Հայաստանի հանրապետութիւնը իր հիմնարկութենէն այս կողմ առաջին անգամ ըլլալով վերատեսութեան կ՚ենթարկէ երկրի միջազգային յարաբերութիւններու մէջ որդեգրելիք դիրքորոշումը։
Ինչպէս ծանօթ է, հայ ժողովուրդը վերջին տարիներուն մեծ յուսախաբութիւն կ՚ապրի իր անվտանգութիւնը ամբողջովին Ռուսաստանի հովանաւորութեան թողած ըլլալու աւանդական ռազմավարութեան բերմամբ։
Այս յուսախաբութիւնը իր արձագանգը կը գտնէ նաեւ կառավարութեան որոշումներուն վրայ։ Արդարեւ կառավարութիւնը երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու համար կը փորձէ այլընտրանքային հարթակներ շահագործել։
Եւրոպական Միութեան հաւանական աջակցութեան վերաբերեալ Պրիւքսէլի 13 Նոյեմբերի քննարկումներէն ետք՝ 14 Նոյեմբերին, Հայաստանի կառավարութիւնը հաղորդեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի յաջորդ շաբաթ Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ-ի խորհուրդի նիստին։
Մինսք չմեկնելու որոշման մասին Փաշինեան յայտնեց Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշէնքոյին։ Ըստ կառավարութեան փոխանցած տեղեկութեան՝ հեռաձայնային զրոյցը կատարուեցաւ պելառուս կողմին նախաձեռնութեամբ։ Փաշինեան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ ՀԱՊԿ-ի գործընկերները ըմբռնումով կը վերաբերին։
Աւելի կանուխ, հայ-ռուսական ակնյայտ լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը եւս հրաժարեցաւ մասնակցելէ ԱՊՀ-ի գործընկերներու հաւաքին։
Իսկ նախորդ ամիս, Փաշինեան չմեկնեցաւ նաեւ Պիշկեք՝ մասնակցելու ԱՊՀ-ի գագաթնաժողովին։
Բացի ՀԱՊԿ-ի նիստերը պոյքոթի ենթարկելէ, ամիսներ առաջ Հայաստան հրաժարեցաւ կառոյցին մէջ ընդհանուր փոխքարտուղարի իր իրաւունքէն, ապա ետ կանչեց իր դեսպանը եւ ցարդ նորը չէ նշանակած։ Տարեսկիզբին ալ Երեւան մերժեց հիւրընկալել ռազմական դաշինքի զօրավարժութիւնները։
Իշխանական պատգամաւոր Արման Եղոյեան վերահաստատեց, որ կառավարութիւնը այս պահուն ո՚չ ՀԱՊԿ-էն, ո՛չ ալ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու հարց կը քննարկէ։
Միւս կողմէ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիայի պատուիրակութիւնները չեն գրանցուած Երեւան ԵԱՀԿ ԽՎ աշնանային նստաշրջանին մասնակցելու համար։ Այդ մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին յայտարարած է ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւոր Սարգիս Խանդանեանը։
Յիշեցնենք՝ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանը տեղի կ՚ունենայ Երեւան, Նոյեմբերի 18-20-ին։ Հայաստան կը ժամանեն 50 երկրներու շուրջ 300 պատուիրակներ։
Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատգամաւորները չեն հաստատած իրենց մասնակցութիւնը։ Թէեւ ատրպէյճանցի պատուիրակները նախապէս բարձրացուցած են անվտանգութեան երաշխաւորման հարցը, իսկ Հայաստանի ԱԺ-ը պատրաստակամութիւն յայտնած է երաշխաւորել անվտանգութիւնը։