Արեւմտահայ Գրագէտներ նորատիպ օրացոյցի մը 12 էջերը

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Գրասե­­ղանիս վրայ կայ նոր լոյս տե­­սած գե­­ղատիպ օրա­­ցոյց մը. «Արեւմտա­­հայ Գրա­­գէտ­­ներ.

2024-ի օրա­­ցոյց՝ դի­­ման­­կարնե­­րով եւ գրե­­լու մա­­սին խո­­հերով»:

Այսպէս է խո­­րագ­­րո­­­ւած ան: Առա­­ջին հա­­յեաց­­քով անոր 12 փայ­­լուն էջե­­րը զիս փո­­խադ­­րե­­­ցին Պո­­լիս, երեք-չորս տաս­­նա­­­մեակ մը ետ, երբ քա­­ղաքս ալ ու­­նէր հայ­­կա­­­կան նիւ­­թե­­­րով օրա­­ցոյ­­ցեր հրա­­տարա­­կելու գե­­ղեցիկ աւան­­դոյթը: Այժմ պոլ­­սա­­­հայե­­րը կը բա­­ւարա­­րուին սե­­ղանի օրա­­ցոյ­­ցով մը: Այդ փոք­­րա­­­դիր օրա­­ցոյ­­ցի շնոր­­հիւ է որ հա­­մաքա­­ղաքա­­ցիներս գի­­տեն, թէ ե՛րբ են ազ­­գա­­­յին եւ կրօ­­նական տօ­­ները: Իսկ հի­­մա, ահա Ամե­­րիկա­­յի Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մէջ լոյս կը տես­­նէ մէկ այլ օգ­­տա­­­շատ օրա­­ցոյց մը, պա­­տի պատ­­կե­­­րազարդ օրա­­ցոյց, որ ու­­նի խիստ հայ­­կա­­­կան շունչ եւ կար­­ծես, թէ եկած է կա­­րեւոր բաց մը գո­­ցելու: Երբ կը պատ­­րաստո­­ւիմ զայն քիչ վերջ դա­­սարա­­նիս պա­­տին վրայ կա­­խելու, փա­­փաքե­­ցայ ներ­­կա­­­յաց­­նել անոր բա­­րեմաս­­նութիւննե­­րը եւ նե­­րածու­­թիւնը:

Օրա­­ցոյ­­ցը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ 12 հայ գրա­­գիտու­­հի:

Պատ­­րաստո­­ւած է երեք տա­­ղան­­դա­­­շատ հա­­յու­­հի­­­ներու կող­­մէ. Առա­­ջինը Մա­­րալ Ագ­­թոքմա­­քեանն է, պոլ­­սա­­­հայ գրա­­կանա­­գէտ, թարգմա­­նիչ եւ խմբա­­գիր: Երկրոր­­դը ամե­­րիկա­­հայ հե­­տազօ­­տող եւ թարգմա­­նիչ Թա­­մար Մա­­րի Պօ­­յաճեանն է, որ կը մաս­­նա­­­գիտա­­նայ միջ­­նա­­­դարեան գրա­­կանու­­թեան մէջ, ան ստո­­րագ­­րած է նաեւ ինքնա­­տիպ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ: Եր­­րորդը դար­­ձեալ ամե­­րիկա­­հայ, Ար­­փի հրա­­տարակ­­չա­­­տան հիմ­­նա­­­դիր, գե­­ղան­­կա­­­րիչ Ար­­փի Գրի­­գորեանն է: Ա. Գրի­­գորեանն է, որ գծագ­­րած է օրա­­ցոյ­­ցի մէջ յի­­շուած գրա­­գիտու­­հի­­­ներու ոճա­­ւորո­­ւած դի­­ման­­կարնե­­րը:

Օրա­­ցոյ­­ցի կող­­քի մէջ խմբագ­­րուհի­­ները բա­­ցատ­­րած են, թէ այս օրա­­ցոյ­­ցը ին­­չո՛ւ պատ­­րաստե­­ցին. «Այս օրա­­ցոյ­­ցը նո­­ւիրո­­ւած է Հայ գրող­­նե­­­րուն, որոնք կին էին եւ ճիշդ այս պատ­­ճա­­­ռաւ՝ գրա­­կան աս­­պա­­­րէզին մէջ, կա՛մ միայն պահ մը երե­­ւան եկան, կա՛մ ալ հա­­զիւ իրենց անու­­նը ձգե­­լէն ան­­մի­­­ջապէս վերջ ան­­հե­­­տացան մեր յի­­շողու­­թե­­­նէն…

2024-ին իւ­­րա­­­քան­­չիւր ամի­­սը գրո­­ղով մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք հայ­­կա­­­կան եւ հա­­մայն աշ­­խարհին, մաղ­­թե­­­լով ստեղ­­ծել հո­­գատար ու­­շադրու­­թիւն եւ ար­­դէն յա­­պաղած հե­­տաքրքրու­­թիւն մը մեր ինքնու­­թեան ու յի­­շողու­­թեան մէջ»:

Եւ, ապա օրա­­ցոյ­­ցի 12 էջե­­րը.

Յու­­նո­­­ւար

Սա­­հակ­­դուխտ (7րդ-8րդ դար)

Երա­­ժիշտ-բա­­նաս­­տեղծ Սա­­հակա­­դուխտը կը ներ­­կա­­­յանայ գե­­ղեցիկ դի­­ման­­կա­­­րով մը: Ան հա­­գած է մա­­նիշա­­կագոյն տա­­րազ եւ պսա­­կուած է մշտա­­դալար դափ­­նիով մը: Գառ­­նիի ձո­­րի մէջ կու­­սա­­­կան կեանք վա­­րած այս հա­­յու­­հին հմտա­­ցած էր երաժ­­տութեան եւ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ, ու­­նէր աշա­­կերտներ, կ՛ու­­սուցա­­նէր վա­­րագոյ­­րի ետեւ նստած: Հո­­գեւոր եր­­գեր, կցուրդներ եւ «քաղցրաեղա­­նակ» մե­­ղեդի­­ներ յօ­­րինած Սա­­հակի­­դուխտը օրա­­ցոյ­­ցի վրայ կը ներ­­կա­­­յանայ մե­­զի ծա­­նօթ իր միակ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեամբ՝ Աս­­տո­­­ւածա­­մօր ձօ­­նուած եր­­գի առա­­ջին քա­­ռեակով.

Սրբու­­հի Մա­­րիամ, անա­­պական տա­­ճար

Եւ կեն­­սա­­­տու էու­­թեան ծնող եւ մայր.

Օրհնեալ ես դու կա­­նանց մէջ,

Բերկրեալ տի­­րամայր եւ կոյս:

Փետ­­րո­­­ւար

Սրբու­­հի Տիս­­ւաբ (1840, Պո­­լիս - 1901, Պո­­լիս)

Գրող, բա­­նաս­­տեղծ, հրա­­պարա­­կախօս, հա­­սարա­­կական-ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան գոր­­ծիչ, հայ առա­­ջին վի­­պասա­­նու­­հի Ս. Տիւ­­սա­­­բը (ծնեալ՝ Վա­­հանեան) հե­­ղինակն էր երեք վի­­պակ­­նե­­­րու. «Մայ­­տա», «Սի­­րանոյշ» եւ «Արաք­­սիա կամ Վար­­ժուհին»: Նոր լե­­զուի՝ աշ­­խարհա­­բարի պաշտպա­­նու­­թեամբ հան­­դէս եկած Տիւ­­սա­­­բը լոյս ըն­­ծա­­­յած էր կա­­նանց հար­­ցե­­­րու նո­­ւիրուած շարք մը յօ­­դուած­­ներ, ինչպէս՝ «Կա­­նանց դաս­­տիարա­­կու­­թիւնը», «Քա­­նի մը խօսք կա­­նանց ան­­գործու­­թեան մա­­սին», «Կա­­նանց աշ­­խա­­­տու­­թեան սկիզ­­բը»: Տիւ­­սա­­­բը բո­­ղոքած էր կա­­նանց անա­­զատ վի­­ճակի դէմ, պա­­հան­­ջած էր ու­­սումի եւ աշ­­խա­­­տան­­քի իրա­­վունքը։ Այս գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան ցայ­­տուն ար­­տա­­­յայ­­տութիւնն է «Մայ­­տա» վէ­­պը:

Գրա­­գիտու­­հին օրա­­ցոյ­­ցի իր էջի վրայ կը ներ­­կա­­­յանայ սոյն վէ­­պէն առ­­նո­­­ւած մէջ­­բե­­­րու­­մով մը.

Դուն, Մայ­­տա, կը գան­­գա­­­տիս ըն­­կե­­­րու­­թեան անի­­րաւու­­թե­­­նէն. բայց ի՞նչ փոյթ քեզ երբ սիրտ մ'ու­­նիս սի­­րելու հա­­մար, միտք՝ խոր­­հե­­­լու, կամք՝ գոր­­ծե­­­լու. ազատ ես, գոր­­ծէ, եւ ով որ ազատ է եւ կը գոր­­ծէ, կա­­րեկ­­ցութեան տե­­ղի չի տար։ Դո՛ւն տէր ես գոր­­ծոցդ եւ բախ­­տիդ. անձնո­­ւիրու­­թիւն մ'ես արդ եւ ոչ թէ շուք, ձայն մ'ես եւ ոչ ար­­ձա­­­գանք. ար­­շա­­­լոյսն ես որ օրն կ'աւե­­տէ. ո՛չ, ափ­­սո­­­սալի չես»:

Մարտ

Զա­­պէլ Ասա­­տուր, (1863, Պո­­լիս - 1934, Պո­­լիս)

Զ. Ասա­­տու­­րը բո­­լորիս յայտնի է իր գրա­­գէտ ամուսնոյն՝ Հրանդ Ասա­­տու­­րի աշ­­խա­­­տակ­­ցութեամբ հրա­­տարա­­կած հա­­յերէն քե­­րակա­­նու­­թեան եւ ըն­­թերցա­­նու­­թեան դա­­սագրքե­­րու շար­­քով, որ կը կո­­չուէր «Թան­­գա­­­րան»: (Այս յօ­­դուա­­ծի գրողն ալ Պոլ­­սոյ Մխի­­թարեան վար­­ժա­­­րանի մէջ հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան ծա­­նօթա­­ցած է «Թան­­գա­­­րան»ներ կար­­դա­­­լով): Պոլ­­սոյ հայ դպրոց­­նե­­­րու, մաս­­նա­­­ւորա­­բար Եսա­­յեան վար­­ժա­­­րանի (18 տա­­րի) հա­­յերէն լե­­զուի թան­­կա­­­գին ու­­սուցչու­­հի Զ. Ասա­­տու­­րը օրա­­ցոյ­­ցի վրայ հան­­դէս կու գայ «Հայ լե­­զուին» քեր­­թո­­­ւածով.

Դո՛ւն առա­­ջին վանկ շրթունքիս, առա­­ջին վանկ իմ հոգ­­ւոյս,

Նախ­­կի՛ն հնչիւն իմ ման­­կա­­­կան լե­­զուիս հեզ,

Որով լա­­ցի ու եր­­գե­­­ցի միշտ յու­­զումներս, իղձս ու յոյս,

Իմ մայ­­րե­­­նի քաղցրի՛կ լե­­զուս, ող­­ջո՜յն քեզ:

Ապ­­րիլ

Զա­­պէլ Եսա­­յեան (1878, Պո­­լիս - 1943

Սի­­պերիա)

Ազ­­գա­­­յին-հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ, ըստ Ար­­շակ

Չօ­­պանեանի՝ «հա­­յոց մե­­ծագոյն գրա­­գիտու­­հի» Զա­­պէլ Եսա­­յեանը, որ իր ամ­­բողջ կեան­­քի մէջ, մին­­չեւ Պա­­քուի բան­­տի մէջ գրած նա­­մակ­­նե­­­րը, եղաւ տո­­կուն եւ ցոյց տո­­ւաւ խի­­զախ կե­­ցուածք: Ան օրա­­ցոյ­­ցի մէջ կը ներ­­կա­­­յանայ բո­­ցաշունչ խօս­­քե­­­րով.

«Ես պի­­տի հե­­տապնդեմ իմ երազս ամէն ճա­­նապարհնե­­րու վրայ եւ հո­­գիս պի­­տի ստա­­նայ իր ազա­­տու­­թիւնը։ Կ՚ու­­զեմ իմ յոյսս եւ հա­­ւատքս ներշնչել ամե­­նուն, առա­­տաձեռն սեր­­մա­­­նել ամե­­նու­­րեք, կ՚ու­­զեմ ըսել ոչ թէ աք­­սո­­­րի ըն­­կերներ, այլ դառ­­նանք պայ­­քա­­­րի ըն­­կերներ ու միասին փնտռենք ներշնչման մա­­քուր եւ հա­­րազատ աղ­­բիւրնե­­րը»

Մա­­յիս

Հե­­րանոյշ Ար­­շա­­­կեան (1887, Պո­­լիս - 1905, Պո­­լիս)

Վա­­ղամե­­ռիկ բա­­նաս­­տեղծու­­հի, որուն թախ­­ծութեամբ լի քեր­­թո­­­ւած­­նե­­­րը տեղ գտած էին մեր դա­­սագիր­­քե­­­րու մէջ: Անոր գրա­­կան վաս­­տա­­­կը ամ­­փո­­­փուած կը յա­­ւեր­­ժա­­­նայ՝ 1909ին Պոլ­­սոյ եւ 1956ին Երե­­ւանի մէջ լոյս տե­­սած ժո­­ղովա­­ծու­­նե­­­րու դալ­­կա­­­հար էջե­­րու մէջ: Երի­­տասար­­դուհի Ար­­շա­­­կեանը օրա­­ցոյ­­ցի վրայ յի­­շուած է յու­­զիչ քեր­­թո­­­ւածով մը.

Չեմ կրնար գան­­գա­­­տիլ

Ո՜հ, հա­­ռաչ մը մի­­նակ

Դուրս հա­­նել ծաղ­­կա­­­տի

Չոր կուրծքէս աւե­­րակ:

Օր մ՛ալ կը կոր­­սո­­­ւիմ,

Անա­­նո՜ւն, ան­­քերթո­­ւած:

Յու­­նիս

Մալ­­վի­­­նէ Վա­­լիտէեան (ա.տ, ա.թ)

Կեն­­սագրա­­կան տո­­ւեալ­­նե­­­րը կը բա­­ցակա­­յին

Մալ­­վի­­­նէ Վա­­լիտէեանի: Ան ըն­­թերցո­­ղին ծա­­նօթ է քնա­­րական բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու իր ժո­­ղովա­­ծուով՝ «Հո­­գիիս եր­­գե­­­րը» (1935, Պո­­լիս): Օրա­­ցոյ­­ցի մէջ բա­­նաս­­տեղծու­­հին կը ներ­­կա­­­յանայ հե­­տեւեալ խօս­­քով.

Եթէ եր­­բեք չես լա­­ցած,

Եթէ երգդ ար­­ցունքնե­­րով,

Գա­­լարու­­մով չես շի­­նած,

Բա­­նաս­­տեղծ, լռէ՛:

Յու­­լիս

Նեւ­­րիկ Սե­­պու­­հեան (ա.տ, ա.թ.)

«Ամուսնա­­կան յար­­կին եր­­ջանկու­­թիւնը» գոր­­ծի հե­­ղինակ Նեվ­­րիկ Սե­­պու­­հեանը օրա­­ցոյ­­ցի մէջ հան­­դէս կու գայ զօ­­րաւոր կնոջ իր պատ­­կե­­­րացու­­մով. «Խոր­­հող կի­­նը, այո՛, մի­­միայն զայն կը պաշ­­տեմ ես, իմաս­­տուն, Անա­­հիտեան իր դի­­ցական գե­­ղին մէջ, վասնզի, իրա­­ւա՛մբ, տար­­բեր գե­­ղեցիկն է ան իր նման­­նե­­­րէն, եւ անոր ու­­ժեղ ձայ­­նը պի­­տի եր­­թայ հնչել մին­­չեւ ապա­­գան»,

1937:

Օգոս­­տոս

Ատ­­րի­­­նէ Տատ­­րեան (1913/1915, Չո­­րում - 2002, Նիս)

Սի­­պիլի աշա­­կեր­­տուհի, Վիեն­­նա­­­յի եւ Պեր­­լի­­­նի հա­­մալ­­սա­­­րանե­­րու ու­­սա­­­նողու­­հի, Պոլ­­սոյ Արա­­մեան-Ունճեան վար­­ժա­­­րանի ու­­սուցչու­­հի Ատ­­րի­­­նէ Տատ­­րեանը «Պար­­տէզ» ման­­կա­­­պատա­­նեկան հան­­դէ­­­սի հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րէն մէկն էր: Ան հե­­ղինակն էր բազ­­մա­­­թիւ պատ­­մո­­­ւածքնե­­րու, քեր­­թուած­­նե­­­րու, հէ­­քեաթ­­նե­­­րու, վէ­­պերու, ինչպէս նաեւ՝ ման­­կա­­­կան թա­­տերա­­խաղե­­րու եւ դա­­սագիր­­քե­­­րու: Ա. Տատ­­րեանը օրա­­ցոյ­­ցի մէջ կար­­ծես, թէ կը խօ­­սի իր նկա­­րագ­­րի մա­­սին. «Կը կար­­դամ, կը գրեմ… Կը սի­­րեմ առանձնու­­թիւնը»,

Մայ­­թե­­­րուն վրայ, 1955:

Սեպ­­տեմբեր

Իր­­մա Աճէ­­մեան (1936, Պո­­լիս - 1990, Փա­­րիզ)

Էսաեան Վար­­ժա­­­րանի շրջա­­նաւարտ, Պոլ­­սոյ հա­­մալ­­սա­­­րանի ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան եւ հո­­գեբա­­նական ճիւ­­ղե­­­րու ու­­սա­­­նող, ապա օրո­­ւան թեր­­թե­­­րուն, յատ­­կա­­­պէս «Մար­­մա­­­րա» օրա­­թեր­­թի աշ­­խա­­­տակից, ու­­սուցչու­­հի, Գա­­տըգիւ­­ղի Արա­­մեան-Ունճեան վար­­ժա­­­րանի տնօ­­րէնու­­հի Իր­­մա Աճէ­­մեանը օրա­­ցոյ­­ցի մէջ յի­­շուած է 1971ին գրի առած «Տալ Միայն» բա­­նաս­­տեղծու­­թեամբ.

Տալ տալ միայն, գրել, պատ­­ռել էջե­­րը

Լե­­րան ծո­­ցէն ամ­­պին իշ­­խել, չընկրկիլ,

Լե­­ցուիլ սի­­րով, նո­­ւիրու­­մով սրբա­­նալ

Տալ տալ եր­­կար, գրել, պատ­­ռել էջե­­րը

Հոկ­­տեմբեր

Վե­­հանոյշ Թէ­­քէեան (1948, Պէյ­­րութ)

Լի­­բանա­­նահայ, այժմ Ամե­­րիկաբ­­նակ Վ.

Թէ­­քէեանը բա­­նաս­­տեղծ է եւ ար­­ձա­­­կագիր։ Ան թղթա­­կիցն էր «Գա­­րուն», «Սո­­վետա­­կան գրա­­կանու­­թիւն», եւ սփիւռքի շարք մը պար­­բե­­­րական­­նե­­­րու, աշ­­խա­­­տակ­­ցած է Բեյ­­րութի «Սփիւռք» եւ «Բա­­գին» հան­­դէսնե­­րուն, հայ­­կա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու մէջ դա­­սաւան­­դած է լե­­զու եւ գրա­­կանու­­թիւն: Օրա­­ցոյ­­ցի մէջ ան ու­­նի լա­­կոնիկ ոճով ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւած, ինքնա­­տիպ եւ խոր միտք մը. «Շնոր­­հա­­­կալ եմ որ զգու­­շա­­­ցու­­ցիր թէ հայ­­րե­­­նիքը Սփիւռքա­­հայ գրո­­ղի մը հո­­գիին լոյ­­սով եւ մու­­թով օծուն էջե­­րուն հրո­­ւան­­դանն է»:

Նո­­յեմ­­բեր

Մա­­րուշ Երա­­մեան (1955, Հա­­լէպ)

«Ու­­րո­­­ւագիծ Սփիւռքա­­հայ Բա­­նաս­­տեղծու­­թեան

1965-1995» գրա­­կան-ու­­սումնա­­սիրա­­կան աշ­­խա­­­տու­­թեան, ինչպէս նաեւ թեր­­թո­­­ղական վեց գրքոյկնե­­րու եւ պատ­­մո­­­ւածքնե­­րու եր­­կու հա­­տոր­­նե­­­րու հե­­ղինակ, «Բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն» պար­­բե­­­րագիր­­քի, «Մաշ­­տոց» մա­­տենա­­շարի խմբա­­գիր Մա­­րու­­շի բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րը նո­­րաբոյր են եւ ար­­դիական: Վա­­հէ Օշա­­կանը ակ­­նարկե­­լով Մ. Երա­­մեանի գրա­­կանու­­թիւնը, ըսած է. «Թարմ հով մը կը փչէ Սու­­րիոյ աւազ­­նե­­­րուն վրա­­յէն…»: Երա­­մեանը օրա­­ցոյ­­ցի մէջ կը ներ­­կա­­­յանայ որ­­պէս ար­­դիական բա­­նաս­­տեղծու­­հի.

… Բա­­ռը լռեց.

Ինչ որ եղած է

կը շա­­րու­­նա­­­կէ շքե­­ղու­­թեան մը մէջ ան­­տես

ան­­գուշա­­կելի

եւ կ՛ըլ­­լանք-ի վեր­­ջոյ-մէկ միասին

բա­­ռին հետ

որուն էինք սկիզ­­բէն

Դեկ­­տեմբեր

Թա­­մար Մա­­րի Պօ­­յաճեան (1981, Մաունթըն Վիու)

Օրա­­ցոյ­­ցի վեր­­ջին էջի վրայ ներ­­կա­­­յացո­­ւած է օրա­­ցոյ­­ցի խմբա­­գիր­­նե­­­րէն Թա­­մար Մ. Պօ­­յաճեանը: Ամե­­րիկա­­հայ այս ար­­ձա­­­կագիր եւ բա­­նաս­­տեղծի հե­­տաքրքրու­­թեան նիւ­­թերն են հայ­­կա­­­կան ապա­­գայա­­պաշ­­տութիւ­­նը եւ արեւմտա­­հայե­­րէնի տե­­ղը անոր մէջ, վտան­­գո­­­ւած լե­­զու­­ներ, թարգմա­­նական հար­­ցեր, ինչպէս նաեւ հայ­­կա­­­կան միջ­­նա­­­դարեան գրա­­կանու­­թիւնը:

Դեկ­­տեմբե­­րի էջը ան պսա­­կած է կա­­նանց նո­­ւիրո­­ւած ինքնա­­տիպ միտ­­քով մը. «Եւ այ­­սօր պի­­տի այս կի­­ներուն մա­­սին կար­­դայ: Որ գիր­­քե­­­րուն մէջ չեն գրո­­ւած: … Եւ պի­­տի գրէ միշտ խոր­­հե­­­լով որ ո՞վ է գրո­­ղը: Եւ պի­­տի գրէ խոր­­հե­­­լով որ ին­­չո՞ւ կը գրէ»:

«Արեւմտա­­հայ գրա­­գէտ­­ներ» օրա­­ցոյ­­ցը իր իւ­­րա­­­յատուկ միտ­­քով, գե­­ղագի­­տական ճա­­շակով, ինչպէս նաեւ 12 էջե­­րը զար­­դա­­­րող գե­­ղան­­կարնե­­րով թան­­կա­­­գին նո­­ւէր մըն է հայ կի­­ներու եւ հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան հա­­մար: Կաս­­կած չու­­նինք, թէ ան 2024ին պի­­տի զար­­դա­­­րէ հայ­­կա­­­կան բազ­­մա­­­թիւ տու­­նե­­­րու, հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ինչպէս նաեւ դա­­սարան­­նե­­­րու պա­­տերը:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ