7Հոկտեմբերէն այսօր շարունակուող Պաղէստինեան պատերազմը Կազա քաղաքի կործանման պատճառ կը դառնայ։ Զանազան զրկանքներու կողքին ամենաէական կը դառնայ վառելանիւթի բացակայութիւնը։ Բացի ներքաղաքային փոխադրութեան դադրելէ, յատկապէս հիւանդանոցներէ ներս ելեկտրականութիւն արտադրող սարքերն ալ կը բանին բենզին կամ տիզել վառելանիւթով եւ այս պահուն միայն գործողութեան սենեակներն են, որ կ՚օգտուին անոնց արտադրած հոսանքէն։
Արդէն օրերէ ի վեր ականատես կը դառնանք Իսրայէլեան ռմբակոծութեան հիւանդանոցները, մզկիթները եւ եկեղեցիները թիրախաւորելու երեւոյթին։ Դէտերու համաձայն քաղաքէն հառացող խաղաղ բնակիչներու թիւը հասած է 1,5 միլիոնի։
Արեւմտեան երկիրներու կառավարութիւնները նախագահի կամ վարչապետի մակարդակով կ՚այցելեն Իսրայէլ, թէ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու եւ թէ հրէից պետութիւնը աւելի դաժան յարձակումներու դէմ զսպելու համար։
Կը շարունակուի մարդկային այլ տեսակի ողբերգութիւն մը, քանի որ աւելի քան 200 իսրայէլացիներ պատանդ վերցուած են Պաղէստինեան տարածքին մէջ։ Անոնցմէ վեց հոգի ազատ արձակուեցան, որմէ ետք Իսրայէլեան իշխանութիւնները թոյլ տուին բեռնատար ինքնաշարժներու դէպի Կազա օգնութեան միջոցներ առաքելուն։
Այս պայմաններու մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանն ալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով կոչ ուղղեց խաղաղ բնակիչներու կեանքը խնայելու եւ տարակարծութիւնները երկխօսութեամբ լուծելու մասին։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնուի նաեւ երկրի կառավարութեան, այս դաժան պայմաններու մէջ դիւանագիտութեան նախապատուութիւն տրուած ըլլալուն համար։
Միւս կողմէ Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողան կը մերժէ «Համաս»ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն համարել։ Ան այս կազմակերպութիւնը որակեց իր երկիրը ազատագրելու համար պատերազմող ռազմիկներու խմբակ։