Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր, Արհի. Տ. Լեւոն արք. Զէքինեանին շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտի Մետայլը։
Հոկտեմբերի 25-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նիստ՝ նուիրուած ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, Վենետիկի գիտութիւններու, գրականութեան եւ արուեստի ակադեմիայի իսկական անդամ, Արհի. Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանի ծննդեան 80-ամեակին։
Միջոցառման ժամանակ ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս եւ քարտուղար, Եուրի Սուվարեան Արհի. Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանին յանձնեց ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մետայլը։
Արհիապատիւ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուց ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտի հայ գաղթօջախներու եւ սփիւռքի պատմութեան բաժինի վարիչ Գէւորգ Ստեփանեանը։
ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտի թղթակից անդամ Ալբերտ Խառատեան շեշտեց Արհի. Լեւոն Զէքիեանի ներդրումը հայ-իտալական մշակութային առնչութիւններու ասպարեզին մէջ։ «Նա պոլիգլոտ է, ով վարժ տիրապետում է բազմաթիւ լեզուների։ Նրա նուիրեալ գործունէութեան մէջ առանձին տեղ է զբաղեցնում հայ արուեստին նուիրուած միջոցառումների տեւական շարքը՝ մի քանի տասնեակ գիտաժողովներով եւ դասախօսութիւններով տարբեր երկրներում։ Իրապէս, նա արդի հայագիտութեան անդադրում աշխատաւորն է», - նշեց Ալբերտ Խառատեան։
ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտի գիտաշխատող Արծվի Բախչինեան ներկայացուց Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիեանի նախաձեռնութեամբ Իտալիայի մէջ հիմնուած «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութիւնը, որ կը հովանաւորէ ամէն տարի օգոստոսին Վենետիկի պետական համալսարանի հայագիտական ամբիոնի աջակցութեամբ կազմակերպուող հայոց լեզուի եւ մշակոյթի խտացուած դասընթացքը։ «Այս դասընթացքը միտում ունի լայն պատկերացում տալու դասական եւ ժամանակակից հայ մշակոյթի եւ պատմութեան մասին։ Այն Սփիււռքում ինստիտուցիոնալ գործունէութեան եզակի օրինակ է», նշեց Արծվի Բախչինեան։
ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի գիտաշխատող Տորք Դալալեան ներկայացուց Արհի. Լեւոն Արք. Զեքիեանի գործունէութիւնը՝ որպէս գիտութեան կազմակերպիչ։