Միացեալ Նահանգներու Շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիան յայտարարեց հազարաւոր ֆիլմերու մէջէն 2024-ի «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան թեկնածութեան ֆիլմերու վերջընթեր ցանկը, որուն մէջէն պիտի ընտրուին «Օսքար»ի վերջնական թեկնածուները։
Անոնց մէջ են Հայաստանի կողմէ ներկայացուած ֆիլմը՝ բեմադրիչ Միքայէլ Ա. Կուրճեանի «Ամերիկացի»ն, «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» դասակարգին մէջ, իսկ վաւերագրական կարճ ֆիլմերու դասակարգին մէջ The Last Repair Shop («Վերջին Նորոգութեան Խանութը») ֆիլմը, որ պատմութիւնն է Լոս Անճելըսի մէջ երաժշտական գործիքներ նորոգող հայ վարպետներուն։