Աւարայրի դաշտի վրայ պատերազմ էր, ճանապարհին խցանում կար, նոյնիսկ զարթնեցուցիչը չի հնչեց եւ մենք ակամայ բացակայեցանք Քաղկեդոնի ժողովէն։ Բոլորը հոն էին, ճշդեցին, համաձայնեցան եւ յայտարարեցին Դեկտեմբերի 25-ը Յիսուս Մանուկի Ծննդեան օրը։
Այսպէսով Գրիգոր Լուսաւորիչի հիմնած եկեղեցին մնաց եզակի։ Մենք տակաւին երկու շաբաթներ ունինք հրաշափառ ծնունդը նշելու համար։ Այսօր գլխաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Բողոքական հաւատացեալներուն կու գանք շնորհաւորելու համայն քրիստոնէութեան Սուրբ Ծնունդի Տօնը։
«Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս»