Ինչպէս նախապէս ալ հաղորդած էինք Հրանդ Տինքի ոճրագործ Օկիւն Սամասթ 16 տարի, 10 ամիս բանտարկութենէ յետոյ շաբաթներ առաջ ազատ արձակուած էր Պոլուի արգելանոցէն։
Այդ ազատ արձակումէն երկու օր վերջ նոր դատ մը յարուցուեցաւ իր դէմ։ Ան այս անգամ կը մեղադրուէր զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ չըլլալով հանդերձ, այդ կազմակերպութեան համար յանցանք գործելով։ Ապա դատական ատեանները որոշեցին այս հարցաքննութիւնը միացնել նոյն մեղադրանքով 11 ամբաստանեալներու դատուած եւ արդէն շարունակուող դատավարութեան հետ։
6 Դեկտեմբերին կը սպասուէր թէ Օկիւն Սամասթ ներկայ պիտի գտնուի Չաղլայանի 14-րդ Եղեռնադատ ատեանի սրահին մէջ կայանալիք դատավարութեան։ Սակայն շուտով պարզուեցաւ թէ Սամասթ դատական նիստին պիտի մասնակցի Տրապիզոնի Աքչաապատ գաւառի դատարանէն տեսալսողական կապով։
Դատական նիստի ընթացքին Սամասթի իրաւապաշտպանները պատճառաբանելով ժամանակի անբաւարարութիւնը պահանջեցին, որ դատական նիստը յետաձգուի աւելի ուշ թուականի մը։
Խնդրի էական կիզակէտը կը շարունակէ մնալ այս ոճիրի պատուիրատուներու բացայայտման վրայ։ Յայտնի է որ այս նոր իրաւական գործընթացն ալ դատապարտուած է ոճիրի պատուիրատուները յայտնաբերելու առումով ապարդիւն մնալու։
Դատարանի միակ ձեռքբերումը պիտի ըլլայ այս ոճիրը ֆեթուլլահականներու վերագրելը։