«Գաղթականը միայնակ է։
Հայրենիքից դուրս չկայ ընկեր,
կին, հայր, եղբայր ու հարազատ»։
Լամեննէ
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Արտագաղթ բառը պարզ է հնչեղութեամբ, սակայն իր էութեամբ եւ իմաստով՝ այն բազմաբովանդակ է։ Մարդ արարածը հազարամեակներ շարունակ արտագաղթած է զանազան նպատակներով եւ տարբեր պատճառներով, որ եղած են, թէ՛ բռնի, թէ՛ կամաւոր, ըստ վիճակի պայմաններուն։ Երբեմն արտագաղթած են հեռաւոր կամ մօտակայ բիրտ դրացիներու յարձակումներէն խուսափելու, երբեմն նաեւ առաւել բերրի տարածք ունենալու, կամ որպէս ապրանքափոխանակման միջոց, հուսկ ստեղծուած են նոր համայնքներ։ Կարելի է յիշել Նոր Ջուղայի գաղութը, որ հիմնուած է պարսկական Սպահան քաղաքի ճահճոտ արուարձաններէն մէկուն։ Անոր հիմնադրումը տեղի ունեցած է Շահ–Աբաս-ի կողմէ Գողթան գաւառի հայութեան բռնի աքսորով 17–րդ դարին։ Ինչպէս նաեւ Կալկաթայի հայ համայնքի կամաւոր ստեղծումը հայ վաճառականներու կողմէ, ուր կը հիմնադրուի հայ առաջին ամսագիրը՝ «Ազդարար»ը Մադրաս 1794-ին եւ Յարութիւն Շմաւոնեանի ջանքերով սկիզբ կը դրուի Կալկաթայի հայկական տպագրութեան։
Ինչ խօսք, որ տեղին է յիշել նաեւ Մեծ եղեռնի օրերուն հայ հասարակութեան զանգուածային քոչ֊գաղթը եւ նոր սփիւռքի ստեղծումը, որին հետեւեց ՀՀ խորհրդային շրջանին 46/48֊ի հայրենադարձութիւնը, որ մասնակի էր եւ յաջող աւարտ չունեցաւ։ Այդ համակարգի անկումէն ետք էր, որ ծայր առաւ Կլենտել եւ այլուր հաստատուելու մոլուցքը, որ դեռ կը շարունակուի նուազ ուժգնութեամբ՝ դասալիք ըլլալու սկզբունքով։
Շատ հեռուն չփնտռելու համար նշենք արցախցի մեր հարազատներու բռնի արտագաղթը մի քանի շաբաթ առաջ Պաքուի ջանքերով, որ չարժանացաւ դոյզն ուշադրութեան՝ նոյնիսկ ամիսներով փողոց փակող անոր «փրկարար» ցուցարարներու կողմէ։ «Արցախը փրկենք, որ ՀՀ-ը ապրի» տգէտ պոռոտախօսութիւնը մոռացան եւ մի գիշերելու սենեակ, կամ մի գաւաթ ջուր իսկ չտուին գաղթականներուն։
Արտագաղթը սկզբունքով բացասական ըլլալով, կը մնայ անժխտելի իրականութիւն եւ իւրաքանչիւր երկրի իմացականութիւնը թոյլ կու տայ օգտուիլ անոր կեցութենէն, ինչպէս կ՚ընեն ռուս, թուրք, հրեայ եւ այլ իշխանաւորները՝ բացի հայերէն, որոնց համար սփիւռքը կը գնահատուի երկրորդ կարգի եւ «Նաւթ չունենք, սակայն ունինք սփիւռք» յոխորտանքը եղած է բազմիմաստ եւ ոչ միայն նիւթական։
Անհերքելի է, որ արդի սփիւռքը մեր ծնողներու, իմա՛ առաջին սերունդի սփիւռքը չէ։ Սերնդափոխութիւն եղած է, եւ այն մեծ մասամբ դադարած է հայախօս ըլլալէ, սակայն բացառութիւնները յարգելի են։ Աւելի բազմադէմ է հայ սփիւռքը՝ երկրի համեմատ, այնուհանդերձ ժամանակն է եւ անհրաժեշտ, որ անոնք միասնաբար կարողանան վերանայիլ իրենց յարաբերութեան որակն ու բովանդակութիւնը, իրար լրացնելու միտումով եւ ոչ հակադրուիլ ի շահս որեւէ խմբակցութեան։ Այդ է միակ ուղին պատուով վերապրելու եւ ծառացած մարտահրաւէրներուն դիմակայելու։ Գաղտնիք չէ, որ եղեռնէն ճողոպրած առաջին սերունդը՝ ապաստանած որեւէ երկրի, ի մի գալով, նոյնիսկ իր կիսաքաղց վիճակով քաջութիւն եւ իմաստութիւն ունեցած է եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու, տարբեր միութիւններ ստեղծելու, որոնց ստուերի ներքոյ կուսակցութիւններ աճած են՝ սատար ըլլալով հայրենիքին, ի հեճուկս ոմանց, պահպանելով ազգային ոգին եւ ինքնութիւնը՝ առանց ենթադրելու, որ այդ փայփայած խմբակները ուշ թէ կանուխ՝ հասունանալով իրար կոկորդ պիտի կրծեն եւ հայրենի պետականութեանը անարգեն։
Տարբեր է կացութիւնը այսօր։
Համաշխարհայնացումը իր աւերիչ ազդեցութիւնը ունեցաւ համայն հայութեան վրայ եւ որպէս յաւելում երկրի տիրող ոչ առողջ քաղաքական բախումներուն, որ վերանայումի կարիք ունին ազգի եւ պետութեան մակարդակով։ Արդի հիմնական պահանջը հայեցի դաստիարակուիլ ու ապրիլն է։ Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութեան վերանայելու անհրաժեշտութիւնը առկայ է՝ նոր սկզբունքներով գործակցելու, առ այս կարելի է ընդօրինակել մանաւանդ հրեաները, որոնք ջանք չեն խնայեր իրեց մայր հայրենիքի հետ համագործակցելէ, այն հզօրացնելու, անտեսելով քաղաքական, կրօնական, կրթական, կենցաղային տարաձայնութիւնները։
Նշուած այդ աշխատանքը պէտք է գործի դրուի պետութեան եւ սփիւռքի մասնագիտական միացեալ ջանքերով՝ հայ մնալու գաղափարախօսութիւնը հիմք ունենալով։
Այլ է, տարբեր եւ անմխիթար արտագաղթող որեւէ հայ անձի կամ ընտանիքի դրութիւնը։ Անոնք թափառական են եւ անօգնական, թեպէտ իրենց կամքով եւ սխալ ընտրութեամբ թէեւ դասալիք, բայց անոնք կրնան դառնալ օգտակար, եթէ քաշած դժուար օրերը չդառնան հայրենիքի նկատմամբ ատելութեան թունաւոր մաղձ։
Հարիւրամեայ քաղաքական անցեալով խմբեր, որ իրենց տհաս, աճպարար, ստոր քայլերով, կը փորձէին խանգարել պաշտօնական այցերու ընթացքին մերձեցման բոլոր քայլերը՝ ի՞նչ էր անոնց նպատակը։ Հայ պետական այրերը, նաեւ ԱՄՆ հայ դեսպանը կ՚արժանան անպատշաճ վերաբերմունքի, մեր «փրկիչ» ազգակիցներու կողմէ, զանց չառնելով վարչապետին փոխադրող մեքենայի վրայ հաւկիթ ու լոլիկ նետելը։ Ցաւալի է մինչեւ իսկ ողբալի։ Ի դէպ ուշադրութեան արժանի է Արամ Ա-ի այցը ԱՄՆ հայ դեսպանատուն եւ անոր դռնփակ գլուխ գլխի զրոյցը դեսպան Մակունցի հետ, առանց որեւէ միջանկեալ վերահսկող ուղեկցի, որ դրական քայլ է եւ յուսանք, որ վարչապետի հրաժարումը պահանջող որեւէ հայց չի ներկայացրել։
Արդի արեւմտեան եւրոպայի տաս հազարէն աւելի բնակչութեամբ քաղաքներուն, մանաւանդ ծովեզրեայ, առանց բացառութեան կայ մի քանի խորտկարան քաղաքի ամենաբանուկ տարածքին՝ նախընտրելի է հայաբնակ, անունով «Իսթանպուլ կամ Մարմարա», թուրք անձանց պատկանող։ Ինձ հասած տեղեկութեան համաձայն թուրք պետական մարմինները վարկի ձեւով կը սատարեն այդ անձանց, որ յաւերժ կը մնան երկրին սիրահար եւ պարտական, որ պարզ լեզուով կը կոչուին «հինգերորդ շարասիւն»։ Աշխատանքի մի ձեւ է դրսու, որ կարելի է ընդօրինակել քան թէ թողնել մեր ազգակիցներուն թափառականի եւ երբեմն հակահայի վիճակին։
Մտածելու եւ նախաձեռնելու մեծ կարիք ու հնարաւորութիւն կայ եւ գուցէ հնարաւոր է արտագաղթի բացասական երեւոյթը դրական հետեւանք ունենայ ի օգուտ մեզ, հմտօրէն հարցին մօտենալու պարագային, միայն թէ բացակայ են նախաձեռնողները։ Ի վերջոյ պէտք է հաշուի առնել նաեւ իւրաքանչիւրի իր քայլերի ազատ ընտրութիւնը սահմանափակելու վարկածը։
Ի վերջոյ արտագաղթը զազրելի է, ինչպէս իրենք՝ առանց յատուկ պատճառի արտագաղթողները, քանզի ամէն անհատ կը լքէ երկրի նկատմամբ ունեցած քաղաքացիական պարտականութիւնները, անգիտակցաբար դատարկելով հայրենիքը։ Որքան ճիշդ եւ ուղղամիտ կ՚ըլլար, եթէ հաստատուէին երկրէ ներս այդ չարիքը վերացնող պայմաններ։
Հասկացողին բարի ողջոյն։
(Սեն Ռաֆայէլ)