Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճեմօղլուի տնտեսական տեսութիւնները մեծ ուշադրութեամբ կը քննարկուին ինչպէս ամբողջ աշխարհի, նաեւ Թուրքիոյ տնտեսա-քաղաքական շրջանակներու մէջ։ Աճեմօղլու իր պաշտօնակցին Սայմըն Ճանսընի հետ միասնաբար հեղինակած գիրքի թրքերէն հրատարակութեան առթիւ այցելած է քաղաքս։ Այս առթիւ խումբ մը լրագրողներ յատուկ հանդիպում մը ունեցանք, արժէքաւոր գիտնականին հետ եւ իր ելոյթը լսելէ ետք առիթ ունեցանք նաեւ զանազան հարցումներ ուղղելու։
Գիրքի բովանդակութիւնը հիմնականին կը քննարկէ արհեստական բանականութեան պարտադրած նոր մարտահրաւէրները։
Հեղինակները կը յայտնեն թէ արհեստական բանականութեան ընձեռած կարողութիւններէն կ՚օգտուին բռնակալ պետութիւնները եւ համաշխարհայնացած ընկերութիւնները։
Անոնք ընդհանրապէս ազատութիւնները եւ տեղեկութիւններու փոխանակումը սահմանափակելու կամ հսկելու համար կ՚օգտուին այս դրութենէն։
Սակայն վերջին հաշուով այս գիւտի շահագործման եղանակները մարդկութիւնն է, որ պիտի որոշէ։
Աճեմօղլուի համաձայն յոյսը անբաւարար է, բայց պէտք է լաւատես ըլլալ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ տնտեսական դրութեան։ Աճեմօղլուի համաձայն Թուրքիոյ տնտեսութիւնը վերականգնելու համար գնաճը վերացնելը բաւարար չէ։ Երկրի տնտեսութիւնը կարգաւորելու համար արդիւնաբերութիւնը կարեւորագոյն գործօնն է։
Մեր առաջին հարցումը եղաւ նուազագոյն աշխատավարձի մասին սակարկութիւնները, քանի որ այդ աշխատավարձը երկրի բնակչութեան համարեա կէսի միակ շահոյթն է։
«Այս նիւթին մէջ երկու խնդիր ունինք։ Առաջինը ընդհանուր հասոյթի բաշխման առումով նուազագոյն աշխատավարձքը շատ բարձր է։ Բայց շուկայի իրականութեան մէջ, այդ նոյն աշխատավարձը խիստ նուազ։ Պատճառը պարզ է՝ Թուրքիոյ մէջ ճարտարագիտական համակարգը արդիւնաբեր չէ։ Այս ալ իր կարգին պատճառներ ունի։ Քանի որ ճշգրիտ չէք շահագործեր արդի թեքնիկները, ներդրումներ չէք ըներ այդ դրութիւնները զարգացնելու համար, կրթական համակարգի թերացումներով չէք կրնար արժանի կերպով օգտուիլ մարդկային ուժէն»։