Սոյն տարուայ Փետրուար ամսի կործանիչ երկրաշարժը 11 քաղաքներու մէջ մեծ աւէր գործած էր։ Անոնց կարգին էր նաեւ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը Վաքըֆը։ Վաքըֆի մէջ դարձեալ բազմաթիւ տուներ փլան եւ անգործածելի դարձան։
Յաջորդող ամիսներուն գիւղացիներուն առաքուեցան քոնթէյնըրներ, որոնք համեմատաբար աւելի ապահով կեցութիւն մը կը խոստանային մինչ այդ վրաններու մէջ պատսպարուած ժողովուրդին։
Այժմ նախապատրաստութիւնները կ՚ընդանան բնակարանաշինութեան ծրագիրներու։ Ծրագրուած է գիւղի մերձակայ տարածքի վրայ 15-20 բնակարաններու կառուցումը, որոնք պիտի ունենան 500 մ² տարածքի մէջ 120 մ² ծաւալով մի յարկանի գիւղական տուներ։
Կառավարութիւնը աւելի յարմար նկատած է քանդուած տուները տեղւոյն վրայ նորոգելու փոխարէն գիւղի անմիջական հարեւանութեամբ նոր թաղամասի մը կառուցումը։ Այսպէսով ապահովուած պիտի ըլլայ նաեւ բնակարաններու ստորերկրեայ ցանցը եւ մանաւանդ կոյուղիի դրութիւնը։
Գիւղապետ Պերճ Քարդուն կը յայտնէ թէ այս առաջարկը բաւական դրական գնահատուած է գիւղացիներու կողմէ։ Նոյն օրինակով նախագիծեր կը մշակուին նաեւ հարեւան Խըտրպեկ եւ Եողունօլուք գիւղերու վնասուած բնակարաններուն համար։
Իսկ գիւղացիները իրենց աւերուած տունը պիտի կրնան վերակառուցել իրենց սեփական միջոցներով։ Նոր թաղամասի շինութեան ծախսերու 60 տոկոսը կը ստանձնէ պետութիւնը, իսկ 40 տոկոսին համար կը տրամադրուի յատուկ վարձք, որու վճարումները կը սկսի երկու տարի ետք։