Պոլսահայ վարժարաններու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան հարցը կը շարունակէ առեղծուածային մնալ։ Արդարեւ 11 Դեկտեմբեր երկուշաբթի, Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի մէջ կայացող ԷՐՎԱՊ-ի ժողովին նիւթը անգամ մը եւս արծարծուեցաւ առանց յստակ լուծում մը գտնելու։
Ժողովի ընթացքին ԷՐՎԱՊ-ի կազմին մէջ ձեւաւորուած կրթութեան, երկրաշարժի եւ տնտեսական յանձնախումբերը, Թուրքիո Հայոց Պատրիարքը տեղեակ պահեցին իրենց աշխատութիւններէն։
Այսպէս յայտարարուեցաւ թէ շուրջ 1100 աշակերտներու ուսում առած դպրոցներու շէնքերը հաւանական երկրաշարժի մը դէմ անտոկուն են։ Առաջարկուեցաւ թէ մինչեւ որ այդ վարժարանները պատշաճ կերպով ամրացուի, այդ դպրոցներու ուսանողները իրենց ուսումը շարունակեն աւելի ամուր այլ դպրոցներու մէջ։
Այս ծիրէն ներս Պատրիարքը առաջարկեց որ յանձնախումբերը միշտ կապի մէջ մնան եւ տարին մէկ անգամ Պատրիարքարանի մէջ ժողով գումարեն։ ԷՐՎԱՊ-ի անդամները դրական արձագանգեցին Պատրիարք հօր այս առաջարկին։
Իսկապէս ալ հետաքրքրական երեւոյթ մըն է դպրոցի շէնքերու ամրութեան մասին այս տարակարծութիւնները, քանի որ անցեալ ժամանակի ընթացքին բոլոր թաղականութիւնները կամ խնամակալութիւնները անջատաբար կատարած են այս ստուգումները եւ անոնք խմբագրատունս կատարած այցելութիւններու պահուն կը հաւաստիացնեն թէ իրենց շէնքը ապահով է եւ դիմացկուն, որեւէ երկրաշարժի դէմ։