Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան կայքէջի լրատուութեամբ երկուշաբթի, 18 Դեկտեմբեր, 2023-ին, Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ նշանակալից հանդիպում մը, որու ընթացքին Երուսաղէմի պատրիարքները եւ հոգեւոր պետերը, դեսպանները, գլխաւոր հիւպատոսները եւ դիւանագիտական առաքելութեանց ներկայացուցիչները հաւաքուած էին քննարկելու Կազայի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին, Երուսաղէմի մէջ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս Սուրբ Ծննդեան տօներուն վերաբերող հրատապ հարցեր։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ ժողովին ներկայ էր Դիւանապետ՝ Հոգեշնորհ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգչեան։
Ժողովը բացաւ Յունաց Ամենեապատիւ Տ. Թէոֆիլոս III Պատրիարք Սրբազան Հայրը յոյսի եւ հոգեւոր նշանակութեան պատգամով՝ վկայակոչելով Սուրբ Յովհաննէս Աւատերանչի խօսքը, ապա կոչ ուղղեց կողմերուն զինադադար հաստատել Կազայի մէջ։
Անհանգստութիւն յայտնելով Սուրբ Երկրի մէջ Քրիստոնեաներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու, յատկապէս հրեայ ծայրայեղական խումբերու համակարգուած յարձակումներու վերաբերեալ, հոգեւոր պետերը կոչ ըրին պահպանել Երուսաղէմի բազմամշակոյթ, բազմազգի եւ բազմակրօն կարգավիճակը եւ ընդգծեցին քրիստոնէական թաղամասերու ապահով եւ անկորուստ պահպանման կարեւորութիւնը։
Քննարկումի առանցքային կէտերէն էր Սուրբ Ծննդեան միասնական ուղերձի ձեւակերպումն ու հաստատումը։ Հոգեւոր պետերը խորհրդակցաբար ձեւակերպած են յոյս, խաղաղութիւն եւ հոգեւոր միասնութիւն արտայայտող ուղերձ մը՝ նպատակ ունենալով միասնականութիւն հաղորդել գալիք Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւններուն։
Հոգեւոր պետերը Իսրայէլի նախագահին միասին հանդիպելու կարեւոր որոշում առին, որուն նպատակն է լրջօրէն կրկնել Կազայի մէջ հրադադարի անյապաղ գործադրման իրենց խնդրանքը եւ փոթորկալից իրավիճակի այս պայմաններու տակ խաղաղութիւն վերահաստատել։
Հասկնալով Կազայի մէջ օրէցօր աճող քաղաքացիական զոհերու տխուր իրականութիւնը՝ հոգեւոր պետերը համաձայնեցան պահպանել փոխադարձ շնորհաւորական այցելութիւններու աւանդոյթը աւելի զուսպ եւ համեստ ձեւով։ Այս որոշումը կ’արտայայտէ քրիստոնէական եկեղեցիներու դիրքորոշումը. մեղմել տօնական միջոցառումները՝ սգալով բոլոր կորուստներու համար։
Մեծ ակնածանքով քննարկուեցաւ նաեւ Բերթղեհէմի մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւններու եւ հոգեւոր պետերու մեծահանդէս երթը հաւատացելաներու հետ միասին դէպի Սուրբ Ծննդեան տաճար։ Յատկանշական կէտը հագեւոր պետերու խնդրանքն էր Իսրայէլի կառավարութեանը՝ արտօնել հոգեւոր պետերուն եւ հոգեւորականներուն մուտքը Ռաքէլի գերեզմանի անցակէտէն, իսկ հաւատացեալ աշխարհականներու համար բանալ Իսրայէլի եւ Բեթղեհէմի անցակէտը (300 կոչուող դարպասը)։
Անդրադարձ եղաւ նաեւ եկեղեցապատկան գոյքի վրայ իսրայէլական կառավարութեան կողմէ անօրէն կերպով պահանջուող հարկերու հարցին։
Ի պատասխան՝ Յորդանանի, ԵՄ-ի, Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի դիւանագիտական ներկայացուցիչներն իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին։
Անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայոց Պատրիարքարանի՝ «Կովերու պարտէզ»-ին շուրջ տեղի ունեցող վերջին դէպքերուն։