«Ակօս»ի վաստակաւոր լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի հետ որոշեցինք այցելել Հայաստան եւ ուղղակի զրոյցներով լսել արցախահայութեան ներկան եւ ապագայի հանդէպ ընկալումները եւ սպասումները: Հոդվածաշարի երկրորդ մասը կարող եք կարդալ այս շաբաթ։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Հասած ենք աշխատանքային այցելութեան երրորդ օրը։ Առաւօտուայ նախաճաշէն վերջ այս անգամ մեզի կ՚ուղեկցի «Վեկա» ընկերութենէն մեր սիրելի բարեկամ Արտակը, որուն հետ տարիներու երկարող ընկերութիւն մը ունինք յաճախ հանդիպելով Իսթանպուլ կամ Երեւան։ Ճամբորդութեան ընթացքին արտակ եւս բացատրութիւններ կու տայ թէ իր ալ մաս կազմած ընկերութիւնը առաջին օրէն իսկ մասնակցած է իրենց պապենական երկրէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան կարիքներու հոգալու գործին։ Բաղդատմամբ Կորիսի, դէպի Արտաշատ տանող ճանապարհը շատ աւելի կարճատեւ է։ Մեր ինքնաշարժը կանգ առաւ Համայնքապետարանի մօտ եւ իսկոյն հանդիպեցանք պարոն Արմէնին։ Երիտասարդ պաշտօնեան բազմազբաղ էր տարբեր բնոյթի բազում հարցերով։ Չէր լռեր իր բջջային հեռախօսը եւ չէին պակսեր այս կամ այն հարցի համար իրեն դիմողները։ Այդ եռուզեռին մէջ Արմէն մէկ կողմէ ալ մեզի կը փոխանցէր հիմնական տեղեկութիւններ։ Այսպէս կ՚իմանայինք թէ համայնքապետարանը ապահոված է ընդհանուր առմամբ 5300 շունչ մարդու կամ այլ խօսքով 1208 ընտանիքներու անհրաժեշտ բոլոր միջոցները։ Անոնցմէ ոչ մէկը անօթեւան է։ Բոլոր երախաները դպրոց կը յաճախէն եւ բոլորին կը հասնի օրական երեք ժում սնունդ։ «Սնունդի բաշխումը երկու եղանակ ունի։ Կեդրոնի բնակիչներ կու գան այս տեղէն կ՚ապահովեն իրենց սնունդը փոխան ստորագրութեան։ Իսկ գիւղերու պարագային մենք կ՚ուղարկենք դէպի գիւղապետ եւ հոնկէ է, որ կը ստանան այս օրուայ բաժինը»։
Արմէնի այս բացատրութիւններու ընթացքին ականատես եղանք իրենց բաժինը ստանալու համար համայնքապետարան այցելողներուն։ Այդ ընթացքի մէջ պետական կարգադրութիւնը անսայթաք կ՚ընթանայ։ Այդ հանդիպումը մեզի ալ առիթ տուաւ եկողներու հետ զրուցելու համար։
Ըստ երեւոյթի համակերպած էին իրենց մատնուած դրութեան։ Տարեց ամուսիններ էին եւ աւելի պահանջելու ոչ ձգտում ունէին, եւ ոչ ալ այդ աւելիին հասնելու համար պայքարելու կարողութիւն։ Երախտապարտ էին իրենց ստացածներով։ Զգացի թէ հարցումները ձանձրացուցիչ պիտի թուէր այս տարիքոտ մարդկանց համար։ Աւելի լաւ էր իրենց դիմային արտայայտութիւններէն հետեւողութիւններ քաղել։ Թերեւս զաւակներ ունենային, որոնք այս պահուն հեռաւոր ափերու վրայ անզօր ըլլային իրենց ծնողաց հոգսերը վերացնելու։ Չուզեցի «Որդիներս Ռուսաստան են, գործերնին չի թոյլատրեր որ մեր մօտ ըլլան»ի նման նախադասութիւններ լսել։ Յաջողութիւն մաղթելով եւ իրարու յենելով հեռացան մեզմէ։
Լեռնիկ երիտասարդ մի մարդ էր, հազիւ 41 տարեկան, բայց ներկայ օրերու թախիծը եւ կսկիծը ծանրօրէն կը ճնշէին անոր ուսերուն։ «Բենզինի լիցքակայանի պայթումի պահուն թէ աւագ եւ թէ միջնեկ եղբայրներս ու իրենց որդիները հոն էին։ Աւագ եղբօրմէս եւ իր որդիներէն ոչ մէկ լուր լսած եմ։ Միջնեկ եղբայրս շատ ծանր այրուածքներով փոխադրեցին Երեւան, բայց անոր ալ կեանքը փրկել կարելի չեղաւ։ Նոյնպէս անյայտ կորած է նաեւ իր որդին»։
Այժմ Լեռնիկ ալ իր ընտանիքի հետ բնակելու վայր մը ճարելը ամենակարեւոր խնդիր ըլլալով կը դիտէ։ Ապա կրնայ անցնիլ աշխատանքի նաեւ։
Արմէն կը յայտնէ թէ Համայնքապետարանի շրջանակով 2000-է աւելի անձերու համար կարելի է աշխատանք ապահովել։ «Սակայն իրենց նախապատուութիւնը բնակարանի հարցն է։ Հազիւ այդ հարցը լուծելէ ետք է, որ աշխատանքի մասին պիտի մտածեն» կ՚ըսէ Արմէն։
Գալով բնակարանի խնդրին, այստեղ ալ կարեւոր զգուշացում մը կայ սահմանամերձ տարածքներէն հեռու մնալու առումով։ Մեր ներկայութեան էր, որ առաջարկուեցաւ Նուպարաշէնի գիւղերէն մէկուն առնուազն երկու ընտանիքի բնակութեան յարմար տուն մը, բայց ոչ ոք ցանկացաւ այդ գիւղը երթալ, քանի որ ան սահմանամերձ տարածք էր։
Մեր այս զրոյցներու պահուն էր, որ մուտք գործեց «Վեկա» ընկերութեան բեռնատար մեքենան, որուն բեռցուած էր բազմաթիւ անկողիններ եւ անկողնային պարագաներ։ Երիտասարդներ իսկոյն փութացին եկած բեռը դէպի համայնքապետարանի շտեմարանը փոխադրելու։ Արտակ յայտնեց թէ ամենամեծ կարիքը կայ անկողնային պարագաներու հանդէպ։ «Մենք եւս ապահոված ենք մահճակալներ, բայց տակաւին կարիքը կը շարունակուի»։ Արտակի այս բացատրութեան հաստատումը եղաւ մեր այցելութիւնը դէպի հարեւան տարածքի մանկապարտէզին։
Եղանակը թոյլ չէր տար, որ երեխէք օգտուին մանկապարտէզի բակի խաղավայրէն։ Բայց ինչը՞ արգելք կրնար ըլլար որ անոնք ուրախ ճիչերով իրենց սքութըրներու վրայ սուրային մանկապարտէզի նրբանցքին։ Յաճախ բախէին իրարու եւ ծիծաղներու մէջ գետին գլորէին։
Անոնց ուրախութիւնը թափանցած էր նաեւ մեզ։ Կը դիտէի անոնց ուրախ խաղը։ Նոյն պահուն Պերճ ալ կը փորձէր այդ խաղի երեւոյթը անմահացնել իր առած լուսանկարներով։ Նշմարեցի թէ բոլորիս դէմքերուն յայտնուած էր լայն ժպիտ մը։ Նոյնիսկ այդ բախումներու պահուն հաւանական վիրաւորումի մը դէմ զիրենք զգուշացնող չափահասներն ալ կը բաժնէին այդ նոյն լայն ժպիտը։
Երբ տղոց խաղը մէկ կողմ դնելով մտանք մանկապարտէզի սենեակներուն մէջ, ժպիտը իր տեղը թողուց թախիծի։ Այստեղ տխուր էր պատկերը, երբ երեք ընտանիքներու 18 անդամներ կը բաժնէին մանկապարտէզի ընդարձակ դասարաններէն մէկը, ուր միակ կարասին էր կողք կողքի դիզուած մահճակալները։ Չափահաս մարդիկ, իւրաքանչիւրը անորոշութեան ճիրաններուն մէջ, կը փորձէր օր աւարտին հասցնել, որպէսզի յաջորդ օր նոյն անորոշութիւնը կրկին ու կրկին ապրին։ Անոնցմէ մէկը հիւանդ էր եւ կարողութիւն չունէր նոյնիսկ անկողնէն դուրս գալու։ Այս սենեակին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէին կանայք։ Բոլորն ալ իր կարգին պատմելիք հազարաւոր հոգեր ունէին։ Հոս եւս լսեցինք դուռը կղպելով դուրս գալու եւ ճիշդ հակառակը դուռն ու պատուխանը բաց թողնելով տունէն հեռանալու դրուագներ։
Արդէն տեսած էինք ինչ որ կը կարծէինք։ Այդ պահուն մարդ ակամայ կը յիշէ պատմութեան հին էջերը։ Ես անձամբ այդ էջերու մէկ մասը լսելով գիտեմ իմ նախկիններէն։ Բայց պատմութիւնը դաժան է եւ նման պատկերի եւս ականատես եղած եմ այս անգամ 1990-ական տարեթիւերուն, երբ հոսք մը կար նորանկախ Հայաստանէն դէպի Թուրքիա, օտար ափերու վրայ աշխատութիւն փարելու համար։
Այսօրուայ նման կը յիշեմ քառայարկ շէնքը Գումգաբուի մէջ, ուր այցելած էինք Սաթիկի՝ մեր սիրելի Հովիկի ու Գայիանէի առաջին զաւկի՝ Սաթենիկի ծնունդը շնորհաւորելու համար։ Այդ օր ալ մերօրեայ պանդուխտներ հաւաքուած էին սենեակի մը շուրջ, իւրաքանչիւրը իր հետ բերած էր զանազան թխուածքեղէն, շաքարեղէն եւ խմիչքներ։ Անդին տարեց վրացուհի մը օճախի վրայ կը պատրաստէր հաւու ճաշ մը։
Հիմա ալ նման պատկեր մըն է գոյացածը, կարծես թէ հալածուած ժողովուրդի մը բեկորները դատապարտուած ըլլան որոշ հերթականութեամբ նոյն զրկանքները ճաշակելու։
Այդ տրամադրութիւնով ուզեցինք հեռանալ մանկապարտէզէն, երբ Պերճ իմաց տուաւ ըսելով թէ պէտք է այցելենք վերի յարկի նման սենեակ մը եւս։
Բոլորիս ալ աչքերը թաց էր
Երբ այս երկրորդ սենեակէն դուրս կու գայինք բոլորիս ալ աչքերը թաց էր։ Հոս ծանօթացանք ընտանիքի մը հետ, որոնք թէ Ստեփանակերտ եւ թէ հարեւան գիւղի մէջ ունէին երկուքն ալ երկյարկանի տուներ։ Եօթը հոգիէ բաղկացող ընտանիքի մէջ աւագ որդին Բժշկական համալսարանի երրորդ դասարանի ուսանող է, իսկ դուստրը իններորդ դասարանի աշակերտ։ Մնացեալ երեք երախաները ալ աւելի փոքր տարիքի են։ Թէ աւագ որդին եւ թէ դուստրը այս պահուն ընդհատած են իրենց ուսումը։ «Ես քոլէժի աշակերտ էի, բայց հիմա Արտաշատի մէջ ստիպուեցայ սովորական երկրորդ վարժարան երթալ»։ Այսպէս կը յայտնէ իր զրկանքը աշակերտուհին։ Իսկ ընտանիքի հայրը կ՚ափսոսայ ամէն ինչ ետին թողած ըլլալուն։
Արցախի հայաթափումը ունի միակ նշանակութիւն մը, որն է հայ ժողովուրդի իր հարազատ երկրի կորուստը։ 108 տարիներ վերջ կրկնուող այս դէպքը լոկ այս յատկութիւնով խիստ խոցելի է իւրաքանչիւր հայու համար։
Բազում փորձերով մինչեւ օրս կ՚ապրինք արեւմտեան Հայաստանի կորուստին պատճառած կսկիծը։ Այստեղ նշանակութիւն ունի այն, որ հայը որպէս մշակ ժողովուրդ սերտօրէն կապուած է իր հարազատ հողին։ Այդ հողի վրայ կերտած է մշակոյթ։ Հողն ու հայրենի երկիրը նոյն փոխաբերական իմաստն ունին։ Հետեւաբար հայրենազրկութիւնը եւ հացազրկութիւնն ալ դիւրաւ կը նոյնանան իբրեւ կորած արժէքի խորհրդանիշ։
Մենք հանդիպումներու ընթացքին փորձեցինք անձերու անհատական կորուստները ընդգծել եւ իբրեւ ամբողջական պատկեր փոխանցել մեր ընթերցողներուն։
Անձնական, անհատական նաեւ ընտանեկան կորուստի կողքին կայ նաեւ ազգային, հաւաքական կամ ամբողջական կորուստ մըն ալ։
Տեսակցութիւններու ընթացքին մեր խօսակիցները յաճախ անդրադարձան նաեւ կորուստի այս տեսակին ալ։ Անոնք ներկայ պահուն յայտնուած են իրողութեան եւ զգացականութեան միջեւ հակասութիւններու մէջ։ Ոմանք այդ զգացականութենէ դրդուած կու յուսան թէ պայմանները կը բարելաւուի ու առիթ կ՚ունենան վերադառնալ իրենց հայրենի երկիրը եւ վերստին կը շէնացնեն ընտանեկան օճախը։ Այդ նոյն յոյսը տասնամեակներ շարունակ սնուցած էին նաեւ բազմաթիւ սասնեցիներ, իգտիրցիներ, ալաշկերտցիներ եւ այլք, որոնք վերջապէս համակերպեցան իրենց ապաստանած հողերու վրայ նոր կեանք կերտելու գաղափարին։
Կարգ մը արցախահայեր այդ համոզումին հասնելու համար տասնամեակներու կարօտ ալ չեն։ Անոնք համոզուած են թէ Արցախը այլեւս կորուսեալ հայրենիք մըն է իրենց համար, որուն յիշատակը վառ պիտի պահեն յաջորդող սերունդներուն ալ։
(Հոդվածաշարի առաջին մասի համար):
Ցեղային զտումը, իբրեւ ցեղասպանութեան տարբերակը