Կատարեալ գայթակղութիւն մըն էր Երուսաղէմի հայ համայնքին սեփականութիւնը եղող եւ «Կովերու պարտէզ» անունով ծանօթ հողատարածքին 99 տարուայ ժամկէտով իսրայէլեան ընկերութեան մը վարձակալելու դէպքը։
Փակ դռներու ետին կատարուած համաձայնութեան հրապարակումէն ետք առարկութեան առաջին ալիքը բարձրացաւ Երուսաղէմի հայ համայնքէն։ Վանական համալիրը միաժամանակ կը ներառէ քաղաքի հայոց թաղամասը։ Արդարեւ հայ համայնքի անդամներ բողոքի ցոյց կատարեցին Երուսաղէմի Պատրիարք Նուրհան Սրբազանի դէմ։
Ապա վրայ հասաւ թէ Յորդանանի Թագաւորութեան եւ թէ Պաղէստինի կառավարութեան խիստ բողոքագիրները, ուղղուած Նուրհան Պատրիարքին։ Նամակագիրները կը յայտնէին թէ յետ այսու չեն ճանչնար Նուրհան Պատրիարքի իշխանութիւնը։
Միւս կողմէ Պատրիարք սրբազան իրեն ուղղուած մեղադրանքները կը վերագրէր արդէն իսկ կարգալոյծ եղած վարդապետի մը, որ նախապէս վարած էր կալուածներու պատասխանատուութեան պաշտօնը։ Նուրհան Պատրիարք կը պնդէր թէ այս վերջինը զինք խաբելով է որ ապահոված է ստորագրութիւնը։
Դէպքը նոր փուլ մը մտաւ, երբ Նուրհան Պատրիարք յայտարարեց թէ չեղեալ համարուած է 99 տարուայ վարձակալութեան մասին համաձայնութիւնը։
Յաջորդող դէպքերու մասին կը լսենք պատրիարքարանի հրապարակումէն, որ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ստորեւ։
«Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այսու կը տեղեկացնէ, որ «Կովերու պարտէզ» անունով յայտնի կալուածի վարձակալութիւնը չեղեալ նկատելու նամակէն յետոյ երկրորդ կողմը, փոխանակ նամակին պատասխան տալու, արձագանգած է կալուածի վրայ առկայ պարսպի եւ կայանատեղերու քանդումով, ասֆալտի հեռացումով եւ շատ աւելի մեծ վնաս պատճառելու սպառնալիքով։
Երէկ երկրորդ կողմը նոյնիսկ զէնքով զինուած անվտանգութեան աշխատակիցներ եւ վարժեցրած շներ բերած էր կալուած՝ պահանջելով ազատել կալուածը հայկական ներկայութենէ։ Ի պատասխան այս պահանջի՝ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամները եւ Հայ համայնքի անդամները հաւաքուած էին հոն՝ խաղաղ կերպով իրենց դժգոհութիւնը եւ անհամաձայնութիւնը յայտնելու եղած պահանջին։
Քանի մը ժամ յետոյ կողմերը պայմանաւորուեցան հեռանալ կալուածէն եւ ոչինչ ձեռնարկել այնքան ժամանակ, մինչեւ Պատրիարքութիւնը չստանայ համաձայնագիրը չեղեալ նկատելու իր ղրկած նամակին պատասխանը»։
Ուշագրաւ է որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուող հոգեւոր խորհուրդը որեւէ արձագանգ չէ ունեցած առկայ գայթակղութեան եւ անոր հետեւանքներուն շուրջ։
Յայտնի է որ խնդիրը հետզհետէ պիտի ունենայ նոր զարգացումներ, յաճախ գլխացաւանք պատճառելով ոչ միայն Երուսաղէմի հայ համայնքին, այլ համընդհանուր հայութեան եւ մասնաւորապէս հայ հոգեւորականութեան մօտ։