ԼԵՆԱ ՍԱՐԸՕՂԼՈՒ
Աչքերս բացեր եմ թռչուններու այդ քաղցր ձայնով…
Ճիք… Ճիք… Ճիք…
Ահաւասիկ, ըսի, գարունը եկեր է, իսկ ամառը՝ ճամբայ ելած...։
Ճիք… Ճիք…
Ձմեռները առաւօտուն անկողինէս չէի կրնար ելլել։ Իսկ հիմա շուտով ելայ պատուհանը բացի, որպէսզի աւելի բարձր լսեմ թռչուններուն գեղեցիկ ձայնը։ Սենեակէն ներս հրաւիրեցի արեգակը, ամբողջ սիրտովս զգացի տաքութիւնը։ «Բարե՜ւ» ըսի այս գեղեցիկ օրուան։
Քանի որ օդը այսքան լաւ էր, որոշեցի կղզի երթալ ընկերներուս մօտ։ Քանի մը կարճ հեռաձայնի խօսակցութենէ ետք սկսայ պատրաստուիլ։ Հագուեցայ ամէնէն սիրած փէշս այս գեղեցիկ օրուան համար։ Թերեւս գիրք ալ պիտի առնէի քովս. բայց որո՞ւ պիտի խաբէի... Անշուշտ պիտի չկարենայի կարդալ։ Ծովը պիտի դիտէի ու թերեւս ալ ոտանաւորներ պիտի գրէի…
Մինչեւ կայանը բաւական ճամբայ կար Քուրթուլուշէն։ Հոգ չէր։ Այս բաց օդին քալելը ամբողջ ձմրան ընթացքին երեւակայած էի։ Քամին կը փչէր ու երեսս թեթեւ մը դպչելով կ՚անցնէր։ Օդը ուրախութիւն կը հոտէր։ Հաւանաբար ամէն մարդ ասդին անդին գացած էր։ Ես եւ կատուները կը պտըտէինք Քուրթուլուշի մերկ փողոցներուն միջեւ։ Ես ալ կ՚երթայի հիմա, առանձին պիտի մնային։ Չկրցայ որոշել թէ լա՞ւ էր առանձնութիւնը հանգստանալու համար... Մեղմ տխրութիւն մը պիտի զգայի՞ն…
Գլխուս մէջ այս խորհուրդներով նստայ հանրաշարժ դէպի Քապաթաշ, քովս՝ տարիքոտ կին մը, որ խիստ աչքերով կը նայէր դիմացը։ Հոգ ըրի, որ ինչ կար հոն. ես ալ նայեցայ... Ճիշդ դիմացը մարդ մը, աչք աչքի եկայ անոր հետ։ Գլուխը վար իջեցնելով քաշեց աչքերը։ Հասկցայ, որ բան մը կ՚ըլլար, բայց ի՞նչ կ՚ ըլլար։ Քովս դառնալով հարցուցի։
— Բա՞ն մը եղաւ արդեօք։
— Հարկա՜ւ եղաւ։ Հանրաշարժ նստելէդ ի վէր գէշ աչքերով կը նայի ոտքերուդ։ Չնշմարեցի՞ր։ Ես անհանգիստ եղայ քու անունիդ։ Անկիրթ… Այդ քովի կիներն ալ կը դիտէին քեզի, կարճ է եղեր փէշդ։ Անոնց ուղեղները կարճ են։
Ես չէի նշմարած։ Չէի ուզեր ալ նշմարել այսպիսի դէպք մը, որովհետեւ ես ալ անհանգիստ պիտի ըլլայի, գէշ պիտի զգայի ինքզինքս։ Ոչ թէ պիտի զղջայի թէ ինչո՛ւ հագուեր էի այդ կարճ փէշը, այլ պիտի յուզուէի՝ տեսնելով, թէ որքա՜ն կարճ էին անոնց ուղեղները։ Բայց ո՛չ, պիտի զսպեմ ինքզինքս, որ չխանգարուի հոգեվիճակս ուրիշներու տկարութեան երեսէն...
Օդը տաք է, արեւը ճիշդ մէջտեղն է ու ես ալ կղզի կ՚երթամ։ Բաւարար է...
Շնորհակալութիւն յայտնեցի կնոջ ու ան ալ ինծի փոկեղէն հրամցուց։ Անծանօթներուն հետ լաւ յարաբերւթիւն ունենալ շատ կ՚ուրախացնէ զիս։ Խօսիլ զանազան մարդոց հետ ու բաներ մը սորվիլ անոնցմէ, անոնց մասին։ Այս պատճառաւ է, որ ես կ՚ախորժիմ առանձին ճամբորդութիւն ընելէ։ Մայրս երբեմն կը ջղայնանայ ինծի, միշտ ուշադիր ըլլալս կը յանձնարարէ օտարներու հետ խօսելու ատեն։ Իրաւունք ունի անշուշտ, բայց արդէն ի՞նչ է որ ըրածս։ Հոգ կ՚ընեմ անոնց պատմութիւնները, երբեմն ինքս գուշակութիւններ կ՚ ընեմ։ Բայց խօսելով սորվիլ իրենց մասին... Այդ կը նախընտրեմ։
Ահաւասիկ հասած եմ Քապաթաշ։ Յայտնի է, որ շուրջս հայ ընտանիքներով լեցուն է, կը հասկնամ անուններէն ու դէմքերէն անշուշտ։ Հայ մը կը ճանչնայ հայը։ Հանդարտ քայլերով նստայ շոքենաւ։
40 վայրկեանի մը չափ առանձին պիտի մնայի ծովուն հետ...։ Կզղիին մէջ թերեւս կը ծանօթանայի ուրիշներուն հետ ալ… Հիմա ծովուն պատմութեան ժամանակն էր...
Գընալը Կղզին…
Ամառուան տաք օրերու ջերմ միջավայրով Գընալը Կղզին…
Ընկերներս դիմաւորեցին զիս ու սկսայ յիշատակներուս էջ մը եւս աւելցնելու...