է, իրաւամբ 90-ականներու պատերազմի ղեկավար մասնակից, յայտնի իր հերոսական արարքներով Սամուէլ Պապայեանի՝«Խաղաղութեան պայմանագրի» գաղափարին զգոյշ մօտեցումն է, գտնելով, որ այն թերի է, ճիշդ չի փաթեթաւորուած եւ ենթադրաբար կը մտածէ, թէ յետագային բարդութիւններ կարող են առաջանալ։ Անոր կարծիքով ազերի իմաստուն անձանց հետ շփուելով, հնարաւոր է բանակցիլ յառաջիկայ տարիներուն այլեւս իրար չբախել եւ խաղաղ մթնոլորտով՝ առաջ տանիլ եւ համոզել, այն հիմնական միտքը, որ Արցախը պարտադիր պիտի ըլլայ ինքնավար եւ բնակիչներու վերադարձը խաղաղութեան պայմաններուն։ Դժուար է հակադրուիլ այս մտքին, բայց այն կը մնայ ցանկութիւն, քանզի բացակայ է այն կարեւոր հանգամանքը, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ միջոցներով, երբ համաձայնութեան համար երկու համախոհ կողմ հարկաւոր է։
Աչքաթող չընենք հայ-ռուս յարաբերութիւններու միջեւ ծլած պառակտման հաւանականութիւնը, որ շատ կարեւոր է եւ կարող է աղէտի վերածուիլ։ Սան-Փեթերպուրկի համաժողովին ռուսները, զանց առնելով իրենց դաշնակցի պարտաւորութիւններու թերացումը Պաքուի աւերիչ գործունէութեանց միջամտելու, նշեցին որ պաշտօնական Երեւանը, գայթակղուելով արեւմուտքի մշուշոտ խոստումնալից համոզումներով, կը փորձէ ձեւակերպել իր արտաքին քաղաքական նոր ուղղութիւնը, որ տհաճ հետեւանքներ կարող է ունենալ։ Այդ պարզապէս սպառնալիք էր, եթէ ՀՀ-ը չի հրաժարուի փոխել արտաքին քաղաքական ուղին։ Անոր կը միանան նաեւ ՀՀ տեղաբաշխուած ռուսական ռազմակայանի վերաբերեալ թերի կարծիք ունեցող դատողութիւններու հրաժարում, այլ կերպ՝ այն կարող է վնասակար ըլլալ նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան տեսակէտէն։ Անցեալ 20-ականներուն թուրքերը յաջողեցան իրենց անկումը յետաձգել արեւմուտքի եւ ռուսերու շահերու բախումէն օգտուելով։ Այժմ մեր հերթն է, օրինակները ակնյայտ են եւ զգոյշ քայլելն ու խոհեմութիւնը կը դառնայ պարտադիր։
Սան Ռաֆայէլ