ԿԻՒՎԷՆ ՊԱՅԱՐ
Ողջունենք յեղափոխականները եւ սկսինք պատմել։ Չէ որ Ֆաթսան մերն է, հայով ու յոյնով։ Ռեշատիյէ փողոցի վրայ փոքրիկ եկեղեցին հայոց աղօթատեղին էր։ Չեմ կրցած ճշդել դպրոցի վայրը։ Դանիէլը կը յիշէ իր մեծ մօր «Հայերէն գրելն ալ, ուտ նուագելն ալ դպրոցը սորված եմ» ըսելը։ Յովակիմ Յովակիմեանի 1967-ին Պէյրութ լոյս տեսած «Պատմութիւն Հայկական Փոնթոս»ի գիրքի Ֆաթսայի յատկացուած բաժինը առաջին անգամ ըլլալով թրքերէնով լոյս տեսաւ։ Այդ աղբիւրէն կը տեղեկանանք թէ քաղաքի 36,964 բնակիչներէն 2404-ը յոյն, 897-ուղղափառ եւ 298 բողոքական հայեր էին մնացեալը առհասարակ թուրքեր։
Քաղաքէն դէպի արեւելք կէս ժամուայ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի յունաց Այա Կոնստանդին Վանքը, որ ուխտավայր էր նաեւ։
Համշէնահայերը բաւական վաղ շրջանին եկած են Ֆաթսա։ Եկեղեցւոյ յուշագրութիւնը կը վկայէ թէ ան պաշտամունքի բացուած է 1 Յուլիս 1809 թուականին Յովհան օղլու Յովհաննէս Պէկի եւ Ֆաթսայի համայնքի ջանքերով։
Յովհաննէս Պէկ նախապէս գնած էր եկեղեցւոյ շրջակայքի ընդարձակ տարածքը։ Սուրբ Աստուածածին տաճարի շինութենէն ետք այդ տարածքը մաս առ մաս վարձակալելով եկեղեցիին հասոյթն ալ ապահոված եղաւ։ Ֆաթսացիներ 1870-ին տիրացան քարաշէն եկեղեցիին։ 1850-ականներուն Ֆաթսայի մէջ միայն ինը տուն հայութիւն կար, որոնք եկած էին Իւնյէ եւ Նիքսար գաւառներէն։
1890-ականներուն երբ կը հասնինք հայերու թիւը հասած է 50 ընտանիքի։ Անոնց մէջ էին Գարակէօզեաններ կամ Էօքսիւզեաններու նման հարուստ վաճառականներ։
Չըպըքլը գիւղի երէց Տէր Յակոբ Եազըճեան ստանձնած էր նաեւ այս նորակերտ եկեղեցւոյ հովիւութիւնը։
Մեծ Եղեռնի շրջանին համարեա բոլոր հայերը կրօնափոխ ըլլալով շարունակեցին իրենց տեղը մնալ։ Բայց կառավարութիւնը աւելի ետք անոնց բոլորն ալ աքսորեց եւ մանուկներն ալ բաժնեց թուրք ընտանիքներուն։ Միայն Ֆաթսայի շրջակայ գիւղերէն խումբ մը երիտասարդներ Սահակ Համալեանի, Մեսրոպ Եազըճեանի եւ Յարութիւն Մինասեանի առաջնորդութեամբ լեռները ապաստանեցան։
Ֆաթսացի հայ յեղափոխական Սայիմ Շէնի պատմութիւնն ալ ցարդ հանդիպած բոլոր հայ ընտանիքներու նման 1915-ի տարագրութեամբ կը սկսի։
Նախքան տարագրութիւն Ֆաթսա Չամաշի մէջ մօտ ինը հայ ընտանիքներ կան։ Յովհաննէս եւ Սուլթանի որդի Դարբին Խաչիկը, Կարապետ եւ Մարթայի դուստր Երանիկը այդ ընտանիքներէն են։ Խաչիկն ու Երանիկը չորս զաւակ ունեցան։ Աւագը Շահնազն է, ապա Զէքիյէն, Սուլթանը եւ կրտսերագոյնը Ֆայիքը։ Տարագրութեան ժամանակ Ֆայիքը հինգ տարեկան է եւ աւագ քոյրը Շահնազ տասը։
Ցեղասպանութեան շրջանին ծնողազուրկ մնացած այդ չորս երախայի խնամքը կը ստանձնէ Չամաշ ընտանիքը, որու ապարանքի մէջ անցուցած էին ամենադաժան տարիները։ Զէքիյէն եւ Սուլթանը իրենց նման ընտանեզուրկ մնացած հայ որբերու հետ ամուսնանալով իբրեւ հարս դուրս եկան այդ ապարանքէն։ Աւագ քոյրերնին Շահնազ չամուսնացաւ եւ մինչեւ կեանքին վերջ ապրեցաւ կրտսեր եղբօր Ֆայիքի հետ։ Մինչ Ֆայիք ամուսնացաւ Սաքինէի հետ եւ այդ ամուսնութենէն ունեցաւ երեք որդի եւ երկու դուստրեր։ Ահա հիմա Սայիմէն կը լսենք Ֆաթսայի յեղափոխական շարժումի պատմութիւնը։
«1973-ին Էճեվիթի յաղթանակով աւարտելիք ընտրութիւններու նախորդող օրերն էին։ Մօտակայ յաղթանակը տպաւորած էր բոլորս ալ։ Այդ օրերուն է, որ ձախակողմեաններու մէկտեղուած վայրեր յաճախել սկսանք։ Մինչեւ 1977 ես կատարեցի նաեւ զինուորական ծառայութիւնը։ Վերադարձիս նկատեցի, որ ազգայնականները ուժեղացած են Ֆաթսայի մէջ։ Այդ օրերուն է, որ ծանօթացանք ու մտերմացանք Ճեմալ Ըշըքի հետ։ Այս վերջինի սպանութենէն վերջ ես աշխատանոցը փոխանցեցի եղբօրս եւ բոլորովին ներքաշուեցայ յեղափոխական շարքերուն։ Ուրախ օրեր էին։ Ամէն օր կ՚ընկերակցէինք քաղաքապետին, տունէն դէպի քաղաքապետարան եւ օրուայ աւարտին ալ քաղաքապետարանէն դէպի տուն ետդարձի ճանապարհին։ Մենք քաղաքապետարանի անվտանգութեան պատասխանատուներն էինք։ Երբ Ֆաթսայի խրախճանքը կազմակերպուեցաւ դարձեալ պաշտօնի վրայ էինք։ Կը սպասէինք զինուորական միջամտութիւն մը։ «Հիւրրիյէթ» թերթը մէկ օր առաջ ազդարարած էր «Ֆաթսան Շրջապատուած» ըսելով։ Հազիւ յաջորդ օր կէսգիշերն անց լսել սկսանք հրասայլերու աղմուկը։ Մենք որպէս Քուրթուլուշի միաւորում մեր դիրքերը անցանք։ Այստեղ բարձունքէն կրնայինք հսկել անցուդարձերը։ Սկսան այն օրերը, երբ ցերեկներուն իրենք կ՚իշխէին, իսկ գիշերներուն մենք։ Զինուորները մութը կոխելէն ետք ամբողջովին կը լքէին փողոցները եւ կ՚անցնէին իրենց զինանոցները։ 12 Սեպտեմբերի յեղափոխութիւնը լսեցինք Պաղլարճա գիւղը ուսուցիչի մը տան մէջ։ Զինուորներու գործողութիւնները աւելի յաճախակի դարձան։ Մենք կը խուսափէինք ուղղակի բախումներէ եւ ընդմիշտ կը նահանջէինք։ Միջոց մը ետք մեր միջեւ կապն ալ պոկուեցաւ։ Ամէն տեղ մեզ յատկապէս ալ Քէօր Նամըքը եւ Ալաատտին Պէօլիւքպաշըն կը փնտռէին։ Երկու ամիս անց համոզուեցայ թէ այս մարդիկը մեզ Ֆաթսայի մէջ չեն փնտռեր, որոշեցի քաղաք իջնել։ Ես ալ չէի կարծած թէ իմ ձերբակալման հարազատ ընտանիքս պատճառ կը դառնայ։ «Փոխանակ լերան վրայ գնդակահարուելու, աւելի լաւ է, որ բանտարկուի, պատիժը կրէ ու ազատուի» մտածած էին։ Նախ զինուորները բերման ենթարկեցին ինձ։ Հարցաքննութենէ ետք ազատ արձակեցին։ Ես տակաւին դռնէն չէի ելած, որ ոստիկանները վրայ հասան եւ այս անգամ ալ անոնք բերման ենթարկեցին։ Տարին Ֆաթսայի կեդրոնական ոստիկանատունը։ Այդտեղ 68 օր ծեծի ենթարկուեցայ։ Բացի սովորական կոպիտ ծեծէն, կարգ մը հարցաքննութիւններու պահուն կը կիրարկէին տանջանքի յատուկ եղանակներ։ Հայ ըլլալուս պատճառաւ աւելի վայրագ կը ծեծէին։ Յայտնի է, որ ոմանք յատուկ մատնութիւն ըրած էին. «Ասոր հայրն ալ մեծ հայրն ալ հայ է» ըսելով։ 68 օր ետք զինուորական դատախազը ձերբակալութիւն պահանջեց։ Նախ Օրտու Էֆիլլիի արգելանոցը ուղարկեցին ու ապա Ամասիա։ Հոն անգամ մը եւս հարցաքննուեցանք եւ դրուեցանք քաղաքի կեդրոնական բանտը։
Այստեղ Ֆիքրի Սէօնմեզի, այսինքն Ֆաթսայի քաղաքապետ դերձակ Ֆիքրիի հետ նոյն բանտախցիկը դրին ինձ։ Մինչեւ սնանիլը, դեղերը եւ ամէն ինչը ես կը խնամէի։ Մինչեւ վերջին օր իր հետ էի։ Այդ օր, երբ լսեցինք Ֆիքրի Սէօնմեզի մահը ամբողջ բանտը ապստամբելու հոգեբանութեան մէջ էր։ Ամասյայէն այս անգամ ղրկուեցանք Երզնկայի բանտը։ 1987-ի Փետրուարին էր, որ ազատ արձակուեցայ։
Բաւական տատամսելով վերադարձայ տուն։ Հոգեվիճակս տակնուվրայ էր։ Ընկերներս այդտեղ թողած եւ տուն դարձի ճամբուն էի։ Հայրս վաղուց մերած էր։ Կրտսեր եղբայրս ալ մահացաւ այդ շրջանին։ Մնաց մայրս, աւագ եղբայրս եւ երկու քոյրերս։ Այդ պահուն հասկցայ, որ Ֆաթսայի մէջ կեանքը շարունակելը դժուար պիտի ըլլայ։ Այդ օրէն այս կողմ Իսթանպուլ՝ Սարըյէր կը բնակիմ։
Այսօր յետադարձ ակնարկով մը անվարան կրնամ ըսել, որ կեանքիս ամենալաւ տարիները պայքարի այդ տարիները եղած են։ Եթէ կարենամ վերադառնալ 1973 թիւը դարձեալ այդ տղոց հետ ըլլալ կ՚ուզեմ։ Մենք սիրտով մասնակցեցանք այդ պայքարին։ Քաղաքական գիտակցութենէ զուրկ էինք։ Ես ոչ Մարքսիզիմը գիտեմ, ոչ ալ Սոսեալիզմը։ Սիրեցի յեղափոխականները։ Այսօր 65 տարեկան հասակիս անվարան կ՚ելլեմ նոյն ճամբորդութեան»։