Ուրախութեամբ կը յայտարարենք աշակերտուհիներու ուղղուած «Յասմիկեան Պտոյտներ» արձակ գրութեան մրցանքին արդիւնքները։ «Ակօս»ի մեր ընթերցողներուն հետ կը բաժնեկցինք երեք մրցանակակիրներուն գրութիւնները։ Առաջին կը հանդիսանայ Նորա Տավուլճեան Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանէն։ Շնորհաւո՚ր ըլլայ, սիրելի Նորա, գրի՚չդ դալար։ Կը մաղթենք, որ շարունակես պտոյտներուդ մասին գրել ու ստեղծագործել։
ՆՈՐԱ ՏԱՎՈՒԼՃԵԱՆ
Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարան
Իսթանպուլ, Թուրքիա
Ժ. Դասարան, 15 տարեկան
Ես Գումպուրկազը շատ կը սիրեմ։ Կրնամ ըսել, որ հոն մեծցած եմ։ Մանկութիւնս, պատանեկութիւնս գրեթէ հոն անցած են, մանաւանդ՝ ամրան արձակուրդներս։ Ամէն տարի անհամբեր կը սպասէի, որ ամառը շուտ ժամանէր, որպէսզի մենք ալ օդափոխութեան համար Գումպուրկազ երթայինք։ Մարմարա ծովու ափին գեղեցիկ գիւղաւան մըն է Գումպուրկազը. մէկ կողմը՝ ծով, միւս կողմը՝ կանաչութիւն։
Կը մտաբերեմ այդ օրերը։ Ամառնային արձակուրդ է։ Հայրիկիս կառքով ճամբայ կ՚ելլենք։ Բայց նախքան ճամբայ ելլելնիս՝ խաղալիքներուս «պայ-պայ» կ՚ըսեմ, անոնցմէ հրաժեշտ կ՚առնեմ։ Նախ կը հանդիպինք մամիկիս ու պապիկիս. անոնք ալ մեզի հետ պիտի գան։ Կառքին մէջ մամիկս ոտքերս բանով մը կը ծածկէ, որպէսզի չմսիմ։ Հայրս ճամբու ընթացքին անպայման Սթիւի Ուոնտըրին «Փարթ թայմ լաւըր» երգը կը բանայ եւ ինքն ալ հետը կ՚երգէ։ Երբ երջանիկ է, հայրս միշտ այս երգը կ՚երգէ։ Ան մեզի կ՚ուղեկցի ճամբորդութեան ողջ տեւողութեան։ Տարիներ ետք ամէն անգամ որ այս երգը լսեմ, միշտ կը յիշեմ մեր Գումպուրկազի ճամբորդութիւնները եւ միտքով կը թռչիմ դէպի այդ օրերը։
Ես գիշերով ճամբորդելը աւելի շատ կը սիրեմ։ Գիշերուան լոյսերը ինծի մանկութիւնս կը յիշեցնեն։ Պատուհանէն դուրս կը նայիմ, կը դիտեմ շուրջբոլորս։ Ամէն կողմ խաւար է, բայց նորէն ալ կը դիտեմ։ Նաեւ կ՚ունկնդրեմ գիշերային ձայները։ Ինծի այնքա՜ն աղուոր կը թուին անիւներուն կպրուղիին վրայ հանած ձայները, այնքա՜ն գեղեցիկ կը թուին պողոտաներու, փողոցներու լոյսերը, բարձր ձողերու վրայ ելեկտրական լամբարներուն արձակած փայլուն լոյսերը, նաեւ՝ կառքերուն լուսարձակներուն աչք շլացնող լոյսերը։ Լոյսեր կը տեղան ամէն կողմէ։ Լոյսեր հեռաւոր տուներու պատուհաններէն դուրս կը յորդին։ Փոքր լոյսեր, մեծ լոյսեր, թեթեւ լոյսեր, զօրաւոր լոյսեր։ Տեսակ-տեսակ լամբարներ։ Ամէն մէկը տարբեր, դեղին, ճերմակ լամբարներ։ Նաեւ ամէն տան մէջ տարբեր հէքեաթ մը։
Աղօտ լոյսերով գիւղերէ, գիւղաւաններէ կ՚անցնինք։ Մեր կառքը կը սուրայ կպրուղիին վրայ։ Կը սահի, կ՚երթայ։ Լոյսերը կը յոգնեցնեն աչքերս։ Կամաց-կամաց քունս կու գայ։ Աչքերս կը գոցուին։ Չեմ ուզեր քնանալ։ Չեմ ուզեր մեր ճամբորդութենէն բան մը փախցնել։ Բայց ի զուր կը դիմադրեմ։ Քունը կը յաղթէ։ Երազային աշխարհէ մը անցում կը կատարեմ դէպի ուրիշ երազներու աշխարհ մը։ Չեմ գիտեր որքան ժամանակ կ՚անցնի։ Կ՚արթննամ քոյրիկիս պոռչտուքներէն։ «Նայէ՚, նայէ՛», կը պոռայ քոյրս։ Կը նայիմ։ Կը նկատեմ, թէ արդէն հասեր ենք կլոր պատուհաններով միօրինակ տուներուն մօտ։ Կը խնդանք այդ կլորիկ պատուհաններուն վրայ։ Լիային տուները կը կոչենք զանոնք։ Հա՜, մոռցայ ըսելու, Լիան քոյրս է։ Տարիներ առաջ նախ ան էր, որ անդրադարձած էր այդ տուներուն եւ մեզի ցոյց տուած. ուրեմն՝ անոր կը պատկանին այդ տուները։
Կ՚անցնինք ծառուղիէ մը։ Այդ ծառուղիէն ետք կը սկսին քով-քովի շարուած տուներ։ Կարգաւ կարմիր կղմինտրներով, կապոյտ կղմինտրներով, կանանչ կղմինտրներով տուներ։ Անոնք մեզի կը յուշեն, թէ բաւական մօտեցած ենք մեր տան։ Չափազանց կ՚ուրախանանք։ Քոյրիկիս հետ միաձայն կ՚երգենք. «Գումնուրկազ հասա՜նք, Գումնուրկազ հասա՜նք»։
Երբ կը հասնինք մեր տան առջեւ, աճապարանքով կառքէն դուրս կը նետուինք։ Վայրկեանին մեր ռունգերը կը լեցուին Գումպուրկազի հոտով։ Տեսակ մը ծովու, մամուռի, խոտի խառնուրդ մը։ Այդ հոտը ուրիշ որեւէ տեղ առնել կարելի չէ։ Անիկա մեր տան պէս կը հոտի։ Ինծի այնպէս կը թուի, թէ այդ հոտը մեր տան իւրայատուկ հոտն է։ Կարծես, թէ տունէն դուրս յորդէր, մինչեւ փողոց տարածուեր է։ Կը հոտուըտամ շուրջբոլորը։ Այդ հոտը երկա՜ր երկա՜ր մէջս քաշել կ՚ուզեմ, չէ՞ որ մերն է ան։
Եւ ի վերջոյյ տուն կը մտնեմ։ Նախ եւ առաջ բոլոր սենեակները կը շրջիմ։ Պատշգամէն դուրսը կը դիտեմ։ Օդը զով է, բայց՝ անոյշ զովութիւն մը, որ կը պարուրէ ամբողջ էութիւնս։ Արդէն շատ ուշ է։ Անկողին կը մտնեմ ու քնանալ կը փորձեմ։ Պէտք է հանգչիմ, որովհետեւ յաջորդ օրը ընելիքներ ունիմ։ Առաւօտուն առաջին գործս ամարանոցի ընկերներս կանչել պիտի ըլլայ։ Անգամ մը եւս կը զգամ, որ շատ երջանիկ եմ։ Ահաւասիկ կրկին Գումպուրկազն եմ։