Թուրքիոյ դատական համակարգը, որ հետզհետէ ալ աւելի կը հեռանայ իրաւագիտութեան բոլոր սկզբունքներէ, վերջերս անգամ մը եւս գայթակղեցուցիչ որոշում մը առնելով մերժեց Սահմանադրական ատեանի վճիռի կիրարկումը։
Երկրի բարձրագոյն դատարանը հանդիսացող Սահմանադրական ատեանը քննարկելով իրաւապաշտպան Ճան Աթալայի թղթածրարը, որոշում կայացուց անմիջապէս ազատ արձակման, 50 հազար ԹԼ բարոյական տուգանքի հատուցման եւ երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան վերջանալէն ետք կրկին դատուելուն։
Սահմանադրական ատեանը իր այս որոշումը ուղարկեց 13-րդ Եղեռնադատ ատեան, անհրաժեշտ գործողութիւնները կատարելու համար։
Գլխաւորութեամբ Աթալայի փաստաբաններու, հասարակութիւնը յուսադրուած էր թէ յաջորդող ժամերու ընթացքին ազատ կ՚արձակուի Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութեան Հաթայի երեսփոխան Ճան Աթալայ։ Սակայն ի զուր մնացին այդ յոյսերը, քանի որ դատարանը դիտումնաւոր կերպով ձգձգեց որոշումը եւ 30 Հոկտեմբեր երկուշաբթի օր ալ նիւթը փոխանցեց Վճռաբեկ ատեան։
Կատարուածը բացի ողբերգական ըլլալէ, հետզհետէ դարձած է ծիծաղելի երեւոյթ մը երկրի արդարութեան համակարգի սնանկացման ապացոյց մը ըլլալով։
Նախապէս նման մեղադրանքներով դատուած զանազան քաղաքական գործիչներ ճիշդ ալ նման վճիռներով ազատ արձակուած էին։ Յայտնի է որ 13-րդ Եղեռնադատ ատեանը այս բոլորը զանց կ՚առնէ ոչ թէ իր ազատ կամքով, այլ գործադրուած ճնշումներու բերմամբ։