ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Այսօր մեր ուղղութիւնը հարած է դէպի Կիւմրի։ Նախապէս ալ նման զգացումները ապրած ըլլալուս չեմ զարմանար։ Կիւմրի քաղաքի անունը յիշելով իմ մէջ կը վերակենդանանան անցեալի յատուկ բազում ապրումներ։ Միտքս կ՚երթայ 1986-ի Սեպտեմբեր ամսուն եւ ես ինձ կը գտնեմ Գայիանէ քոյրիկի հետ Կիւմրիի շուկան։ Լաւաշ կը գնենք ազերի կնոջմէն, որուն կը հանդիմանէ Գայիանէ քոյրիկը։ Ինչո՞ւ բարկացար կը հարցնեմ Գայիանէին եւ սիրտս կը նեղնայ իր պատասխանով։ «Թող հայերէն խօսի, այստեղ Ռուսաստան չէ»։ Այդ տարիներուն Կիւմրիի շուկային մէջ կարելի է, հանդիպել մալաքաններուն, որոնք եւս ռուսախօս էին։ Գայիանէն շուտով ձերբազատուած էր այդ բարկութեան կարճատեւ նոպայէն եւ աչքով ցոյց կու տար հայ շարժանկարի առասպելական դերասան Մհեր Մկրտիչեանը, կամ կիւմրեցիներու անուանումով Ֆրունզիկը, որ նոյն շուկային մէջ գնումներ ընելով ման կու գար։ Այսօրուայ նման կը յիշեմ Գայիանէի հպարտ պարծանքը երբ մատնացոյց կ՚ընէր նորակառոյց ինը յարկանի շէնքերը։ Շէնքեր՝ որոնք հազիւ երկու տարի անց գետնին պիտի հաւասարէին ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքով։ Արդէն այդ երկրաշարժէն ետք իմ Կիւմրիուայ յիշատակներու մէջ քաղաքը իր փլատակներով պիտի դրոշմուէր միայն։ Փլատակներով՝ եւ մեր մատնուած ահռելի ձնձումով։ Օրը օրին չէինք գիտակցած պատահածին ահռելիութեան։ Հազիւ քանի մը օր անց ուշքի եկանք թէ ինչ պատահած էր այդ չքնաղ քաղաքի մէջ։ Քարուքանդ եղած էին Գայիանէին այդքան մեծ հպարտութիւն պատճառող ինը յարկանիները։ Այս անգամ բոլորը կը խօսէին գողացուած ցեմենտի մասին։ Յիշատակները կը խուժէին մտքիս եւ չէին արտօնէր որ միտքս սեւեռեմ ներկայ աղէտին։ Աղէտի սաստկութեան գիտակցելով համոզուեցանք թէ պարտաւոր ենք բաներ մը ընելու։ Բաներ մը՝ բայց ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս։ Կը յիշեմ որ նախ փութացինք խորհրդային զբօսաշրջութեան եւ Օդային ճանապարհորդութեան ընկերութեան «Աէրօֆլոտ»ի գրասենեակը։ Այնտեղ լսեցինք որ Մոսկուայէն յատուկ հրահանք ստացած են երկրաշարժի աղէտեալներուն համար ուղարկուած բեռը եւ անձնակազմը անվճար տեղ հասցնելու համար։ Այլեւս արգելք մը չէր մնացած որ շարժման անցնինք եւ օգնութիւնը փութացնենք Հայաստան։
Ապա որոշեցինք նաեւ օգնութիւնը փոխադրող բեռնատարներուն ընկերակցիլ մինչեւ Հայաստան։ Այս նիւթով կամաւոր եղած էինք ես, Եդուարդ Թովմասեան եւ բժիշկ Պարգեւ Պալըմեան։ Մեր սովետական վիզայի կարգադրութեան խնդիրը յանձնուեցաւ Կարպիս Ուղուրլուեանին։ Ինչ-ինչ պատճառներով չստացուեցաւ այն վիզան։ Բեռները փոխադրուեցան Թուրքիոյ Կարմիր Մահիկի երեք բեռնատարներով, իսկ Հայաստանի մէջ անոնք դիմաւորեցին Կարպիս Ուղուրլուեան եւ Գէորգ Պիւյիւքյակոբեան, որոնք Մոսկովայի ճամբով նախապէս ժամանած էին Հայաստան։
Յիշատակները կրկին կը տողանցեն մտքիս մէջ դարձեալ դէպի 1986 թուական, երբ Երեւանէն Կիւմրի տանող մայրուղիէն շեղելով Օննիկի ինքնաշարժը կանգ առած էր Ուճան գիւղի հրապարակը, Զօրավար Անդրանիկի յուշարձանի մօտ։ Այդ կարճատեւ դադարի պահուն զրուցած էինք տարեց գիւղացիներու հետ, որոնք Զօրավար Անդրանիկի կամաւորներու շառաւիղներն էին։ Պատմեցին թէ ինչպէս յաջողած էին նախ յուշարձանը տեղադրել եւ ապա այդ մասին իշխանութիւններու թոյլտուութիւնը ապահովել։
Այժմ Սուրէն վարպետի ինքնաշարժը կը սուրայ կրպուղիի վրայ եւ մենք ճամբու աջափնեայ հատուածին կը բարեւենք երկրաշարժի աղէտեալներու օգնութիւն փութացնելու առաքելութեան պահուն ջարդուած ինքնաթիռի զոհեալ անձնակազմը։ Այս յուշարձանը կառուցուած է խորտակուած ինքնաթիռի բեկորներով իբրեւ երախտիք նախկին Եուկոսլաւիոյ քաղաքացի փրկարարներուն։ Վերջապէս հասած ենք Կիւմրի եւ կանգ կ՚առնենք հասարակական կազմակերպութեան մը մօտ, որ կը կոչուէր «Մայր Աթոռ Կիւմրիի Հայորդեաց Տուն»։ Այստեղ եւս դիմաւորուեցանք կազմաւորութեան վարիչներու կողմէ եւ իրենցմէ լսեցինք Կիւմրի ապաստանած գաղթականներու մասին։ Համեմատաբար աւելի նուազ են Կիւմրի եկող գաղթականները, որոնք ինչպէս նախորդ այցելավայրերուն այստեղ եւս գտած են կեանքը շարունակելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցները։ Սակայն ով կրնայ պնդել թէ այդ միջոցներուն տիրանալը պիտի կարենայ սփոփել հայրենիքի կորուստը։ Ուրեմն այստեղ դարձեալ մեզ սպասողը ապրուած այդ մեծ կորուստներու դիմաց մխիթարութեան կարօտ տնազուրկ ժողովուրդ մըն էր։
Այս այցելութիւնը առիթ պարգեւեց որ մենք առաջին անգամ ըլլալով հանդիպինք հարազատի մը, որուն գոյութենէն տեղեակ էինք բայց չէինք արժանացած անձամբ ծանօթանալու։
Միւս կողմէ միտքս տենչող հարցում մըն էր Հայաստանի մէջ «Հայորդեաց տուն» անուանումը։ Հայաստանէ ներս իմաստ կրնար ունենալ «Ռուսորդեաց տուն», «Ասորորդեաց տուն» կամ «Էզդիորդեաց տուն» անուանումները, իբրեւ փոքրամասնութեան համայնքներու հասարակական կազմակերպութիւններ։ Ամէն պարագայի այս տեսակ նիւթերը վիճաբանիլը բաւական դժուար է հայաստանցիներու հետ։ Մենք՝ որպէս փոքրամասնութեան անդամներ գերզգայուն ենք խտրականութիւն նկարագրող բոլոր արտայայտութիւններու հանդէպ, իսկ երկրի մեծամասնութիւնը կազմողները չեն անդրադառնար իսկ այդ թագուն խտրականութեան։
Վերջապէս այստեղ դարձեալ հանդիպեցանք այս կազմակերպութեան ապաստանած արցախահայ ընտանիքներու։ Հոն եւս նկատեցինք կազմակերպեալ աշխատութիւն, բռնի տեղահանուած ժողովուրդի մատնուած դժուարութիւնները կարելի եղած չափով չէզոքացնելու համար։ Այստեղ ապահովուած է նաեւ ճաշասրահի մը դրութիւն եւ նաեւ զանազան բնոյթի օգնութիւնները բաշխելու համար կազմակերպուած կեդրոն։
Կիւմրիին յաջորդեց մեր վերջին այցելավայրը Ծաղկաձորի հանդիպումները։ Ծաղկաձոր հայաստանեան մարմնամարզութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը դարձած է։ 1980-ի Մոսկովեան ողիմպիական խաղերու նախօրեակին այստեղ կառուցուած էր յատուկ համալիր մը, ուր կը պատրաստուէին բացի Հայաստանէն, Խորհրդային Միութեան զանազան հանրապետութիւններէն ժամանած մարզիկներ։ Բայց մենք ուղղուած ենք ոչ թէ սպորտ պազա, այլ Երեւանի Պետական Համալսարանի երբեմնի հանգստատունը։ Վերանորոգուած հսկայ շէնքի մը մուտքին ենք եւ մեր հայաստանցի բարեկամները հոս եւս բերած են ապաստանեալներուն համար մատչելի, տնային եւ մանաւանդ ալ խոհանոցային սարքեր։ Եկած ապրանքը ձեռք ձեռքի կը փոխադրուի շէնքէն ներս եւ կը պատրաստուի ստացագիրները։ Կրկին անգամ կը վկայենք թէ այս գործընթացին մէջ կը տիրէ լուրջ թղթաբանութիւն մը։ Օգնութիւն առաքողները իրենց բերածներուն համար, իսկ օգտուողները իրենց ստացածներուն համար կը ստորագրեն որոշ փաստաթուղթեր։ Մեր վերադառնալէն ետք է, որ մամուլի էջերէն վերահասու կ՚ըլլանք Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար կատարած դիմումներուն։ Ահաւասիկ իրողութիւն մը, որուն չէինք անդրադարձած մեր Հայաստանեան աշխատանքային օրերուն։ Այս ժողովուրդը շուրջ 30 տարիներէ ի վեր Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներ էին եւ այժմ այդ հանրապետութիւնը իր սեփական կառավարութեան որոշումով լուծուած է։
Այսքանը բաւարար է հասկնալու համար թէ որքան անհրաժեշտ կարիք մըն է ունենալ Հայաստանի քաղաքացիութիւն։
Ծաղկաձորէն վերադարձը նաեւ մեր վերջին գիշերն էր Երեւանի մէջ։ Այդ գիշերը արժեւորեցինք տեղացի բարեկամներու հետ համախմբուելով։ Ինչպէս նախորդ յօդուածներուն մէջ ալ նշած էինք, դէպի Հայաստան ճամբորդութեան մեծագոյն դժուարութիւնն է ինքնաթիռներու, թռիչքի կամ վայրէջի ժամերը։ Արդարեւ առաւօտուայ ամենականուխ ժամերուն լուսածագէն ալ առաջ հասանք Զուարթնոց Օդակայանը եւ երկժամեայ թռիչքով հասանք Իսթանպուլ։
Վեցօրեայ աշխատանքային այցելութիւնը աւարտին հասցուցած էինք, բայց մեր ապրած տպաւորութիւնները եւ յուշերը յայտնի է, որ տակաւին երկար տարիներ կ՚ազդեն մեր վրայ։
Մարդկային կամ տարածքային կորուստները որքան ալ անհամեմատելի ըլլան, պատահածը իր էութեամբ նոր ցեղասպանութիւն մըն էր։ Այս անգամ թէեւ աւելի պատշաճ կը հնչէր «ցեղային զտում» եզրը, բայց մենք անգամ մը եւս կը յիշէինք Հրանդ Տինքի հետեւեալ հաստատումը. «Եթէ նոյնիսկ իւրաքանչիւրը բամպակներու փաթաթելով ամենահանգստաւէտ նոյնիսկ ոսկեայ ինքնաթիռներով իր բնօրրանէն վերցնէք եւ ուրիշ երկիր մը տանիք, նոյնն է, կատարուածը ցեղասպանութիւն է»։
Այս աշխատանքային ծրագիրը որոշած էինք զերծ պահել քաղաքական բոլոր բնոյթի բանավէճերէ։ Խնդիրը պիտի դիտարկէինք միայն ու միայն մարդկային երեսակով։ Բայց հիմա որ այս տողերը կը շարադրենք, անխուսափելի կը դառնայ քաղաքական վերլուծումներն ալ։
Հազիւ քանի մը օր առաջ էր որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Հայ-Թրքական յարաբերութիւններուն ակնարկելով կ՚ըսէր թէ այդ նիւթի մէջ յառաջընթացը կախեալ է Հայաստանի Ատրպէյճանի հանդէպ պարտականութիւնները կատարելէն։
Այս լսելով յիշեցի 44-օրեայ պատերազմի աւարտին Էրտողանի առաջարկով մեկնարկած Սերտար Քըլըչ- Ռուբէն Ռուպինեան բանակցութիւնները։ Այդ օրերուն Հայաստանեան մամուլի գործիչներ մեզ հետ կապ հաստատելով կը հարցնէին թէ որքանով անկեղծ է Էրտողանի առանց նախապայմանի բանակցութիւններու մասին ըսածները։
Այժմ պահը եկած է անգամ մը եւս ընդգծելու մեր այդ օրերու հաստատումը։ «Երբեք մի՛ վստահիք»։
Կան պահեր, ուր մարդ ակամայ կը մտածէ երանի սխալած ըլլայի։
(Վերջ)