Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան համագործակցութեամբ շարք մը ծրագիրներով պիտի յիշատակուի Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի առ Տէր փոխման 850-ամեակը։
Այս շրջագիծով, 16 Դեկտեմբեր 2023, Շաբաթ, ժամը 16.00-ին, Պէյօղլուի Կաթողիկէ Հայոց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Խաղաղական Ժամերգութիւն եւ բանախօսութիւններ։ Հանդիսութեան պիտի նախագահէ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Պիտի բանախօսեն՝ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի՝ համաքրիստոնէական առանձնացող մեծութիւն, ռահվիրայ Եկեղեցիներու համամիութեան» նիւթով եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ՝ իր գրական վաստակով» նիւթով։
Հանդիսութիւնը պիտի գործադրուի հայերէնով եւ մուտքը ազատ է։ Կը նախատեսուի յատկապէս համայնքային մարմիններու, վարժարաններու, սանուց միութիւններու, մամլոյ եւ մերազն ժողովուրդի մասնակցութիւնը։