ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Դեկտեմբերի 1-ին Երեւան մեկնարկեց «Կողք կողքի» 4-րդ միջազգային ներառական երաժշտական փառատօնը։ Նշենք, որ փառատօնը կը մեկնարկէ առանձնայատուկ կարողութիւններ ունեցող երախաներուն եւ պատանիներուն նկարչական եւ ձեռագործ աշխատանքները ցուցահանդէսով։ Յ. Թումանեան թանգարանի «Ռոտոնդա» ներառական թատերախումբը հանդէս եկած է «Էսպէս չի մնայ» ըստ Յ. Թումանեանի/ ներկայացումով։ Տեղի ունեցած են համերգ եւ «Ամբրելա» ռուսաստանեան ներառական նախագծի յաղթող ճանչցուած հայ մասնակիցներու մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը։
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը հրաշալի եւ կարեւոր որակեց այն։ «Գալով «Կողք կողքի» փառատօնին՝ կ՚ուզենայի ողջունել անոր անունը՝ ոչ թէ դէմ դիմաց, այլ կողք կողքի։ Սա կը նշանակէ, որ հասարակութեան բոլոր շերտերով պէտք է կողք կողքի ըլլանք»,-ըսաւ փոխնախարարը։
«Կողք կողքի» 4-րդ միջազգային ներառական երաժշտական փառատօնի ղեկավար Նայիրա Սարգսեանի խօսքով. «Փառատօնը ընդգրկած է զարգացման տարբեր առանձնայատկութիւններով շուրջ 150 մասնակից։ Փառատօնի գլխաւոր նպատակն է բացայայտել, զարգացնել եւ նպաստել ներառական մտածողութիւնը հասարակութեան մէջ։ Այս տարի փառատօնը ընդգրկած է նաեւ թատերարուեստ եւ պարարուեստը, փառատօնի շրջանակին անցկացուելու են վարպետաց դասեր։ Հրաւիրուած են ֆրանսայէն, գերմանիայէն, ռուսաստանէն եւ վրաստանէն ներառականութեան ոլորտի բարձր մասնագիտական որակներ ունեցող մասնագէտներ»։
Իսկ Դեկտեմբերի 3-ին՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամբլեայի կողմէ հռչակուած Հաշմանդամներու միջազգային օրը, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադէմիական թատրոնին տեղի ունեցաւ «Կողք կողքի» 4-րդ միջազգային ներառական երաժշտական փառատօնի կալա համերգը։ Համերգին ներկայ էին ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը, պաշտօնատար անձինք, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դիւանագիտական առաքելութիւններ իրականացնող կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր։