ԽՍՀՄ եւ ՀԽՍՀ ժողովրդական արդիստ, ԽՍՀՄ եւ ՀԽՍՀ պետական մրցանակներու դափնեկիր, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փրոֆէօսոր, ԽՍՀՄ «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» շքանշանակիր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալակիր, Մովսէս Խորենացու մետալակիր, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» մետալակիր, Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսի «Ոսկէ խաչ»ի, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանակիր, Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկէ շքանշանակիր, «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի շքանշանակիր, Հայաստանի ազգային հերոս, Յովհաննէս Չեքիճեանը 95 տարեկան է։ Այդ առթիւ Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է մայեստրոյի հետ։
ԶՐՈՒՑԵՑ՝ ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Սկսինք սկզբէն. Պոլիս. ամենատպաւորիչ յուշը
Ամենատպաւորիչ յուշը կապուած է հօրս ընկերներու հետ, որոնք եղած են Կոմիտասի սաները, ինչպէս նաեւ երգչախումբի անդամները։ Յաճախակի կը հաւաքուէին մեր տունը եւ կ՚երգէին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։ Գիտէ՞ք՝ Կոմիտաս Վարդապետը մեր տան հիւրը եղած է 14 գիշերով։
Պոլսոյ երաժշտանոցի տարիները
Գրեթէ ամէն ինչ կը յիշեմ։ Երիտասարդ տարիներս այնտեղ անցած են։ Դասախօսներս եւրոպացիներ էին։ Դասական երաժշտութենէ բացի ոչինչ կար Պոլսոյ երաժշտանոցի մէջ։ Լաւ ուսուցիչներ ունեցած եմ։ Ես իրենց լաւագոյն ուսանողներէն էի, եթէ ոչ ամենալաւը, որովհետեւ միշտ առաջադէմ եղած եմ, ու ինձ շատ սիրած են իմ դասախօսները (կը ժպտի):
Մայեստրօ, երաժշտութիւնը ծի՞նն է, թէ՞…
Հայրս (Յարութիւն Չեքիճեան) Կոմիտասի սաներէն եղած է։ Շատ երաժշտական մարդ էր. ջութակ կը նուագէր, իսկ մայրս (Պերճուհի Չեքիճեան)՝ դաշնամուր։ Տիւեթը անպակաս էր մեր տունէն։ Գիտէ՞ք՝ երաժշտութեան մէջ երանգներ կան, որ նօտաներու մէջ գրուած չեն։ Հնարաւոր չէ անոնք գրել։ Իմը Կոմիտասն է։ Ինչպէս արդէն ըսի՝ երբ փոքր էի մեր տունը յաճախակի Կոմիտաս կը հնչէր։ Մինչեւ հիմա կը յիշեմ։
Ձեր ուսուցիչը մասնագիտութեան մէջ
Իմ ուսուցիչը կը համարեմ Ժան Ֆուրնէին, ով եղած է Փարիզի օփերային թատրոնի գլխաւոր դիրիժորը։ Ան դասաւանդած է ինձ՝ սորվեցնելով այս գործի այսպէս ըսած խոհանոցը։ Հետաքրքիր սովորութիւն ունէր՝ թեւերը ծալած կը կանգնէր թրոմպոններու մօտ եւ համակ ուշադրութեամբ կը նայէր ու կը լսէր։ Մի օր, երբ չափ կու տայի, մօտեցաւ, ձեռքէս վերցուց ցուպը եւ ըսաւ. «Նայի՛ր, այս ֆրազան այսպէս ցոյց տուիր՝ այսպէս ստացար, այլ կերպ ցոյց տայիր՝ այլ կերպ կը ստանայիր»։ Այնպիսի բաներ սորվուած եմ Ֆուրնէէն, որ ոչ մի գրականութեան մէջ չես կարդար։ Ստեղծագործութիւնը այնպիսի խորութեամբ պիտի ուսումնասիրես, որ անոր համահեղինակը, մեկնաբանը դառնաս։ Նոտաները կողք կողքի շարելը ու կարդալը միայն երաժշտութիւն չէ, պիտի իմանաս՝ անոր խորքը ինչ կայ, պիտի հասկնաս՝ օրինակ քոմփոզիթորը, որ կենդանի չէ, ի՞նչ հոգեբանութեամբ գրած է տուեալ ստեղծագործութիւնը, որ աշխատես՝ այդ նոյն հոգեբանութիւնը տալ բեմը։ Իսկ սա հասարակ բան չէ։
1961 թուականին տեղափոխուեցաք Հայաստան։ Դժուար չէ՞ր Պոլսէ ետք խորհրդային կարգերու հետ առերեսուիլը
Շատ դժուար էր, որովհետեւ ամէն ինչ խորթ էր ինձ համար, ամէն ինչ քաղաքականացուած էր։ Ամենակարեւոր յանգամանքը այն էր, որ իմ ծննդավայրէն (Կ. Պոլիս) ոչ ոք այստեղ չէր գար. երկաթէ վարագոյր կար, անգամ թռչունը չէր անցներ։ Ես Մոսկուայի ճանապարհով եկայ. Մոսկուան ինծի կանչեց։ Այլապէս յոյսս կտրած էի, որ հայրենիք կը տեսնեմ։ Բայց նաեւ հեշտ չէր ռուսերու հետ. լեզու չգիտէի։ Մոսկուան մռայլ էր, այսօրուայ պէս չէր։ Բայց ինձ հրաւիրած էին Մոսկուայի համար, այլ ոչ Երեւանի: «Մոռցի՛ր Երեւանը».- կտրուկ ըսին։ Որքան ալ փորձեցին համոզել, մէկ է՝ չհամոզուեցի. հայրենիքը կը կանչէր։
Մայեստրօ, յաջողութիւնը
բարեբախտութի՞ւն է, թէ
աշխատանք սեփական անձի նկատմամբ
Աշխատանքը մեծ նշանակութիւն ունի։ Առանց աշխատանքի ոչ մի բանի չես հասնիր այս կեանքին։ Մեծ աշխատանք ունեցայ այս խումբի հետ։ Հեշտ չէր այդքան խոշոր երգացանկեր պատրաստել, լեզուներ սորվիլ։ Բայց ինձ յաջողուեց մի բան՝ այս խումբի միջոցաւ կարողացայ հայ ազգը ներկայացնել աշխարհին։ 873 համերգ ունեցած եմ հայրենիքէն դուրս, կը պատկերացնէ՞ք։ Աշխարհի հինգ լաւագոյն նուագախմբերէն մէկը ճանչցուած Եւկենի Մռավինսկու հռչակաւոր նուագախումբի հետ 40 համերգ տուած եմ, որմէ 37-ը՝ Լենինկրատի մէջ (Սանթ Փեթերսպուրկ), 3-ը՝ Ռիգա։ Ահա, այսպիսի բարեբախտութիւն ունեցած եմ, բայց գիտէ՞ք՝ հեշտ չէ, շատ աշխատանքի արդիւնք է։
Երբեւէ ունեցա՞ծ էք ցանկութիւն թողնել ամէն ինչ եւ զբաղիլ լրիւ այլ գործով. Եթէ այո, ապա՝…
Այդպիսի պահեր եղած են, հա։ Հայրս շատ երաժշտական մարդ էր, բայց չէր ուզեր, որ ես երաժիշտ դառնամ։ Ան բոլորովին ուրիշ բան կ՚առաջարկէր։ Հօրս խօսքը ծանր էր, անոր մերժել երբեք կարելի չէր։ Կ՚ուզէր, որ ես քիմիկոս դառնամ։ Անոր համար ինձ ուղարկեց Ֆրանսա։ Քանի որ ես հօրս առաջարկութիւնը չէի կրնար մերժել՝ այդ դիպլոմը ստացայ։ Դարձայ քիմիկոս-ինժեներ կաշուեգործութեան գիծով։ Երաժշտութեան հետ ոչ մի կապ չունէր։ Մինչ օրս երբեմն կը զղջամ, որ չգացի այդ ուղիով, այլ նախընտրեցի բեմը… (մի քանի վայրկեան խորհեց) չնայած բեմը իմն է։ Ճիշդ է դժուար էր, բայց ե՛ս պիտի ընէի այս գործը։
Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք երիտասարդ դիրիժորին, ով կու գայ ձեր հետքերով… կամ ի՞նչ չէք ըրած, որ կը ցանկանայիք ձեր ետեւէն գալողները ընեն։
Իմ ուսանողներուն միշտ սորվեցուցած եմ, որ ինձ չկապկեն։ Այսինքն, իմ շարժուձեւերը նոյնութեամբ չփորձեն կրկնել, մէկ է՝ չի ստացուիր։ Ես կը պատրաստեմ երաժիշտ, ոչ թէ չափ տուող։ Ամէն երաժիշտ չէ, որ կրնայ ցուպը ձեռքը առնէ։ Աս ալ այլ հարց է։ Միշտ ուզած եմ լաւ օրինակ դառնալ իմ ուսանողներուն համար։ Իմ ուսուցիչը՝ Ժան Ֆուրնեն կ՚ըսէր, որ դիրիժորի ձեռքերը վեցերորդական նշանակութիւն ունին, պիտի աչքերով հասկցնել՝ ինչ կ՚ուզես։ Խորհուրդս չկրկնօրինակել է, որովհետեւ այդ կապիկութիւն կ՚ըլլայ: Իսկ կրկնօրինակը անարժէք է։
Կա՞յ Հայաստան այնպիսի մի վայր, որտեղ կը սիրէք ըլլալ, երբ ցանկանաք մինակ մնալ
Ես երբեք չեմ ուզեր մինակ մնալ։ Երբ կինս մահացաւ, հասկցայ, որ մինակութիւնը դառն բան է։ Յատկապէս տղամարդը, որ մինակ պիտի ապրի, սոսկալի է։ Այնպէս որ՝ մինակութիւն չեմ սիրեր։ Լաւ բան չէ։
Ձեր պարգեւները ու կոչումները մեծաթիւ են…ո՞րոնք կը կարեւորէք ամենաշատ։
Ամենաշատ, ի հարկէ, կը կարեւորեմ «Հայաստանի ազգային հերոս»ի կոչումը։ Որովհետեւ անկէ բարձր կոչում չկայ մեր երկրի մէջ։ Բայց ես Հայաստանէն դուրս շատ կոչումներ ստացած եմ։ Այժմ աշխարհի միակ հայ մարդն եմ, որ ունիմ «ԽՍՀՄ ժողովրդական արթիստ»-ի կոչում։ Երկրորդը չկայ։ Սակայն թանկագինը ինձ համար, ԽՍՀՄ պետական մրցանակն է։
2017-ին արժանացաք հայ իրականութեան թերեւս ամենաբարձր կոչման՝
Հայաստանի ազգային հերոս էք։ Ի՞նչ փոխուեցաւ ձեր կեանքի մէջ անկէ ետք։
Ոչինչ չփոխուեցաւ։ Նոյն կեանքն է։ Չնայած՝ խոշոր պարգեւ է ինձ համար ու թանկագին զարդ։
Վերջին անգամ ե՞րբ եղած էք Պոլիս. Կը կարօտի՞ք Պոլիսը
Կը կարօտիմ, հա, ծովային օդը յատկապէս։ Մօտաւորապէս չորս տարի առաջ եղած եմ Պոլիս։ Բժիշկները իրաւացիօրէն կը նշեն՝ եթէ մարդ կ՚ապրի իր ծննդավայրէն դուրս, պէտք է առիթ փնտռէ՝ յաճախակի վերադառնայ։ Իսկապէս, ամէն անգամ, երբ ինքնաթիռէն կ՚իջնեմ ու կը շնչեմ Պոլսոյ ծովային օդը, ինձ շատ լաւ կը զգամ։
95-ամեայ Յովհաննէս Չեքիճեանը երազանք ունի՞
Ունիմ, ի հարկէ։ Այնպէս չէ, որ որպէս յանգած հրաբուխ՝ վերջն եմ։ Չէ, այդպէս չէ։ Հիմա կը տեսնէ՞ք՝ ձեր բոլոր հարցերուն սիրով կը պատասխանեմ (Կը ժպտի)։
Գիտէ՞ք՝ ամբողջ աշխարհին արուեստի մարդիկ ամենաքիչը կը վարձատրուին։ Ես կ՚ուզենայի, որ շատ ըլլար վարձատրութիւնը… կը ներէք անկեղծութեան համար։ Իսկ ամենախոշոր հարստութիւնը առողջութիւնն է։ Կ՚ուզենայի այսպիսի առողջութեամբ շարունակել եւս մի քանի տարի… Ձեր աղօթքով, ի հարկէ։
Վերջին ըլլալով՝ 95-ամեայ Յովհաննէս Չեքիճեանի ուղերձը այսօրուայ սերունդին՝ այդ թուին՝ ինձ։
Անվհատ, առանց հոգնելու աշխատիլ հայրենիքի համար։ Ես գիտեմ՝ ինչ կը նշանակէ հայրենիք չունենալ, հայրենիքէն հեռու ըլլալ։ Ու ինչպիսի ապրումներով ու ցանկութիւններով եկած եմ Հայաստան։ Իսկ այն մարդը, ով այստեղ ծնած է, կը ցանկանամ, որ այս հողի ու այս ջուրի արժէքը իմանայ, աշխատի բան մը աւելցնել մեր երկրին։ Եւ ընդհանրապէս, որպէս հայ մարդ՝ պիտանի ըլլայ Հայաստանին, մեր ազգին։