Նախորդ երկուշաբթի ուրախութիւնը ունեցանք խմբագրատան մէջ վայելելու քաղաքիս Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի այցելութիւնը։ Սրբազան Զէքիեանին կ՚ընկերակցէին Հայր Աբրահամ Ֆրաթեան եւ Հայր Ծ. Վրդ Վարդան Գազանճեան։
Հիւրերը երկրի ու համայնքային անցուդարձերու շուրջ հաճելի զրոյց ունեցան «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի եւ հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի հետ։
Գերապայծառ Զէքիեան իր բարեմաղթանքները յայտնելով հրաժեշտ առաւ։