ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
Գեղարուեստի հանդէպ մեծ հակում ունեցող երիտասարդ մըն է Ինան։ Ան կը հաւատայ որ արուեստը կ՚աճի նուիրումով։ Յանկարծակի զանգ մը կը ստանայ Մարտինէն։ Հայոց, ասորիներու եւ քիւրտերու ամենախոր կսկիծները եւ բառերու իսկ պարունակելէն խրտչած աքսորի ու տարագրութեան վիշտերը իր մէջ կուտակած Մարտինէն…։
Իտրիս Պալուքէնի Մարտին քաղաքի իւրաքանչիւր փողոցի վրայ անցեալի վկայութիւններով հիւսուած պատումներ մատուցող գիրքը ընթերցելով մենք բաժնեկից կ՚ըլլանք այդ վկայութիւններուն։ Կը շնչենք եօթնալեզու, եօթնակրօն քաղաքի մը մթնոլորտը։
Քաղաքի իւրայատուկ ճարտարապետութեան մէջ իրենց դրոշմը դրած ճակտեքրտինքը եւ հանճարը կը տեսնենք։ Կ՚անդրադառնանք որ հայ ժողովուրդին այս հողերէն շոգիանալով վերացումէն ետք ալ, շնորհիւ իրենց վաստակին, այդ ոգին նոյնութեամբ կը գոյատեւէ այս հողերու վրայ։
Հողը ապերախտ չէ մարդոց նման։ Ան գիտէ իր ծոցին մէջ հասակ առած ժողովուրդներու, հաւատքներու կամ մշակոյթներու արժանիքները պահել ու պահպանելու եղանակը։ «Կոտորած Հայելի» վէպը, այդ պահպանուածներուն վերստին տեսանելի դառնալու ապացոյցն է։
Հայերը յաջորդ սերունդներու փոխանցելու համար յիշողութիւն մը թաղած են այս հողերուն։ Կոտորածներով, ջարդերով փորձուած ժողովուրդ մը ստիպուած է փոխանցման այս եղանակը իմանալու։ Գաղտնիքները հողին փսփսալ կամ քարերուն փորագրել։
Նման փորձութիւն մը ունեցած են նաեւ ասորեցւոց նախնիները։ Պատմութեան ամենամութ էջերէն կը կարդանք գիւղերու քանդումները եւ գիւղացիներու վտառումը։ Ինան Մարտին գալով իրեն համար օտար նոր աշխարհի մը գիւտը կը կատարէ։ Այդ գիւտը ունի նաեւ անհատական բնոյթ։ Կը բացուի նաեւ իր անցեալին յատուկ բազում գաղտնիքներու ծրարը։ Եւ այս բոլորի մէջ Լինտայի կերպարը։ Լինտայի հետ ծանօթանալով Ինան կ՚ապրի յանկարծակի սիրահարութիւն կոչուած անդիմադրելի զգացումը։ Ան կը փորձէ արուեստի ճամբով գրաւել սիրահարուած կնոչ սիրտը։ Բայց Լինտա այդ սէրը նախապէս արդէն ապրած է եւ բնաւ նպատակ չունի մեռած սիրեցեալին յիշատակը վիրաւորելու։ Բնակչութիւնը վտարուած գիւղի մը անբնակ տուներու մէջ շրջելու պահուն Լինտան կը գտնէ կոտրուած հայելի մը։ Այդ հայելին կու տայ Ինանին եւ ապա երկուստէք կը սկսին մտածել։ Արդեօք ո՞ր մէկ ասորի պարմանուհի, այդ հայելիին մէջ գտաւ իր գեղեցկութիւնը։ Արդեօք ո՞ր հայ երիտասարդը իր պեխերը ձեւի դրաւ այդ հայելիին նայելով։
Այս շրջագայութեան ընթացքին, երբ Ինան կը պատրաստուէր իր զգացումները պարզելու Լինտայի հանդէպ, Լինտա յանկարծակիօրէն կանգնեցուց ինքնաշարժը եւ դուրս ելլելով ուղղուեցաւ դէպի բլուր երկարող արահետ մը։ Սա շիրիմի այցելութիւն մըն էր, ու Ինան տեսնելով Լինտայի շիրմաքարին փաթթուելու պատկերը, զգաց որ ոչ ինք, եւ ոչ ալ ոեւէ մէկը տեղ չունի եւ պիտի չունենայ Լինտայի սրտին մէջ։
Պալուքէնի այս վէպը ըմբոշխնելու համար նախ պէտք է ձերբազատուիլ բոլոր կանխակարծիքներէն։ Սա հեղինակի իմ կարդացած առաջին գործն է։ Ան բանտարկութեան վեց տարիներու ընթացքին գրի առաւ չորս գրական գործ, որոնց ընթերցման համար անհամբեր եմ մանաւանդ այս վէպը կարդալէ ետք։