ՄԱՐԱԼ ՏԻՆՔ
Հեռուստակայանները ոճրագործի ազատ արձակման լուրը կը սփռեն Սամսունի աւտոկայանի ոստիկանատան մէջ դրօշակ պարզելու նկարով։ Այդ տեսարանը նախապէս ալ տեսած էի, բայց միշտ ձայնը անջատելով։ Յիշողութեանս մէջ ձեռք մը կը շոյեր ոճրագործի քամակը։ Այս անգամ ձայնաւոր կը լսեմ։ «Սանկ ժպտայ լաւ մը։ Ապրի՛ս Օկիւն»։ Յետոյ ուրիշ ձայներ։ «Վեր, աւելի վեր բռնեցէք դրօշակը։ Կեցցէ՛» եւ այլն։ Յետոյ յետոյ կռնակին իջնող հարուածներ, փաթ, փաթ…։ Սա ի՞նչ է, արդեօք ատրճանակի՞ տրաքում։
Պատիժը յայտնի էր։ Թէեւ կը սպասէինք, բայց դուրս շպրտած էինք յիշողութենէն։ Թերեւս ալ այդ պատճառաւ յանկարծակիի զգացումը կ՚ապրինք։ Յետադարձ վերյիշեցինք՝ 19 Յունուար 2007, Հրանդ Տինք սպանուած։ Երբեք չեմ մոռնար 2006-ի վերջին օրերն էին։ Համալսարանի աւարտական դասարանն եմ։ Այդ օր ընկերուհիս քննութեան պահուն ընդօրինակութիւն մը ըրաւ եւ այդ յանցանքն ալ նկատուեցաւ ուսուցիչի կողմէ։ Ուսուցիչը զինք կանչեց ուսուցչանոց ու ես ալ չուզեցի առանձին թողուլ զինք։ Երկուքով կը սպասենք դրան առջեւ, ի վերջոյ ուսուցիչը եկաւ սենեակ եւ սկսաւ քննութեան պահուն ընդօրինակութեան որքան սխալ բան մը ըլլալուն մասին քարոզ ճառել։ Այդ միջոցին յանկարծ ինծի դարձաւ եւ ըսաւ հետեւեալը. «Եթէ կանոններուն չհնազանդիս Հրանդ Տինքի նման կը պատժուիս»։ Սենեակէն դուրս ելլելով իսկոյն հայրս փնտռած ու ըսած էի, որ պիտի լքեմ դպրոցը։ Քանի մը ամիս անց հօրեղբայրս սպաննեցին։ Այդ օր սենեակի մէջ եւ աւելի ետք ալ մեր բոլոր պատահական հանդիպումներուն միշտ խուսափեցանք իրարու աչքի մէջ նայելէ։ Բայց գիտցէք որ սիրելի ուսուցիչ երբեք դառնացած չեմ ձեզի։ Այդ օր ձեր ակնարկածը, իբրեւ թէ թրքութիւնը նախատած ըլլալու համար Հրանդ Տինքի դէմ վճռուած վեց ամսեայ բանտարկութեան պատիժն էր։ Գիտեմ որ շատ յուզուած էք։ Ձեր ուզածը այս չէր անշուշտ։ Դուք ալ չէիք ուզեր որ այսպէս աւարտէր։
Կրկնելը անիմաստ է։ Սապիհա Կէօքչենի մասին լուրը, յետոյ Կուսակալութեան հրաւէրը սպայակոյտի յայտարարութիւնը, յարուցուած դատեր, պետութեան ամենախոր խուցերէն սպրդելով, այդ դատավարութիւններուն փութացող մարդիկ, «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ բողոքի ցոյցեր…։
Դուք մեղաւոր չէք։ Ուրկէ պիտի գիտնայիք որ այսպէս պիտի ընդանայ։ Ամբողջ երկիր մը սուտի վրայ հիմնուած էր եւ պատմական իրողութիւնները ծամծմուած ու իբրեւ թէ պատմական իրողութիւն ըլլայ, սերտուած էր սերունդներուն։ Ես գիտեմ թէ այդ խօսքերը որո՞ւ թելադրանքով արտասանեցիք։ «Եթէ կանոններուն չհնազանդիս Հրանդի նման կը պատժուիս»։ Այդ բացայայտումը դատի թղթածրարներուն մէջէն դուրս ելաւ։ Ո՞վ սպաննեց Հրանդ Տինքը։ Շատ յստակ էր այդ պատասխանը, 100 տարեկան ոճրագործ մը։ Ոճրագործ մը՝ որ անվարան կը կրկնէ. «Այսօր ըլլայ նոյնը կ՚ընենք»։ Ոճրագործը հաւանաբար կրկին կը պատժուի։ Բայց ոճիրի պատուիրատուներն ալ կը պատժուի՞ն։ Այդ 100 տարեկան ոճրագործը դասագիրքերէն դուրս եկած ազատ ու համարձակ կը շրջի մեր միջեւ։ Ուրեմն հանգիստ չի կայ մեզի։ 2020-ի Սեպտեմբերին նոր փորձանքով մը փորձուեցանք։ 30 տարիէ ի վեր սպասող պատերազմը անգամ մը եւս դակեց մեր դուռը։ 44 օր տեւեց այդ պատերազմը եւ Հայաստանի հեռուստակայանը ամէն երեկոյ սեւ պաստառի վրայ սպիտակ տառերով ծանուցեց այդ օրուայ զոհերը։ Անունները յիշելս անկարելի է, բայց կը յիշեմ ծննդեան տարեթիւերը։ 2000-2001 պարտադիր զինուորական ծառայութեան համար զօրակոչուած սերունդ մը կը ոչնչանար մեր աչքերուն առջեւ։ Անոնցմէ մէկը ինկաւ իմ շատ մօտ բարեկամի սրտին։ Զինադադարի յայտարարուած օրը, իր մօր հետ զիրար գրկեցինք։ Վստահ էինք թէ պիտի յայտնաբերուի։ Շրջեցանք մայրաքաղաքի բոլոր դիարանները։ 50 օր ետք, ի վերջոյ եկաւ, բայց ինքնութիւնը ստուգելու համար կարիք զգացին DNA-ի քննութեան։ Մայրը օր մը ըսած էր. «Տղուս մարմինը այրած է, բայց ես նորեն ալ բախտաւոր կը սեպուիմ։ Միայն թեւ մը թաղողներ կան»։ Ծիծաղելի էր, երբ ձեռքին տորթ մը առած, որդւոյն տարեդարձի օրը կ՚երթայ դէպի Եռաբլուր։
Ահա այս է։ Եթէ պիտի խելագարինք, ահա այսպէս։ Ի՞նչ ըսեմ։ Այդ տարի դարձեալ հրաժարեցայ տօնածառ զարդարելէ։ Ապա անցաւ եւս երեք տարիներ։ Թէեւ պատերազմը աւարտած էր, բայց ոչ ոք պատկերացում մը ունէր արցախահայութիւն ապագայի մասին։ Վերսկսաւ աւելի քան ինը ամիսներ շարունակող շրջափակում մը։ Մանուկներ սնունդի, հիւանդներ դեղորայքի կարօտ մնացին։ Եւ մեզ մոլորածներուս համար յանկարծակի նոր հարուած մը…։
Եկուր շարունակութիւնը դուն պատմէ։ «Եթէ յանկարծ հարկադրուինք երթալու, 1915-ի օրինակով ճամբայ պիտի ելլենք։ Մեր նախնեաց մնան առանց գիտնալու թէ ո՞ւր կ՚երթանք։ Պիտի չգիտնայինք թէ դէպի ո՞ւր կ՚երթանք։ Ճանապարհը մեզ ո՞ւր կը տանի։ Պիտի զգայինք վիշտն ու սարսափը։ Այդպէս պիտի լքէինք մեր երկիրը»։ Անոնք գոնէ գիտէին թէ ո՞ւր պիտի երթան։ Դուն մի՛ նեղուիր։ Մենք մեր վիշտը շալկած կը քալենք մեր գողգոթան, առանց աղաղակելու։ Այլեւս գիտենք մեր աղաղակը լսելի ալ չէ շատ անգամ։
Շարունակեմ խօսքս տօնածառ։ Այս տարի վերջապէս որոշեցի հսկայ ծառ մը զարդարել։ Իւրաքանչիւր զարդ մը կը կպցնէի տօնածառին Կազայի մէջ մանուկ մը կը մահանար։ Ես աւարտեցի ծառը զարդարելու աշխատանքը, բայց Պաղէստինի ռմբակոծումները դեռ կը շարունակուին։ Ծառին վրայ տեղ չմնաց։ Այնպէս կը թուի թէ, այդ ճիւղերէն մանուկ մարմիններ կախուած են հիմա։ Մանուկ մերելներ։ Լուսաճաճանչ։ Հայր Մեր, այս տարի քու ծննդավայր Բեթղեհէմէն քանի՞ մանուկներու վրայ կրկին պիտի ծնիս։ Մեր ժամանակներուն փորձանքներէն մէկն է ընկերային ցանց կոչուածը։ Անխուսափելի է ձերբազատուիլ։ Հայր մը որդւոյն դիակը մէկ ձեռքին, միւս ձեռքով կը փորձէ ինքնանկար մը ստանալ։ «Սելֆի» կ՚ընէ, իբրեւ վերջին յիշատակ։ Տեսախցիկը աջ կը դարձնէ, ձախ կը դարձնէ, մինչեւ որ գտնէ իր ուզած դիրքը։ Այդ պահուն մերած երախայի գլուխը մէկ աջ կը թեքուի, մէկ ձախ։
Ուրիշ երախայ մը։ Ոսկորները բեկանուած, դէմքը արիւնլուայ, պատգարակի վրայ լաց ու կոծով մայրը կը կանչէ։ Տակաւին չէ գիտակցուած, որ թէ մայրը, թէ հայրը մահացած են։
Փլատակներու տակ մերկ ոտքեր կը տեսնեմ։ Փոքր ու մեծ։ Ես այս տողերը գրելու պահուն անոնք կը շարունակեն շատանալ։ Մերօրեայ ուրուականներն են։ Հազիւ մէկ մեթր հասակով, սպիտակ սաւաններու փաթաթուած կը վազեն մեր ետեւէն։ Կարելի չէ անցեալի ուրուականներէն փրկուիլ։ Արհեստական բանականութիւնը որ ստեղծեցին, յայտնի է թէ ազգէ ետք շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ փաստերը քօղարկել։
Յանկարծ զիս կը մշտէ «Վաղուայ Դէմքդ» անուն գիրքի հեղինակ Խաւիյէ Մարիաս։ «Մարդկանց իրենց սեփական յանցագործութիւնները մոռնալու ունակութիւնը անսահման է։ Դիւրաւ կը համոզուի թէ այնինչ որ ըրած է, ինք չէ մեղաւորը։ Շատերս մեծ վարպետութեամբ կը ճոխացնենք, կը հարստացնենք մեր ինքնակենսագրութիւնը»։
Մեր սերունդը թերեւս չգիտեր, Պաղէստինի հակամարտութիւնը 70 տարուայ անցեալ մը ունի եւ աւելին։ Մարդուս կարճատեւ կեանքին մէջ կարելի է երկու աշխարհամարտեր ապրիլ։ Մօտ 100 միլիոն զոհեր խլող երկու աշխարհամարտ։ Մեզ նման մարդկանց համար անհասկնալի հաշիւներով ոմանք նոր ռազմավարութիւններ կը ձեւաւորեն, նոր արշաւներ կը կազմակերպեն։ Վասն հողի, վասն դասակարգերու շահոյթին։ Մենք սարսափով կը հետեւինք։ Որքան որ հետեւինք, այնքան մեղաւոր ենք ու պատասխանատու։ Եթէ աւարտին հասնելու մօտ մտքիդ մէջ թթու համ մը պատճառեց այս գրութիւնը, մի՛ կարծեր որ բոլորովին ցնորած եմ։ Թէեւ այս կոչը ինծի չի վիճակի, բայց ընկերներէդ շատը բանտն են։ Մէկ մասը ստիպուած լքեցին երկիրը։ Այսպէս կը վարուին մեզի դէմ, լռեցուր, բանտարկէ կամ երկրէն հեռացուր։ Բայց ահա չենք վերջացած։ Այս ծանր ճնշումի տակ թերեւս մեր ուղեղներու որոշ մէկ հատուածը վնասուած ըլլան։ Բայց գիտցիր որ պայքարէն չենք դադրած։ Դուն ալ մեզմէ մի յուսահատուիր։ 19 Յունուարին անգամ մը եւս քու ինկած տեղդ պիտի ըլլանք, մեր արդարութեան պահանջը կրկնելու համար։ Արդար, հաւասար ու ազատ կեանքի մը պահանջը աղաղակելու համար։ Անիրաւուած, սպանուած, շիրիմը պղծուած բոլորին համար եւ քեզի համար։ Ինչպէս անցնող 17 տարիները, եթէ պէտք է յառաջիկայ 17 տարիներուն ալ դարձեալ հոս ենք, հոս պիտի մնանք։