Հրանդ Տինք հիմնարկը 2023 թուականի Նոյեմբերի 17-18-ին Իսթանպուլ, հիմնարկի կեդրոնատեղիին մէջ կը կազմակերպէ «Փոքրամասնութիւններու իրաւունքները հանրապետութեան հարիւրամեակին» խորագրով միջազգային գիտաժողով մը։ Գիտաժողովը նպատակ ունի համակողմանի քննել Թուրքիոյ ապրող ազգային, կրօնական եւ լեզուական փոքրամասնութիւններուն պատկանող անձանց իրաւունքները, անոնց առջեւ ծառացած խնդիրները ու այդ խնդիրներու լուծումները։
Գիտաժողովի առանցքային թեմաներէն է տարբեր երկրներէ ներս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու եւ փորձառութեան պատմական եւ հայեցակարգային զարգացումը. Փոքրամասնութեան իրաւական հասկացութիւնը, որ պատմականօրէն ձեւաւորուած է Եւրոպայի կրօնական համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրինակով, տարիներու ընթացքին բազմաթիւ վերափոխումներու ենթարկուելով. Ազգայնականութեան աճին զուգահեռ, «փոքրամասնութիւն» հասկացութիւնը ընդլայնուած եւ վերաիմաստաւորուած է՝ ներառելով ազգային եւ լեզուական փոքրամասնութիւնները. Վերջին տարիներուն ոչ միայն կը կարեւորուի փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, այլեւ անոնց հզօրացման անհրաժեշտութիւնը։ Այս առումով տարբեր երկրներու ու տարածաշրջաններու տարբեր փորձառութիւններ ձեւաւորուած են եւ անոնցմէ որոշները օրինակ դարձած այլ երկիրներու համար. Այս թեմայի ներքեւ կը քննարկուին այնպիսի հարցեր, ինչպիսիք են «փոքրամասնութիւն» հասկացութեան սահմանումը, անոր փոխակերպումները, այդ փոխակերպումներու հիմնաքարերը, ինչպէս նաեւ անոնց տարբերութիւնները՝ ըստ կիրառման երկիրներու.
Գիտաժողովի երկրորդ առանցքային թեման Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու զարգացումն ու յառաջացած խնդիրներն են։ Ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք ստեղծուած ազգային պետութիւններէն մէկը՝ Թուրքիան 1923 թուականի Լոզանի պայմանագրի ստորագրումով ընդունած է երկրի յոյն, հայ եւ հրեայ համայնքներուն պատկանող անձերը՝ որպէս փոքրամասնութեան, իրաւունքներու միջազգային երաշխիքը։ Թէպէտ Լոզանի պայմանագիրը հիմնականին կրօնական համայնքները կը սահմանէր որպէս փոքրամասնութիւն, ասորիները՝ չնայած ոչ մահմեդական ըլլալնուն, թուրք/քուրդ ալեւիները, որոնք համեմատաբար մեծ թիւ կը կազմեն եւ նաստորեանները չեն ընդունուած որպէս կրօնական փոքրամասնութիւններ։
Համագումարին կարելի է հետեւիլ այցելելով Հրանդ Տինք Հիմնարկի Անարատ Յղութիւն շէնքը, նախապէս արձանագրուելով համացանցի էջի միջոցաւ։ Բացի այդ զեկոյցները պիտի սփռուին Հրանդ Տինք Հիմնարկի համացանցի պաշտօնական էջի կամ «Եութուպ»ի միջոցաւ։