Բարռեսիա գոլէքթիվը «Յասմիկեան պտոյտներ» խորագիրով արձակ գրութեան մրցանակ մը կազմակերպած էր՝ Յասմիկ Սուճեանի յիշատակին նուիրուած, նպատակ ունենալով քաջալերել աշակերտուհիներ գրական ոճով արտայայտուելու իրենց պտոյտներուն եւ այդ ընթացքին վայելած ապրումներուն մասին։
Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Կեդրոնական վարժարանէն, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն եւ Սամաթիա Անարատ Յղութիւն վարժարանէն աշակերտներ։
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ազգ. Կեդրոնական վարժարանէն ներս՝ ներկայութեամբ վարժարաններուն տնօրէններուն, ուսուցիչներու, աշակերտներու եւ ծնողներու։ Ներկայ էր նաեւ հանգուցեալ Յասմիկ Սուճեանին ամուսինը՝ Համբարձում Սուճեան։
Այլին Վարդանեան բացման խօսք արտասանեց, որմէ ետք, հեռակապով, Թալին Սուճեան հակիրճ կերպով խօսեցաւ «Յասմիկեան պտոյտներ»-ուն մտայղացման մասին։ Ան ըսաւ, որ իր մայրը՝ Յ. Սուճեանը, միշտ ալ խօսած էր բաւարար պտոյտներ կատարած չըլլալուն մասին՝ հակառակ, որ այդ մէկը այդքան ալ ճիշդ չէր։ Ան աւելցուց, որ միւս կողմէ իր գրելու հմտութիւնն ու սովորութիւնը կը պարտի իր մօր։ Այս իմաստով, գոլէքթիվը նպատակայարմար գտած էր Յասմիկ Սուճեանի յիշատակը վառ պահելու ճամբով արձակ գրութիւններու մրցանք մը կազմակերպել՝ պտոյտներու ընթացքին ապրուած յիշատակները ունենալով հիմնական թեմա։ Աւելին, Սուճեան ընդգծեց նաեւ, որ ներկայիս արեւմտահայերէնով գրելը դիմադրութեան արարք մըն է համակարգի մը մէջ, որ մշտապէս կ՚արժեզրկէ ատիկա։
Ուստի, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը եւ մասնակիցները ընթերցեցին իրենց գրութիւնները։
Խօսք արտասանեց նաեւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Սիլվա Գույումճեանը։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ յիշատակի խմբանկարով։
Բարռեսիա գոլէքթիվ շնորհակալութիւն կը յայտնէ մասնակիցներուն եւ անոնց ուսուցիչներուն, վերոնշեալ վարժարաններուն տնօրէններուն, Տիկ. Սիլվա Գոյումճեանին՝ հիւրընկալութեան համար, Ակօս թերթին՝ լաւագոյն երեք յօդուածները Բարռեսիաբար սիւնակին տակ տպելուն համար, ինչպէս նաեւ՝ Կիւլպէնկեան հիմնարկին, որուն դրամաշնորհով կարելի եղաւ իրականացնել «Յասմիկեան պտոյտները»։
Ստորեւ կը ներկայացնենք մասնակիցները՝ Նորա Տավուլճեան (մրցանակակիր), Լենա Սարըօղլու (մրցանակակիր), Իզապէլ Տիմտիք (մրցանակակիր), Տերեւ Թահշան, Տեսիլ Էրմէն, Արեգ Սիւզմէ եւ Առէն Գամառ։
Կը շնորհաւորենք մրցանակակիրները եւ բոլոր մասնակիցներուն կը մաղթենք յարատեւ վերելք՝ յուսալով, որ անոնք կը շարունակեն իրենց գրական ստեղծագործութիւնը, մանաւանդ արեւմտահայերէնով։