Ճանապարհի բեմ՝ ձայն ու տեսարան թիւ 1

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Փողոցն եմ, քա­­ղաքի մը մէջ, որ շատ յա­­ճախ թատ­­րո­­­նի կը նմանցնէի։ Իրա­­կան թատ­­րոն՝ ան­­վերջ դէպ­­քե­­­րով ու պատ­­մութիւննե­­րով։ Դե­­րասան­­ներ, ձայ­­ներ, աղ­­մուկ, փո­­շի ու հան­­դի­­­սատես։ Հա­­լէպ է այդ հսկայ թատ­­րո­­­նին անու­­նը, ու ես՝ ե՛ւ որ­­պէս դե­­րասան, ե՛ւ որ­­պէս հան­­դի­­­սատես, այս տո­­ղերուն մի­­ջոցով քե­­զի կը ներ­­կա­­­յաց­­նեմ, սի­­րելի ըն­­թերցող, այդ փո­­ղոց­­նե­­­րէն, այդ թատ­­րո­­­նէն քա­­նի մը ձայն ու տե­­սարան։ Հա­­կառակ, որ հա­­րիւ­­րա­­­ւոր քի­­լոմեթ­­րե­­­րով հե­­ռացած եմ այնտե­­ղէն, մին­­չեւ հի­­մա ամէն ան­­գամ, որ բա­­նամ յի­­շողու­­թեան ար­­խիւս ու աշ­­խատցնեմ ձայ­­նա­­­յին ժա­­պաւէնս՝ բծախնդիր ման­­րա­­­մաս­­նութեամբ կը յի­­շեմ այդ տե­­սարան­­ներն ու ձայ­­նե­­­րը։ Եթէ պատ­­րաստ ես, եկուր՝ բե­­մը բա­­նամ ու վա­­րագոյ­­րը բարձրաց­­նեմ։

Տե­­սարան առա­­ջին.

վայ­­րը՝

Մա­­հաթըթ՝ կա­­յարան Պաղ­­տատ՝ «Ֆա­­լաֆել Մը­­շուար»ին խա­­նու­­թը,

ժա­­մանա­­կը՝

կէ­­սօրո­­ւան ժա­­մերուն,

դե­­րասան­­նե­­­րը՝

ես,

յոգ­­նած հա­­շուա­­պահ մը (հա­­ւանա­­բար այս իր երկրորդ աշ­­խա­­­տած գործն է),

եր­­կու գոր­­ծա­­­ւոր՝ մէ­­կը թաշ­­խա­­­լաճի, միւ­­սը՝ ջղա­­յին, ան­­նորմալ արա­­գու­­թեամբ կ՛աշ­­խա­­­տին։

Տե­­սարա­­նը՝

Կե­­ցած եմ յոգ­­նած, բայց ժպտուն հա­­շուա­­պահին առ­­ջեւ։ Տա­­սը սու­­րիակա­­նը կը վճա­­րեմ ու դի­­մացը կը ստա­­նամ բա­­րակ քա­­ռակու­­սի թուղթ մը, որուն վրայ գրո­­ւած է ան­­հասկնա­­լի թիւ մը։ Թուղթը՝ ձեռքս, կ՛ուղղո­­ւիմ դէ­­պի եր­­կու գոր­­ծա­­­ւոր­­նե­­­րը, կ՛ընտրեմ թաշ­­խա­­­լաճին ու թուղթը անոր կը յանձնեմ։ Մար­­դը կը սկսի ֆա­­լաֆել պատ­­րաստե­­լու ներ­­կա­­­յացու­­մը։ Ճիշդ կար­­ծես մարդկա­­յին ռո­­պոթ է, բայց վրան աւել­­ցուցած են մնա­­յուն ժպիտ, թաշ­­խա­­­լայի ձայ­­ներ ու լե­­զուի setting-ին մէ­­ջէն ընտրած էն մա­­քուր «հա­­լէպե­­րէն»ը։ Բա­­րակ թան­­նուր հա­­ցը (լա­­ւաշի մրցա­­կիցը), ֆա­­լաֆե­­լի հա­­տիկ­­նե­­­րը, սե­­զոնա­­յին կա­­նաչե­­ղէնը , թա­­հինը, թռշուն ու յան­­կարծ կա­­խար­­դա­­­կան ձե­­ւով սեն­­տո­­­ւիչը վեր կը բարձրա­­նայ ու հար­­սի վա­­յել նա­­զով պտոյտ մը կ՚ընէ թաշ­­խա­­­լաճիին ձեռ­­քե­­­րուն մէջ։ Փայ­­լուն աչ­­քերս ուղղո­­ւած են դէ­­պի հրա­­շալի սան­­տուիչս։ Ճիշդ պահն է այդ սպա­­սելի ձայ­­նին. ռո­­պոթա­­յին արա­­գու­­թեամբ թաշ­­խա­­­լաճիին ձեռ­­քը կ՛իջ­­նէ տրցակ մը բա­­րակ թուղթե­­րուն վրայ ու կա­­խար­­դա­­­կան ձե­­ւով հա­­տիկ մը բա­­րակ թուղթ կը փա­­կի մար­­դուն ձեռ­­քին՝ ար­­ձա­­­կելով իմ այդ սի­­րած ձայ­­նը՝ «ԹԱԱԱԱԱԱԱԽԽԽԽԽԽԽԽ»։ Մէկ հա­­տիկ թուղթը նուրբ ձե­­ւով կը փաթ­­թո­­­ւի միւս ձեռ­­քով բռնած սեն­­տո­­­ւիչին վրայ ու կը յայտնո­­ւի ար­­դէն դի­­մացս։ «Սահ­­թէն», կ՚ըսէ մարդկա­­յին ռո­­պոթը նոյն թաշ­­խա­­­լայով, իսկ ես եր­­կու ձեռ­­քերս կ՚եր­­կա­­­րեմ այդ հրա­­շալի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւ­­նը ըն­­դունե­­լու հա­­մար։ Կը զգամ, որ հան­­դի­­­սատես­­նե­­­րը բո­­լորը կը ծա­­փեն այս շար­­ժումին ու ձայ­­նին։ Սեն­­տո­­­ւիչս կ՚առ­­նեմ ու քու­­լիսնե­­րու ետին ար­­դէն կը սկսիմ վա­­յելել։

ԴԱ­­ԴԱՐ...

Տե­­սարան երկրորդ.

վայ­­րը՝

մար­­զա­­­կան դաշտ մը, ուր մրցա­­կից­­նե­­­րը եր­­կուքն ալ հա­­յեր են։

Ժա­­մանա­­կը՝

կա՛մ մէ­­կու­­կէս ժամ ու տասնհինգ վայրկեան դա­­դար, կա՛մ քա­­ռասուն վայրկեան ու քա­­նի մը ան­­գամ դա­­դար։

Դե­­րասան­­նե­­­րը՝

ես,

եր­­կու խումբ մար­­զիկներ՝ կա՛մ գնդա­­կի մը ետե­­ւէն կը վա­­զեն, կա՛մ ձեռ­­քե­­­րով գնդա­­կը իրա­­րու կը նե­­տեն,

եր­­կու հսկայ ամ­­բոխ, որ մէ­­կը միւ­­սին «Զան­­գակներ-Զան­­գակներ» կ՛եր­­գէ, իսկ միւ­­սը «Հաւ-հաւ-հաւ­­կիթներ»ով կը պա­­տաս­­խա­­­նէ։

Տե­­սարա­­նը՝

Մար­­տի դաշ­­տին մէջ խաղ­­ցողնե­­րը լա­­րուած են, ես ալ նոյնպէս։ Ամ­­բո­­­խը լա­­րուած է, դի­­մացի ամ­­բոխն ալ, մար­­զիչնե­­րը, պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րը, կար­­գը պաշտպա­­նող զի­­նուոր­­նե­­­րը, զահ­­թար ծա­­խող Ապու Ալին ու պրիոշ ծա­­խող Քրմոն. բո­­լորը լա­­րուած են։ Պատ­­ճա­­­ռը սեւ հա­­գուող մարդն է, որ օրէն­­քով պէտք է իրա­­ւարար կո­­չուի, եւ անոր քա­­նի մը ան­­գամ անար­­դար սխալ սու­­լոցնե­­րը։ Մթնո­­լոր­­տը աւե­­լի կը լա­­րուի, ու յան­­կարծ կան­­չե­­­րը՝ «զան­­գակներ-զան­­գակներ» ու «հաւ-հաւ-հաւ­­կիթներ» կը փո­­խուին։ Արա­­բերէն լե­­զուով հայ­­հո­­­յականչ մը կը սկսի ուղղո­­ւած սեւ հա­­գուող մար­­դուն, աւե­­լի ճիշդ՝ այդ խեղճ մար­­դուն խեղճ ու ան­­մեղ մօ­­րը կամ քրո­­ջը։ Կարճ «քէ» տա­­ռը արա­­բերէ­­նով ու յե­­տոյ եր­­կար «սէ» տա­­ռը՝ ու ծայր կ՛առ­­նէ խմբա­­յին բա­­նաս­­տեղծա­­կան հայ­­հո­­­յան­­քը։ Բո­­լորը կը հայ­­հո­­­յեն, ես ալ կը մաս­­նակցիմ։ Տա­­րօրի­­նակ ու ան­­հասկնա­­լի հա­­ճոյք մը կայ խմբա­­յին հայ­­հո­­­յան­­քին կամ պո­­ռալ-կան­­չե­­­լուն մէջ։ Բո­­լորն ալ կ՛ըլ­­լան «ես» ու այդ «ես»ը կը ղե­­կավա­­րէ բո­­լորը։

Տե­­սարա­­նը ար­­դէն աշ­­խուժա­­ցաւ ու աւե­­լի լա­­րուած դար­­ձաւ, մա­­նաւանդ երբ կար­­գը պաշտպա­­նող բա­­նակի զի­­նուոր­­նե­­­րը մէկ մար­­դու պէս սկսան շար­­ժիլ դէ­­պի մեր կող­­մը։ Խա­­ղը կե­­ցած է, պո­­ռալ-կան­­չել, աղ­­մուկ, գա­­ւազան­­նե­­­րը կը մօ­­տենան կոր դէ­­պի հայ­­հո­­­յող ամ­­բո­­­խը։ Յան­­կարծ կը պա­­տահի կա­­խար­­դա­­­կան բան մը. ինչ-որ մէ­­կը հայ­­հո­­­յան­­քի բա­­նաս­­տեղծու­­թեան գլխա­­ւոր քա­­ռեակը «քէ» ու «սէ» տա­­ռերէն կը փո­­խէ դէ­­պի ու­­րիշ քա­­ռեակի մը, որը կը բաղ­­կա­­­նայ երեք բա­­ռերէ՝ «Աս­­տո­­­ւած, եր­­կիր, իշ­­խա­­­նու­­թիւն ու վերջ»։ Մէկ ան­­գա­­­մէն ամ­­բո­­­խը կը միանայ, ու նոյն կա­­խար­­դա­­­կան վայրկեանին զի­­նուոր­­նե­­­րը ու իրենց փայ­­տիկնե­­րը կը սա­­ռին օդի մէջ։ Բա­­ռացի կը սա­­ռին, ու կը սկսին նա­­հան­­ջի քայ­­լե­­­րը։ Ամ­­բո­­­խը կ՛ու­­րա­­­խանայ ու կը սկսի նոյն գո­­վասա­­նական քա­­ռեակը շա­­րու­­նա­­­կել։ Ծա­­փեր, եր­­ջանկու­­թիւն, թաշ­­խա­­­լա, փո­­շի, ու տե­­սարա­­նը կ՛աւար­­տի սեւ հա­­գուող մար­­դուն սու­­լի­­­չին ձայ­­նով։

Մրցու­­մը կը շա­­րու­­նա­­­կուի մին­­չեւ նոյն մար­­դուն յա­­ջորդ սխա­­լը, «զան­­գակներ-զան­­գակներ», «հաւ-հաւ-հաւ­­կիթներ», ծա­­փեր, սու­­լիչ, գնդակ ու ներ­­քին ան­­հասկնա­­լի պայ­­քար, որուն հետ կ՛աւար­­տեմ տե­­սարանս ու դան­­դաղ կ՛իջեց­­նեմ վա­­րագոյ­­րը այս մեծ ու իրա­­կան թատ­­րո­­­նին, որուն բո­­լորս ալ օր մը կա՛մ դե­­րասան­­նե­­­րէն էինք, կամ հան­­դի­­­սատե­­սը։

(Շա­­րու­նա­կելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ