Այս երրորդ գրութեամբ կ՚ամբողջացնենք Բարռեսիա գոլէքթիւին «Յասմիկեան պտոյտներ» մրցանակը կրողներուն գրութիւնները հրապարակելը։ Նոյնպէս՝ այս գրութիւնով կ՚աւարտենք բարռեսիաբար սիւնակին երկշաբաթեայ մեր այս տարուան հրապարակումները։
Այս առիթով ընդունեցէք մեր Նոր տարուան եւ Սուրբ ծննդեան բարեմաղթութիւնները։ Կը յուսանք, որ 2024-ին դարձեալ կը միանանք իրարու մեր աշխատանքներով եւ ալ աւելի կը պեղենք մեր գանձերը՝ գրագէտներու, հնագէտներու, պատմաբաններու, արուեստաբաններու եւ ընկերաբաններու գործերուն ճամբով։ Անոնք, որոնք կը փափաքին հետեւիլ մեր աշխատանքներուն, թող գրեն parrhesiacollective@gmail.com հասցէին։ Մնացէ՚ք առողջ եւ ուրախ։
ԻԶԱՊԷԼ ՏԻՄՏԻՔ
Ես Իզապէլ Տիմտիք։ 10 տարեկան եմ։ Ս. Անարատ Յղութեան վարժարանի Ե դասարանի աշակերտ եմ։ Ընտանիքս Լիբանանէն Թուրքիոյ գաղթած է 2013 թուականին։ Իսկ ես Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքին մէջ ծնած եմ։ Մեծ մայրիկս, քոյրիկս եւ ազգականներս դեռ Լիբանան կ՚ապրին։ Մենք յաճախ այցելութեան կ՚երթանք մեր հողերուն՝ Լիբանան։ Վերջին մեր այցելութւինը 2 տարի առաջ էր, որովհետեւ քոյրս պիտի ամուսնանար։ Մայրս, հայրս եւ ես բոլոր պատրաստութիւնները ըրինք, առեւտուրները լմնցուցինք եւ օդանաւով ճամբայ ելանք։ Մէկուկէս ժամ տեւեց մեր ճամբորդութիւնը։
Իսկ 2018 թուականին «Մար Շարպել Եկեղեցի» գացինք մեծ քոյրիկիս եւ մայրիկիս հետ։ Ես 5 տարեկան էի, բայց շատ լաւ կը յիշեմ այն օրերը։ Մար Շարպելը սուրբ մըն է, որ ամէն տեսակ հրաշքներ ըրած է, այդ պատճառով հաւատացեալները այդ եկեղեցին կ՚այցելեն եւ մուրազ կ՚ուզեն։ Այդ շրջանին, միջոց մը դպրոց ալ գացի եւ Ս. Զատիկուան տօնը տօնեցինք խրախճանքով, որուն ես նապաստակ եղայ։
Տեառնընդդառաջ տօնին առիթով Պատարագ կը մատուցեն եւ Խորանին վրայի մոմէն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խարոյկ կը վառեն։ Խարոյկին չորս կողմը կը դառնան՝ «Հայր Մեր» աղօթելով եւ մուրազ ուզելով։
Լիբանանի մէջ հայ եկեղեցիները իրենց անուան տօնին առիթով պատարագ կ՚ընեն եւ մատաղ կ՚ընեն։ Մատաղը յետոյ հաւատացեալներուն կը բաժնեն։
Այս պտոյտները ինծի մեծ յուզում կը պատճառեն։ Երբ հոն կ՚երթամ այս տեղերը կը կարօտնամ։ Երբ հոս կը վերադառնամ այդ տեղերը կը կարօտնամ։ Այս յիշատակներս բնաւ պիտի չմոռնամ։ Պիտի մեծնամ զաւակ պիտի ունենամ եւ անոնց ալ պիտի պատմեմ։ Երանի թէ աչքս գոցէի եւ բանայի, պահ մը հոն, պահ մը հոս ըլլայի։
Բայց նախ եւ առաջ կ՝ուզեմ, որ ամբողջ աշխարհին համերաշխութիւն տիրէ։