Կանխաւ ըսեմ, հայ մամուլը տնտեսական առումով բաւականին դժուար շրջան մը կը բոլորէ։ Այս հաստատումէն ետք փորձենք ընդհանուր պատկերը նկարագրել։
Նախ բնութագրենք «Հայ մամուլ» եզրը։ «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» օրաթերթերը, «Ակօս» շաբաթաթերթը, «Փարոս» ամսաթերթը եւ «Լոյս» հեռուստակայանը։ Այս պահուն ընդգծենք հեռուստակայանի մը հաղորդումներու բազմաբնոյթ դժուարութիւնները, բայց մենք աւելի շատ անդրադառնանք տպագիր մամուլի։ Ներկայ պայմաններու մէջ թուղթի, տպարանի հսկայական ծախսերու կողքին, անձնակազմին ծանր բեռով ալ առանց որոշ կազմակերպութեան կամ հաստատութեան նեցուկը վայելելու բաւականին դժուար է տպագիր մամուլի յարատեւութիւնը։ Մանաւանդ երբ այդ մամուլի ընթերցողը փոքրամասնութեան պատկանող խմբակ մըն է։
Փորձենք յետադարձ ակնարկ մը։ Թէեւ այս ասպարէզը ընդմիշտ դժուարութիւններ ունէր, բայց հիմնական դժուարութիւնը սկսաւ համավարակի շրջանին։ Բոլորին ծանօթ պատճառներով բաւական մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւելով յաջողեցանք թերթի հրատարակութիւնը շարունակել։ Այդ շրջանին գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի, նիւթական կամ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերող բոլորին երախտապարտ ենք։
Բուն դժուարութիւնը սկսաւ համավարակէ ետք եւ իրարայաջորդ կերպով։ Նախ թրքական լիրայի զգլխեցուցիչ արժեզրկումը, ապա թուղթի ու տպագրական ծախսերու ահռելի սղաճը, հետզհետէ կեանքը անտանելի դարձուած ինչպէս անհատաբար բոլորիս, նոյնպէս ալ թերթերու համար։
Այս համայնապատկերի վրայ «Մարմարա» եւ «Ժամանակ» թերթերը տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով գոյացած դժուարութիւններուն յաճախ անդրադարձան իրենց առաջին էջերուն վրայ։ Այդ նոյն շրջանին համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութեան իրականացումը յոյսի նշոյլ մը եղաւ։ Արդարեւ հսկայ գումարներ ղեկավարող ընտրութեան գացող հաստատութիւնները գոնէ նախընտրական շրջանին սկսան մամուլին օժանդակութիւն խոստանալ։
Այստեղ կ՚արժէ յիշել այն կէտը, ըստ որու թերթերը կղպակներու վաճառքով չեն կրնար իրենց ծախսերը հոգալ։ Անհրաժեշտ է ծանուցումներու եւ գովազդներու եկամուտը։
Ահա այդ շրջանին, այսինքն ընտրութիւններէն ետք թէեւ քանի մը ուշագրաւ զարգացումներ նկատեցինք, բայց ապա ամէն ինչ խոտոր ընթացաւ։ Հիմնարկները հետզհետէ սկսան իրենց ծանուցումներուն համար «Ինստակրամ»ի էջերէն օգտուիլ։ Նոյնը պատահեցաւ նաեւ մահազդներու պարագային։ Հասարակութիւնը նախընտրեց մահազդները ցրի հրատարակող «Ինստակրամ»ի ծառայութիւնը։ Հասարակութեան համար առարկելու իրաւունք չունինք։ Թերեւս ալ խնայողութեան միջոց մըն է «Ինստակրամ»ի մահազդները։ Բայց նորեն ալ համոզուած ենք թէ որոշ լուծումներ կարելի է, քանի որ այդ ազդերը կենսական նշանակութիւն ունին։
Բայց հասարակական հաստատութիւններու համար խնդիրը տարբեր է։ Վերատիրացուած կալուածներով կամ հատուցումներով որոշ եկամուտ ապահոված եւ այդ եկամուտով -բարեբախտաբար- նիւթական կարիքի մատնուած դպրոցներուն աջակցող համայնքային հաստատութիւններուն մամուլի հանդէպ անփութութիւնը իսկապէս ալ անհասկնալի է։ (Այստեղ պարտինք նշել Գարակէօզեանի խնամակալութեան բարեացակամութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, անոնք եռամսեայ հերթականութեամբ կ՚աջակցին հայ մամուլին)։
Մենք ալ յաճախ կը լսենք «Այլեւս ոչ մէկը թերթ կը կարդայ» ի նման խօսքերը։ Սակայն հայ մամուլը, ինչպէս հայ դպրոցը այս հողերու վրայ պատմական անցեալ եւ ձեւաւորուած աւանդութիւն մը ունի։ Ուրեմն հասարակութեան հայ մամուլի հանդէպ «Ի՞նչ ընենք, ներկայ ժամանակները այսպէս են» ըսելով անտարբեր մնալը իսկապէս ցաւալի է։
Նախորդ շաբաթ անդրադարձած էինք թէ պետական ազդերը բաշխելով պաշտօնակոչուած Մամուլի Ծանուցումներու Հաստատութիւնը այս տարի ալ անտեսած է փոքրամասնական մամուլը։
Սա ալ պարտինք նշել, թերեւս ալ մեր քաղաքական կարծիքները կամ դիրք գրաւման եղանակները ոմանց համար հաճելի չեն թուիր։ Թերեւս ոմանք բարկացուցած ըլլանք։ Այս բաները կեանքի բնական երեւոյթներ են եւ արդէն մամուլի ալ գլխաւոր առաքելութիւնը։
Վերջապէս նշենք որ ներկայ ընթացքը մեզի հիասթափութեան կ՚առաջնորդէ։
Նախորդ շաբաթ ԷՐՎԱՊ-ի կազմին գործող Ելմտական Յանձնախումբը մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ։ Տեսնենք թէ այս բոլորէն նոր մերձեցում մը պիտի գոյանա՞յ թէ ոչ։
Յուսանք եւ սպասենք։
«ԱԿՕՍ»Ի ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ