Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ընտրութեան համար 12 Մարտ 2023-ին կայացած ընտրութիւններ չեղեալ համարուեցան։
Ընտրութիւնները շատ սահմանափակ տարածքի մը մէջ կատարելու որոշումին դէմ բողոքներու պատճառաւ Ընտրութեան Կարգադիր Յանձնախումբը հրաժարած եւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնն ալ նոր յանձնախումբ մը պաշտօնակոչած էր։ Այդ յանձնախումբի կազմակերպած ընտրութենէն յաղթանակով դուրս եկաւ Աքսել Թոփալեանի գլխաւորած ցանկը։
Այս զարգացումի դիմաց նախկին ատենապետ Սիմոն Չեքեմ դատարան դիմելով պահանջած էր ընտրութեան չեղեալ համարումը։ Չեքեմ դատ բացած էր Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան դէմ։
29 Նոյեմբերին հրապարակուեցաւ Հիմնական Իրաւարար Ատեանի համառօտ որոշումը։
Այսպէս որոշուած է կատարուած ընտրութեան չեղեալ համարումը։ Այլ մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին պատճառաբանութիւնները ընդգրկող որոշմնագրի մէջ։
Թաղականութեան նախկին ատենապետ Սիմոն Չեքեմ «Ակօս»ին յայտնեց թէ նպատակ չունի անգամ մը եւս իր թեկնածութիւնը առաջադրելու։ «Ապօրէն որոշում մը կար, որուն դիմաց դատարանը տեղին վճիռ արձակած է։ Ընտրութիւնները պիտի կրկնուին։ Նոր թեկնածուներ կը ներկայանան եւ վերջապէս համայնքի կամքը կը կատարուի։ Ես թեկնածու պիտի չըլլամ։ այս դատը բացինք անօրինութիւնը կանխելու համար։ Պատճառաբանեալ որոշմնագիրի հրապարակումէն ետք ամէն ինչ պարլ պիտի դառնայ» ըսաւ Սիմոն Չեքեմ։
Միւս կողմէն գործող թաղականութիւնն ալ հաստատեց դատական վճիռը եւ յայտնեց թէ իրենք եւս պիտի սպասեն պատճառաբանեալ որոշմնագրի հրապարակումը։ Հազիւ անկէ ետք է, որ այս նիւթի մասին բովանդակալից յայտարարութիւնը մը պիտի կատարեն։ «Թաղական խորհուրդը ընտրուած օրուայ եռանդով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը» կ՚ըսեն թաղական խորհուրդի շրջանակները։
Այս զարգացումներու հիման վրայ կ՚ենթադրուի թէ նախ իրեն դէմ դատ յարուցուած Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը առարկէ այս վճիռին եւ նիւթը փոխանցէ վերին ատեաններուն։ Այդ ընթացքի մէջ դատական գործողութիւնը կը մտնէ երկարատեւ հունի մը։ Հետեւաբար մօտ ապագային նոր ընտրութեան մը հաւանականութիւնը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի։