Այս Ամանորը կը դիմաւորենք Բեթղեհէմի աստղի շիջումով։ Հռոմի Փրանկիսկոս Պապը Սուրբ Ծննդեան առթիւ արտասանած պատգամով նշեց թէ այս գիշեր բոլորիս սրտերը Բեթղեհէմի տառապանքով կը տրոփէ։
Երբ քաղաքի մը խաղաղ բնակչութիւնը ընդմիշտ ու յարատեւ կ՚ապրի պատերազմի սարսափը, երբ իւրաքանչիւր օր աւելի քան 100 մանուկներ կը մահանան ռմբակոծումներու հետեւանքով, ո՞ր տրամադրութեամբ տօնածառ զարդարենք, ո՞ր խիղճով խրախճանքներ կազմակերպենք։
Նման տխուր պատկեր կը տիրէ երկրաշարժով աւերուած Անտիոքի եւ շրջակայ գաւառներու մէջ, ճիշդ ալ Սուրբ Ծննդեան տօնի օրերուն։ Հոն եւս մարդիկ տնազուրկ, ժամանակաւոր պատսպարաններու մէջ, երկրաշարժի զոհերու յիշատակը սրտին, թախիծով դիմաւորեցին Սուրբ Ծնունդը եւ հիմա ալ կը պատրաստուին Ամանորը նշելու։
Ինչ որ ըլլայ պայմանները, հեռուստակայանները Յունուար 1-ի առաջին լոյսը պիտի դիմաւորեն Նոր Զելանտիոյ մերձակայքէն եւ ժամ առ ժամ պիտի հետեւին նախորդ տարուայ վերջակէտին եւ պիտի դիմաւորեն եկող նոր տարին։
Այդ իսկ պատճառով Կաղանդի այս էջի վրայ չենք համարձակիր նախորդ տարիներու նման տօնածառի զարդերով էջադրութեան։ Անշուշտ պիտի օգտագործենք մանուկները ուրախացնելու առիթը, անշուշտ այս գիշեր մեր սեղանները սովորականէն աւելի ճոխ պիտի ըլլան, բայց ամէն մէկ ժպիտի պահուն, ամէն մէկ համտեսած պատառով պիտի բաժնենք ցաւն ու կսկիծը։ Հաստատ իրողութիւն է՝ վիշտը կիսելով կը նուազի, ուրախութիւնը կիսելով կ՚աճի։
Այսօր թէ վիշտը նուազեցնելու եւ թէ յոյսը վառ պահելու համար ամենաիմաստալից օրն է։
Շնորհաւոր Նոր Տարի։