«Արաս» հրատարակչատունը վերջին տարիներուն գործակցելով յունաց «Իսթոս» հրատարակչատան հետ, հաճելի աւանդութեան մը վերածած է Ամանորեայ նախօրէին կազմակերպել գիրքի տօնավաճառ։
Այս տարի «Արաս»ի եւ «Իսթոս»ի գիրքի տօնավաճառը կը հիւրընկալէ Մոտայի մշակոյթի կեդրոնը 16 եւ 17 Դեկտեմբեր թուականներուն 12.00-20.00 ժամերու միջեւ։ Այցելուները, թէ պիտի հետեւին զանազան միջոցառումներու եւ թէ առիթը պիտի ունենան զոյգ հրատարակչատուներու գիրքերը զեղչեալ գիներով ապահովելու։
Այսպէս 16 Դեկտեմբերին 14.00 եւ 15.30 ժամերու միջեւ Սիլվա Էօզյէրլի պիտի պատմէ լիքէօրի արտադրութեան մասին իր անհատական յուշերը։ 16.00 եւ 17.30 ժամերու միջեւ Էլիֆ Կիւլէզ, գաղթի ու գաղթականութեան ընթացքին մէջ 1980-ական տարեթիւերու մանկանց հոգեբանութեան մասին։ Օրը պիտի աւարտի «Իսթոս»ի երգչախումբի Ամանորեայ երգերու համերգով։
Յաջորդ օր 15.00-16.30 ժամերու միջեւ Պերքեն Տէօնէր պիտի մակագրէ իր վերջերս լոյս տեսած «Էօյլէ պիր Իսթանպուլ» անուն գիրքը։
17.00-18.00-ին Սոնկիւլ Էօտեն կ՚ընթերցէ «Մարիք» եւ «Վերջին Բաժակը»։
Օրը աւարտին կը հասնի սփիւռքի հայոց ձայնապնակներու հնչիւններով։