Շուրջ 30 եւ աւելի զինուած սադրիչներ 28 Դեկտեմբերին դիմակներով, մահաբեր եւ ոչ մահաբեր զէնքերով, ինչպէս նաեւ նեարդային համակարգի վրայ ազդող նիւթերով ու կազերով ներխուժած են «Կովերու պարտէզ» եւ սկսած են իրենց դաժան յարձակումը։ Ծանր վիրաւորում ստացած են քանի մը վարդապետներ, ժառանգաւոր սաներ, սարկաւագներ եւ հայ համայնքի անդամներ։
Երուսաղէմի Պատրիարքական աթոռը պատահարները կը նկարագրէ հետեւեալ յայտարարութեամբ։
«Ասիկա այն յանցաւոր պատասխանն է, որը մենք կը ստանանք Երուսաղէմի Շրջանային դատարան «Կովերու պարտէզ»ի վերաբերեալ հայց ներկայացնելէ յետոյ, որը պաշտօնապէս դատարանը ստացած է 24 ժամ առաջ։ Այսպիսին է աւստրիացի հրեայ գործարար Դանի Ռոթմանի (Ռուբինշթէյն) եւ Ճորճ Ուառվարի (Հադադ) արձագանգը իրաւական գործընթացներուն։
Հայոց Պատրիարքարանի գոյութիւնը այժմ ֆիզիքական սպառնալիքի իրողութեան առջեւ է։ Եպիսկոպոսները, վարդապետները, սարկաւագները, ժառանգաւոր սաները եւ հայ համայնքը տեղւոյն վրայ կը պայքարին իրենց կեանքի համար։ Մենք կոչ կ՛ընենք ամբողջ աշխարհի իշխանութիւններուն եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն օգնել՝ փրկելու Հայկական թաղամասը բռնի կործանումէ, որը տեղական աջակցութիւն կը ստանայ անանուն կազմակերպութիւններու կողմէ։
Մենք կոչ կ՛ընենք Իսրայէլի կառավարութեան եւ ոստիկանութեան հետաքննութիւն սկսիլ Դանի Ռոթմանի (Ռուբինշթէյն) եւ Ճորճ Ուառվարի (Հադադ) դէմ՝ Հայոց Պատրիարքարանի եւ հայ համայնքի վրայ անոնց շարունակական յանցաւոր յարձակումներ կազմակերպելու համար, յարձակումներ՝ որոնք կարծէք վերջ չունին։
Իսրայէլը օրէնքի, կարգ ու կանոնի երկիր է, եւ այսօրինակ յանցաւոր պահուածքը անհանդուրժելի է եւ չի կրնար մնալ անպատիժ»։
28 Դեկտեմբոր, 2023-ի դաժան յարձակումներէն անմիջապէս յետոյ սոցիալական կայքերու մէջ յայտնուեցան Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեանի լուսանկարները՝ կեղծ եւ զրպարտիչ գրութիւններով ու յայտարարութիւններով։
Հասկնալի է, որ Xana Gardens Ltd.-ի դէմ Երուսաղէմի Շրջանային դատարանի մէջ հայց ներկայացնելէ յետոյ հայցուող կողմը, դատական գործընթացին իրաւական ընթացակարգով պատասխանելու փոխարէն, նախընտրած է թիրախաւորել այնպիսի անձերու, ինչպիսին Գերաշնորհ Սրբազան Հայրն է, փորձելով արատաւորել եւ վարկաբեկել Սրբազան Հօր բարի անունն ու համբաւը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Եպիսկոպոսին վերագրելով չափազանց կեղծ յայտարարութիւններ։
Շուրջ վեց շաբաթ առաջ, Պրն. Դանի Ռոթման (Ռուբինշթէյն) ոստիկանութեան բողոք ներկայացուցած էր Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեանի դէմ՝ զրպարտչական նմանօրինակ մեղադրական յայտարարութիւններ ընելով։ Կորիւն Սրբազան դատական գործընթաց սկսած է իր բարի անունն ու համբաւը պաշտպանելու եւ այդ մեղադրանքներու կեղծ ըլլալն ապացուցելու համար։
«Գերաշնորհ Կորիւն Սրբազան այսօրուայ զրպարտչական նոր յայտարարութիւններէ յետոյ պաշտօնական բողոք կը ներկայացնէ ոստիկանութեան եւ դարձեալ օրինական ճանապարհով կը զբաղի իր անունն ու բարի համբաւը պաշտպանելու համար։
Հերթական այս կեղծ յայտարարութիւններն ու զրպարտութիւնները պարզապէս յերիւրանքներ են» ըսուած է Պատրիարքական դիւանի յայտարարութեան մէջ։