4Նոյեմբեր 2023 շաբաթ օրը, յատուկ նշանակութիւն մը պիտի պահէ մեր օրերու պատմագրութեան մէջ։ Այդ օր կայացաւ Թուզլայի «Քամփ Արմէն» ճամբարի երկրորդ հիմնադրումը։
Առաջինը կատարուած էր մօտ վեց տասնամեակներ առաջ, երբ Կէտիկփաշայի Աւետարանչական Եկեղեցւոյ պատուելի Հրանդ Կիւզելեան իր նոր գնած հողատարածքին մէջ թերահաս սաներու բազկի ուժով փորուած հիմքին կը թափէր առաջին շաղախը։
Քաղաքի հեռու մէկ արուարձանն էր Թուզլա եւ այդտեղ կը բարձրանար նոր ճամբար մը։ Սա այն տարիներն էր, երբ Առաքելական եկեղեցին ալ կը ծրագրէր Գընալը Կղզիի բարձունքին հաստատել այսօրուայ «Կազդուրման Կայան»ը։ Յաջորդող տարիներուն այդ իմաստութեան տաճարը զոհը դարձաւ երկրի կառավարութիւններուն ազգային փոքրամասնութիւններու կալուածները յափշտակելու ռազմավարութեան։ 2015 թուին, երբ այդ յափշտակուած տարածքի վրայ փորձեցին փլել ճամբարի շէնքերը, «Նոր Զարթօնք» հարթակի երիտասարդ գործիչներն էին, որ փութացին Թուզլա, կանխեցին փլուզումը, եւ ապա բռնիօրէն գրաւեցին տարածքը։ «Նոր Զարթօնք»ի այդ դիմադրութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ հողատարածքը վերադարձուեցաւ իր տիրոջ՝ Կէտիկփաշայի Աւետարանչական Եկեղեցւոյ վարչութեան։ Արդարեւ շաբաթօրեայ հիմնադրութեան հանդէսին Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի կողքին էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեան։
Շինութեան աւարտին ճամբարը պիտի կարենայ ընդունիլ 100 երախաներ, որոնց 50-ը պիտի պատկանի իգական սեռին։ Այստեղ պիտի գործեն երաժշտութեան ու ձեռագործի աշխատանոցներ, 200 հոգի տարողութեամբ լսարան, ուսուցիչներու սենեակներ եւ այլ յարմարութիւններ։