ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքէն 13 քմ Հիւսիս-արեւմուտք՝ քարքարոտ հարթավայրին կը տարածուի Զարինջա գիւղը։ Այն ժամանակին Անի մայրաքաղաքի բնակիչներու ամառանոցներէն մէկը կը համարուէր։ Գիւղի Հիւսիսային բլրակին վեր կը խոյանայ Սուրբ Խաչ եկեղեցին, որ կարմրագոյն տուֆով կերտուած ըլլալու պատճառաւ, կը կոչուի նաեւ Կարմիր վանք։
Անի-Շիրակ ճարտարապետական դպրոցին պատկանող այս հոյակերտ կառոյցը չունի շինարարական արձանագրութիւն կամ յիշատակութիւն։ Սուրբ Խաչն իր վրայ կը կրէ վաղ միջնադարին բնորոշ ճարտարապետական տարրեր ու յարդարանք։ Այդ հաշուի առնելով՝ մասնագէտները այն կը թուագրեն 7-րդ դարով, իսկ ճարտարապետ Արմէն Ղազարեանը կը յստակեցնէ կառուցման ժամանակը՝ 7-րդ դարի 30-ական թուականներ, երբ Հերակլ կայսեր վերջնական յաղթանակէն ետք բիւզանդական զօրքը պարսկական երկու արշաւանքներու ժամանակ կանգ առած է Շիրակ՝ իր հետ ունենալով գերութենէն ազատագրուած Տերունական խաչը։ Ամենայն հաւանականութեամբ տեղական իշխանը՝ Արշարունիքի եւ Շիրակի տէր Ներսեհ 3-րդ Կամսարականը, կայսրէն Տերունակի խաչի մասունք խնդրած է, որու հիմքի վրայ կառուցած է Ս. Խաչ եկեղեցին։
Այն կառուցուած է կարմրագոյն տեղական տուֆի սրբատաշ քարերէն, որոնց երեսներուն առկայ են բազմաթիւ վարպետանշաններ։ Առաւել տարածուածը «Մ» տառով վարպետի նշանն է, որ եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին տարբեր հատուածներուն կը կրկնուի աւելի քան քսան անգամ։ Ան նաեւ գրիչ է՝ արձանագրութեան փորագրիչ։
Սուրբ Խաչը ունի խաչաձեւ յօրինուածք, որու արեւելեան խաչաթեւին՝ աւագ խորանին կից, դուրսէն աւելացուած է Հիւսիսային աւանդատունը։ Եկեղեցին ի սկզբանէ ունեցած է երկու մուտք՝ արեւմտեան (եղած է գլխաւորը) եւ հարաւային։ Յետագային արեւմտեան շքամուտքը սրբատաշ քարերու շարքերով փակուած է։
Եկեղեցին կը պսակուի ութանիստ թմբուկով եւ հովհարաձեւ ցածրագագաթ վեղարով։ Ըստ Արմէն Ղազարեանի՝ այդ հովհարաձեւ վեղարի յօրինուածքի նախատիպն է, որ կը կրկնէ Տիրոջ Գերեզմանի ծածկը Երուսաղէմի Ս. Յարութիւն տաճարին մէջ։
Նիստերը կը բաժանուին միմեանցմէ ոլորուն ակօսներով, մշակուած բարձր կիսասիւներով, որոնք աւարտուելով պարզ ուղղանկիւն աբակներով, հիմք կը հանդիսանան թմբուկի քիւի համար։ Ամէն մի նիստը եզրերով մշակուած է տափակ եւ կարճ որմնասիւներով, որոնց՝ 7-րդ դարին բնորոշ խոյակներու վրայ առկայ են որմնանկարներ։ Վերջիններս չունին ճշգրիտ թուագրութիւն։ Սակայն որմնանկարչական արուեստին առաւել հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ ոլորուն սիւներու առկայութիւնը։ Ըստ մասնագիտական հետազօտութիւններու՝ նշուած ձեւը ոչ թէ ճարտարապետական ոճի զարգացման արդիւնք է, այլ քրիստոնէական պատկերագրութեան՝ սրբանկարչութեան կարեւոր նմոյշ։ Ոլորուն սիւներու նմանօրինակ ձեւեր կը հանդիպին ուշ անտիկ եւ վաղքրիստոնէական այնպիսի յուշարձաններուն, ինչպիսիք են՝ Ապամիայի. Մարիա Մաջիորէ բազիլիկայի, Հռոմի Սբ. Կալիստոյի ստորգետնեայ դամբարաններուն (4-րդ դար), Ռավեննայի Մաքսիմիանոսի ամբիոնի քանդակներուն (6-րդ դար)։
7-րդ դարէն 21-րդ դար հասած այս հոյակերտ կարմիր գեղեցկուհին մինչ օրս ալ անտարբեր չի թողներ եւ ոչ ոքի։