ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Երեք ցամաքամասերու վրայ, Եւրոպայի արեւելեան հատուածէն հիւսիսային Ափրիկէ, Ասիոյ Արեւմտեան ծայրամաս մինչեւ ծաւալող Օսմանեան Կայսրութիւնը փուլ եկաւ հազիւ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին։ Գաղութատիրական այդ կայսրութիւնը իրերայաջորդ կերպով կորսնցուց գրաւած տարածքները։ Ժողովուրդներ գոյացած առիթները, յատկապէս ալ Ա. Աշխարհամարտի ալեկոծումները շահագործելով փշրեցին ստրկութեան շղթաները եւ ներկայացան իրենց ազգային պետականութիւնով։ Այդ ժողովուրդներու համար պայծառ յաղթանակ նշանակող այս զարգացումները սարսափելի կորուստ էին Օսմանեան Պետութեան համար։
Անցնող 100 տարիներու ընթացքին Օսմանեան Կայսրութեան բնական ժառանգորդ Թուրքիոյ հանրապետութեան քաղաքական միտքին համար տակաւին չէ մարսուած այս կորուստը։ Անոնք տակաւին այդ երկիրներու մասին խօսելու պահուն կը գործածեն պապենական յիշատակ երկիրներ ասոյթը։
Այսքան աղմկահարոյց կործանում մը բնականաբար պիտի ունենար վերլուծման արժանի բազում նիւթեր։ Այդ նիւթերուն կարեւոր մէկ մասը պետութեան պաշտօնական բացատրութեամբ ներկայացած են հասարակութեան լայն զանգուածի մը։
Վերջերս բոլորովին նոր մեկնաբանութիւնով կրկին կը շարադրուի այդ պատմութիւնը, մանաւանդ ալ ցարդ անտեսուած խնդիրներով։
Իրաւ ալ որոշ պատկերացում մը ունինք Օսմանեան Կայսրութեան փլուզումէն ետք յայտնուող անկախ պետութիւններու մասին։ Բայց անդին կան ժողովուրդներ, որոնք զանազան պատճառներով չեն կրցած օգտուիլ գոյացած առիթէն, որու հետեւանքով նկատի ալ չեն առնուիր։
Այս պահուն մեր սեղանին դրուած է Շապան Իպայի խիստ շահեկան ուսումնասիրութիւնը, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ այդ ժողովուրդներէն հայերը եւ քիւրտերը։ «Սահմանադրութենէն մինչեւ Մոնտրոսի դաշինքը հայերը եւ քիւրտերը»։ Այս է Շապան Իպայի գիրքի խորագիրը, ուր ան կ՚ուսումնասիրէ Համիտեան շրջանը, ներառելով այդ ժամանակահատուածի զանազան զարգացումները։ Այստեղ թէ ընդհանուր նկարագրականը կը տեսնենք Կարմիր Սուլթան կոչումով ծանօթ Համիտի եւ թէ իր պաշտօնավարութեան շրջանին զանազան զարգացումներուն։ Կը տեսնենք հայկական հարցի ձեւաւորման մանրամասնութիւնները։ Հայոց դիմադրութեան փորձերը եւ անոնց յաջորդող կոտորածները պատմական ճշգրտութեամբ կը ներկայացուի ընթերցողին։
Գիրքը ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան անկման, այլ գլխաւորութեամբ Միացեալ Թագաւորութեան համաշխարհային կայսերապաշտութեան ալ գործելու եղանակի մասին խիստ շահեկան գիտելիքներ կը փոխանցէ։
Այստեղ կը տեսնենք հայ ժողովուրդի կարեւոր սխալը, որ ծնունդ կ՚առնէր միասնական գաղափարախօսութեան մը բացակայութենէն։ երբ երկրի արեւելեան նահանգներու մէջ գիւղացին կը ձգտէր քրտական յարձակումներու դէմ ինքնապաշտպանութեան, անդին Պոլսոյ մէջ քաղաքական գործիչները իրենց առջեւ նպատակ դրած էին կայսրութիւնը փրկել համարեա անխուսափելի կործանումէ մը։ Անոնք չէին ունեցած անկախ պետականութեան մը տեսլականը, եւ հայ ժողովուրդի ապագան կը գտնէին Օսմանեան Կայսրութեան անսասանութեան մէջ։ Մինչ անդին այդ պետութեան ժառանգորդները արդէն տեսած էին կայսրութեան վախճանը եւ լծուեցան այդ աւերակի վրայ կառուցել ազգային պետութիւնը։
Քիւրտեր, իբրեւ կայսրութեան ամենայետամնաց տարրերէն մէկը, եւս անտեսեցին գոյացած առիթը եւ շահագործուեցան թուրք ազգային պետութեան հիմնադիրներու կողմէ։ Թղթատելով Շապան Իպային 386 էջանի ուսումնասիրութիւնը, ընթերցողին գիտակցութեան առջեւ շատ յստակ կերպով կը պարզուի ժամանակի առիթները օգտագործողներու ձեռքբերումը եւ առիթը զանց առնողներուն ալ զրկանքները։
«Ֆաւորի» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսնող այս գիրքը կրնայ գոհացում պատճառել տուեալ ժամանակաշրջանի զարգացումներու նկատմամբ հետաքրքիր ընթերցողներու լայն շրջանակի մը։
Շապան Իպա ծնած է 1948-ին, Կեսարիոյ Տեւելի գաւառը։ Տակաւին լիսէի աշակերտ էր, երբ մասնակցեցաւ յեղափոխական պայքարին։ Ան ամբողջ կեանքի ընթացքին աշխատակցեցաւ համայնավար կուսակցութիւններու։ 12 Մարտ 1971-ի եւ 12 Սեպտեմբեր 1980-ի զինուորական կառավարութիւններու օրով բանտարկուեցաւ եւ կեանքի 11 տարիները անցուց ճաղերու ետին։ Ան հեղինակ է 11 հատորներու, որոնց բոլորն ալ պատմական վկայութիւններ են եւ ընդհանրապէս ալ ընդվզում մը սուտ ու կեղծիքի վրայ հիւսուած պաշտօնական տեսութեան դէմ։