Թուրքիա վերջին օրերուս կը ցնցուի Անգարակիւճիւ ֆութպոլի ակումբի պետին դաշտի վրայ մրցավար մը ծեծելու նիւթով։
Ակումբի պետը չէր համաձայնած մրցավարի որոշումներուն եւ դաշտ իջնելով բռունցքով հարուածած էր ու զգետնած։ Վրայ հասած էին ակումբի պետի համբակները եւ անոք ալ աքացիներ արձակած գետին ինկած մրցավարի գլխուն։ Ներքին Գործոց Նախարարը կ՚ընդվզի այս պատահածին՝ ըսելով թէ «Թուրքիա արժանի չէ նման դէպքի մը»։
Մինչդեռ երկրի անցուդարձերու հարեւանցի ակնարկ մը իսկ կը վկայէ թէ պատահածը որքան բնական երեւոյթ մըն է։
Սակայն բռնութեան թագաւորութիւնը հետզհետէ համաշխարհային դարձած է։ 6 Հոկտեմբերէն այս կողմ Կազայի մէջ մահացող խաղաղ բնակիչներու թիւը շուտով կը հասնի 20 հազարի։ Այդ թիւի կէսէն աւելին կը կազմեն կանայք եւ երախաները։
Այդ յարձակումները կասեցնելու համար ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի միաձայն որոշումը չեղեալ համարուեցաւ ԱՄՆ-ի կողմէ։
Պայտըն անվարան յայտարարեց թէ մինչեւ վերջին ՀԱՄԱՍ-ականի չէզոքացումը պիտի զօրակցին Իսրայէլին։ Նոյնպէս Իսրայէլի ղեկավարներն ալ ուրանալու կարիք անգամ չեն զգար թէ այս կեղտոտ պատերազմի ընթացքին առատօրէն կ՚օգտագործեն միջազգային համաձայնութեամբ արգիլուած զէնքեր, յատկապէս ալ ֆոսֆորային ռումբեր։
Հիւսիս Ատլանտեան դաշինքի ծաւալապաշտ ռազմավարութեան հետեւանքով ծագած Ռուս- Ուկրաինական պատերազմը տակաւին չէ յանգած լուծումի մը եւ կը շարունակէ հետզհետէ աւելի նուազ ուշադրութեան արժանանալով։
Արցախի հարցը կտրուկ կերպով աւարտին հասաւ ազգային զտման քաղաքականութեան շնորհիւ։ Արցախահայութիւնը զրկուեցաւ իր բնօրրանէն։
Իւրաքանչիւրը հակամարդկային այս զարգացումներու մէջ որքան անիմաստ է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարար Ալի Երլիքայայի ափսոսանքը։ Հարցումը պէտք է շրջենք հետեւեալ կերպով՝ «Համաշխարհային մարդկութիւնը արժանի՞ է նման համայնապատկերի»։
Այո՛ ընդվզումի արժանի երեւոյթ մը կը տիրէ, որուն մէջ պատասխանատուութեան մեր բաժինը ունինք իւրաքանչիւրս։ Այն ինչ որ կը կատարուի մեր սխալ ընտրութիւններու հետեւանքն է։ Ուրեմն աւելի ճիշդ հարցումը պիտի ըլլայ. «Ինչպէ՞ս եղաւ որ այս աստիճան սխալեցանք»։