Հրանդ Տինքի ոճրագործ Օկիւն Սամասթ Տրապիզոնի Աքչաապատ գաւառի դատարանին դիմելով պահանջեց անունը փոխել։ Այս պահուն մեզի անծանօթ է թէ Սամասթ դատարանին ի՞նչ պատճառաբանութիւն ներկայացուց անունը փոխելու համար։
16 տարի 10 ամիս ազատազրկումէ ետք Սամասթ ազատ արձակուած, սակայն հակազդեցութիւններու դիմաց նոր մեղադրանքով մը կրկին ամբաստանուած էր։
Եթէ փաստացի կերպով տեղեակ չենք՝ բայց գոնէ կրնանք ենթադրութիւններ ընել՝ մանաւանդ նկատի ունենալով թէ բանտէն ազատ արձակուած պահուն իր ընտանիքէն ոչ ոք եկած էր զինք դիմաւորելու։
Վերջապէս այսքան չար համբաւ մը ապահոված անունը դժուար է կրել մանաւանդ, երբ ենթական կը տքնի այդ անունին առթած ճնշումին տակ։ Մի գուցէ ազգայնական շրջանակներու համար պատուաբեր այցեքարտ մը կրնայ ըլլալ Սամասթ ազգանունը, բայց կեանքի նոր ուղի մը ճշդել ցանկացողի համար շատ հասկնալի է այդ չար յիշատակէն ձերբազատուելու մարմաջը։