Թուրքիոյ հայ հիմնադրամներու միացեալ հարթակը ԷՐՎԱՊ, 13 Նոյեմբեր երկուշաբթի օր, Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ ժողով գումարելով քննարկեց օրակարգի նիւթերը։ Ժողովի մասին «Ակօս»ին տեղեկութիւններ փոխանցած ԷՐՎԱՊ-ի ընդհանուր քարտուղար Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլու յայտնեց թէ Ելմտական յանձնախումբի պետ Հերման Կիւրճիեան եւ Երկրաշարժի յանձնախումբի պետ Գէորգ Էօզգարակէօզ բացատրութիւններ տուին իրենց աշխատութիւններուն մասին։
Էօզգարակէօզ յայտնեց թէ դպրոցի շէնքերուն երկրաշարժի դիմադրութեան փորձերը վերջացած են եւ այդ շէնքերէն 70 տոկոսը ապահով դիրքի մէջ։ Մնացեալներու համար կը նախատեսուի շէնքերու ամրացման գործընթաց մը։ Գուզիքօղլու նաեւ հաղորդեց թէ քաղաքիս հայ դպրոցներու տնօրէններ, խնամակալութեան կամ թաղականութեան ատենապետներ ու հիմնադիրի ներկայացուցիչներ 17 Նոյեմբեր ուրբաթ օր պիտի մասնակցին Կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի հետ խորհրդակցական ժողովի մը։
ԷՐՎԱՊ-ի ժողովի ընթացքին չէ խօսուած հիւանդանոցներու հոգաբարձութեանց ընտրութեան խնդիրը։