Երբ լրացած է «Համաս»ի յարձակումով մեկնարկած եւ ապա Պաղէստին երկիրը բնաջնջելու վերածուած դաժան պատերազմին առաջին ամիսը, զոհերու թիւը գերազանցած է 10 հազարը։
Այդ զոհերուն համարեա կէսը անչափահասներ, նոյնիսկ մանուկներ են։ Առնուազն այդքան մանուկ կամ երախայ ալ ծնողազուրկ մնացին։ Ապարդիւն են ՄԱԿ-ի հնչեցուցած զինադադարի կոչերը։ Իսրայէլի կառավարութիւնը թաքցնելու կարիք անգամ չի տեսներ, որ իր վերջնական նպատակը Կազայի գրաւումն է։ Արդէն քաղաքի ժողովուրդի կէսէն աւելին լքած են իրենց տուները եւ կը փորձեն ապաստանիլ դէպի Եգիպտոս։
Անգամ մը եւս ականատես կ՚ըլլանք քաղաքակրթութիւններու բախումին, քանի որ ԱՄՆ, ԵՄ եւ անոնց ազդեցութեան գօտիին մէջ գտնուող բոլոր երկիրները անվերապահ կերպով կ՚աջակցին իսրայէլեան անխնայ յարձակումներուն։
Համաշխարհային մարդկութեան առումով խիստ մտահոգիչ է պարզուած պատկերը, որ կը սպառնայ համամարդկային բոլոր արժանիքներու։