Քիւրտ լրագրող Ապտուրրահման Կէօք սոյն տարուայ Ապրիլ ամսուն 127 այլ անուններու հետ բերման ենթարկուած ու ապա ձերբակալուած էր։ Ան կը մեղադրուէր ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւնով։ Մեղադրանք մը՝ որ յաճախ կ՚ուղղուի կառավարութեան համար անբաղձալի բոլոր լրագրողներուն։ Տիյարպէքիրի բանտէն դուրս ելլալու պահուն զինք դիմաւորողներուն ըսաւ հետեւեալը. «Ամենաշատ իրողութենէն է որ կը վախնան։ Իրողութիւնը իրենց վերջը պիտի բերէ»։
Այս արտայայտութիւնը իր իմաստը կը գտնէ 2017 թուի 21 Մարտին գործուած ոճիրով մը։ Այդ օր Տիյարպէքիրի մէջ Նեվրուզ կը տօնուէր եւ ոստիկանները Նեվրուզի հրապարակին վրայ սպաննած էին 22 ամեայ համալսարանական մը՝ երաժշտանոցի ուսանող Քեմալ Քուրքութը։ Տիյարպէքիրի կուսակալը իսկոյն յայտարարեց թէ ոստիկանները չէզոքացուցած են մահապարտ մը, որ կը պատրաստուէր ինքզինք պայթեցնել բազմութեան մէջ։ Շատ կարճատեւ եղաւ կուսակալի այս սուտը, քանի որ Ապտուրրահման Կէօք յստակօրէն լուսանկարած էր ոճիրի պահը։ Այնտեղ կը տեսնուէր թէ ոստիկաններու զինք սպաննած պահուն մէջքէն վեր մերկ էր։ Այդ իրողութիւնը յայտնաբերելը բաւական փորձանքաբեր եղաւ Ապտուլրահման Կէօքի համար։ Ան թէեւ իր այդ լուսանկարով նուաճեց Մեթին Կէօքթեփէյի անուան ֆօթօժուրնալիզմի մրցանակը եւ մի շարք այլ պարգեւներ, բայց նոյն պահուն արժանացաւ նաեւ ոստիկանութեան եւ առհասարակ պետութեան նշաւակին։ Այս դէպքէն ետք ան բազում անգամներ բերման ենթարկուեցաւ եւ ձերբակալուեցաւ։ Դատուեցաւ նոյն անհիմն մեղադրանքով եւ բազում անգամներ անարդար պատիժներու մատնուեցաւ։Հետզհետէ հերթական դարձած այդ պատիժներու վերջինը 8 ամիսներու ազատազրկումն էր։
Երեւոյթը ազատ լրագրողութեան բնական հետեւանքն է։ Ինչ լաւ է որ բռնակալ պետութեան ճնշող ուժը անզօր կը մնայ Ապտուրրահման Կէօքի նման ուխտաւոր լրագրողներու դիմաց, քանի որ ան առանց վարանումի պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, որ ինչպէս ըսած է բանտէն դուրս գալու պահուն. «Ամենաշատ իրողութենէն կը վախնան եւ իրողութիւնը իրենց վերջը պիտի բերէ»։