Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պես, որ իշխանութեան փոխանցումի իր խումբին մէջ ներառած էր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեանը, երեք հայ արհեստավարժներ եւս նշանակեց քաղաքային յանձնաժողովներու անդամ։
Արդարեւ Պես, որ միշտ զօրակցած է հայութեան յատկապէս Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան իր անդամակցութեան օրերուն՝ Փոխադրական հարցերու յանձնաժողովի անդամ նշանակեց Վիգէն Դաւիթեանը, որ այդ մարզին մէջ 41 տարիներու փորձառութիւն ապահոված է։
Պես նաեւ Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովի անդամ նշանակեց դոկտ. Լուսիկ Դանիէլեանը, որ Հայ Դատի երկար տարիներու գործիչ է ու Լոս Անճելըսի Հայ Դատի յանձնախումբին անդրանիկ գործադիր վարիչը հանդիսացած է։
Քաղաքապետը նաեւ Նարեկ Կուրտիկեանը նշանակեց Հարաւային հովիտի ծրագրումի յանձնաժողովի անդամ։ Կուրտիկեան յատկանշական փորձառութիւն ունի բնակարանաշինութեան մարզին մէջ։
Այս առիթով, Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին, որ քաղաքին ամենէն աշխոյժ համայնքներէն մէկը հանդիսացող հայութեան արժանի այս նշանակումները կատարեց։