ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
Այսօր ձեզի հետ կը կիսեմ գիրք մը, որ իմ վրայ խոր տպաւորութիւն թողած է։ Գիրքի հեղինակն է Նեվալ էլ Սետտավի, որուն անունը այսքան ուշ իմանալու ամօթը կ՚ապրիմ։ Ան կին մըն է, որ յաջողած է վախի պատերը քարուքանդ ընել։ Կին մը՝ որ յաջողած է կիները գերի դարձնող ամուսնութեան համակարգէն դուրս բերել եւ մէկտեղել արիութեան լամբարի մը շուրջ։ Քաջ ամէն կին պարտաւոր է մեռնելու։ Ստրկութեան համակարգի խաբկանքները բացայայտելը խիստ վտանգաւոր է եւ բացայայտողը պէտք է մեռնի։ Անոնք կը մեռնին ոչ թէ մահացու յանցանք մը գործած ըլլալուն, այլ իշխաններու սուտերը բացայայտելուն համար։ Այս մասին կը վկայէ վէպի հերոսներէն Ֆիրտեւս, սուտը իրողութեամբ սպաննելով։
Այս գիրքը կարդալով կը տեսնենք որ իշխանաւորները ոչ միայն ժողովուրդը, այլ Աստուածն ալ խաբել կը փորձեն։ Այրիշխան մտայնութիւնը կիները հսկելու համար անոնց իմաստը կը սահմանափակէ խոհանոցի ու անկողնի տարածքով։ Այդ մտայնութիւնը քայլ առ քայլ կիները վերածած է սեռային իրի մը։ Հնարած է ցոփութիւն կոչուած արուեստը եւ գիտէ թէ կինը եթէ սիրէ, եթէ վստահի որքան ծանր կը հատուցէ։ Ցոփութիւնը աւելի քիչ վիրաւորական է, քան սիրելը։ Ցոփութեան պահուն կինը իր մարմինը որոշ արժէքի մը փոխարէն կը մատուցէ։ Այդ մատուցման ընթացքին ինք կրնայ պատեանին մէջ պատսպարուիլ։ Բայց սիրելը տարբեր է կ՚ըսէ Ֆիրտեւս։ Սիրելով ինչ որ ունի անփոխադարձ կը մատուցէ։ Ահաւասիկ այս է վիրաւորականը։
Ֆիրտեւսը ցոփութեան դատապարտողը իր հարազատ հայրն ու հօրեղբայրն են։ Ան կը փորձէ ձերբազատուիլ փողոցի կեանքէն, բայց այրիշխան համակարգը կը զլանայ ելքի միջոցը։ Ամէն այր կը շահագործէ անոր անմեղութիւնը։ Մինչդեր պատանութեան շրջանին դպրոցի յաջողագոյնն էր։
Հեղինակը մեծ յաջողութեամբ կը բնութագրէ նահապետական ընտանեկան յարաբերութիւններու մէջ անհատին քայլ առ քայլ սպառումը։ Շնչասպառ կը կարդանք այս գիրքը, քանի որ բանտախցիկի մէջ կախաղան ելլելու պահը սպասող Ֆիրտեւսի խօսքերը ընդհատելու ժամանակ չունինք։ Ան կարծես կ՚աղաղակէ «Քիչ անց զիս պիտի կախեն, գիրքը մի՛ թող, տակաւին ըսելիք ունիմ»։
Կեանքը հեզ ու ամչկոտ կին մը կարծրացուցած է։ Իրականութեան մէջ գոյատեւման պայմանն է այդ կարծրացումը։ Կ՚ուզէ այս կեանքէն փրկուիլ եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ մարդկանց հետ ըլլալ։ Կը ծանօթանայ Իպրահիմի հետ, որ իսկական յեղափոխական մըն է։ Բայց հազիւ մէկ օր անց կը յայտնաբերէ թէ Իպրահիմ արդէն ամուսնացած է եւ ճառախօսութիւններու ժամանակ արտասանած կամ քարոզած տեսութիւններուն բոլորովին հակառակ կեանք մը կ՚ապրի։ Այս իմանալէ ետք կը հաստատէ՝ սկզբունքի տէր յեղափոխականներն ալ տարբեր չեն։ Ուրիշներուն փոխարժէքը հատուցելով ապահովածը անոնք խորամանկութեամբ ձեռք կը բերեն։
Այս բոլորէն ետք հասարակ կաւատի մը յանուն հայրենասիրութեան ցոփուհի մը կարեւոր անձնաւորութեան մը անկողինը առաջնորդելուն չափ սնամէջ էր ամէն բան։ Օրէնքները կիները պատժելու եւ անոնց աչքերը շլացնելով կոյր դարձնելու կը ծառայեն միայն։
Այդ գիտակցութիւնը հիւսած կինը, երբ կ՚ուզէ նաեւ իր համոզումները բաժնել ուրիշներուն հետ, բնականաբար վախ կը պատճառէ ոստիկաններուն, իշխանութիւնը ներկայացնողներուն եւ հետզհետէ բոլորին։
Այս գիրքը կնոջ իշխանութեան եւ անոր սուտերուն, ստախօս թերթերուն, լրատուամիջոցներուն կեղծաւորութիւնը հրապարակելով ինչպէս անվախ հսկայի մը վերածուելուն ապացոյցն է։