ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
ՀՀԱրագածոտնի մարզի Թալինի տարածաշրջանի Մաստարա գիւղի հիւսիսային եզրի գեղատեսիլ բարձունքի վրայ վեր կը խոյանայ միջնադարեան Հայաստանի խաչքարային արուեստի գլուխգործոցներէն մէկը՝ կարմիր տուֆէ կերտուած, հիւսածոյ քանդակներով զարդարուած խաչքարը։ Թուագրուած է 13-րդ դարով։ Ունի շուրջ 4,5 մեթր ընդհանուր բարձրութիւն։ Լայնանիստ քիւի հիւսիսային կողին փորագրուած է 12 տողանի արձանագրութիւն, որով Խաչոտ անուամբ վարդապետը կը յայտնէ, որ ինքը ծնունդով մաստարացի է եւ կանգնեցուցած է այդ ահռելի աստուածընկալ սուրբ նշանը ի բարեխօսութիւն իր ծնողներուն, եղբայրներուն, քոյրերուն, ողջ ազգատոհմին եւ իրեն։ Խաչոտ վարդապետը 1217 թ. մէկ այլ խաչքար կանգնեցուցած է Թալինի ենթաշրջանի Վերին Բազմաբերդ գիւղի մէջ` իր երկրպագողներու փրկութեան համար։
2014 թուականին «ՈՒՆԵՍՔՕ»-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկը Հայկական խաչքարի արուեստը, Խաչքարի խորհուրդը եւ խաչքարագործութիւնը» թեմային նուիրուած երկու նամականիշ դրուած է շրջանառութեան, որոնցմէ մէկը Մաստարայի այս խաչքարն է։
Ժողովրդական շրջանակներուն ընդունուած է «Սիրահարներու խաչքար» անուանումը։
Մաստարայի այս խաչքարը իր յօրինուածքով լաւագոյնս կը բնորոշէ 13-րդ դարի խաչքարային արուեստը։ Անոր նայելով՝ կը թուի թէ վարպետը որոշած է քարի վրայ զբաղուիլ ասեղնագործութեամբ, այն ալ թելը ոչ մի տեղ չկտրելու պայմանով։ Խաչքարի ամենաբնութագրական տարրերէն կարելի է համարել խոշոր ու մանրամշակ կլոր վարդեակը, որու տրամագիծը շուրջ 80 սմ է։ Վարդեակի վրայ յենուող բազմաթել հիւսածոյ լայն ժապաւէններով կազմուող եւ խաչի ստորին թեւի երկու կողմերուն մէկական շքեղ ոճաւորուած ծաղկեփունջերու վերածուող ուղղաձիգ արմաւազարդը, արմաւային եւ շուշանային ձեւաւորումներով ոճաւորուած խաղողի ողկոյզները, քառակուսի, շեղանկիւն, վեցանիստ, ութանիստ պատկերներէն կազմուող հիւսածոյ եզրագօտին, հարթ նեղ ճակտէն եւ ընդարձակ քանդակազարդ քիւը։
Ահա այսպիսին է հինէն Հայաստանի սիրտը համարուող Արագածոտնի գեղատեսիլ բարձունքներէն մէկուն վրայ վեր յառնող հայկական միջնադարեան խաչքարային արուեստի մեկնաբնութագրական խորհրդանիշներէն մէկը՝ հրաշազան, փառահեղ եւ տիեզերական։