Հայ-թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէտը պատրաստ է շահագործման։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն։ «Հայկական կողմը կ՚ակնկալէ թուրքական կողմէ եւս դրական ազդակներ ստանալ երրորդ երկրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցողներու համար սահմանը բանալու վերաբերեալ», նշեց նախարարութիւնը։
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, առանց այլ մանրամասնութիւններ տալու՝ ըսաւ, որ այս պահուն Երեւանի եւ Անգարայի յատուկ ներկայացուցիչներու հաւանական հանդիպման մասին քննարկում չկայ։
Հայ-թրքական յարաբերութեան կարգաւորման հարցի յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ մինչեւ հիմա ունեցած են պաշտօնական չորս հանդիպումներ, վերջինը շուրջ մէկուկէս տարի առաջ՝ Վիեննայի մէջ։ Այդ հանդիպումին կողմերը պայմանաւորուած էին բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ամենէն սեղմ ժամկէտներու մէջ։ Իրականացման գծով, սակայն, յառաջընթաց չկայ։