Թեհրանի մէջ, 23 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած «3+3» տարածաշրջանային հարթակի հանդիպումէն ետքմ մասնակցող 5 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն, որուն մէջ կը շեշտուին ինը կէտերը.
1. Նկատի ունենալով երկիրներու միջեւ փոխադարձ շահերու եւ բարի դրացիութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը՝ անոնք ընդգծեցին այդ առումով վէճերու խաղաղ կարգաւորման, ինքնիշխանութեան յարգման, քաղաքական անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան, ներքին գործերու չմիջամտելու, սպառնալիքի կամ ուժի կիրարկման արգելքի եւ մարդու իրաւունքներու յարգման կարեւորութիւնը՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բոլոր սկզբունքներուն հիման վրայ։
2. Քննարկուեցան միջազգային զանազան հարցեր եւ ընդգծուեցաւ խորհրդատուական «3+3է հարթակի կարեւորութիւնը՝ կառուցողական երկխօսութեան կարելիութիւնները ապահովելու եւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւն հաստատելու այն երկիրներուն միջեւ, որոնք առաջնային դեր ունին այդ առումով։
3. Կարեւոր նկատուեցան տնտեսական համագործակցութեան դրական ազդեցութիւնը փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման, ազգերու բարեկեցութեան եւ տարածաշրջանի կայունութեան վրայ։
4. Անոնք ընդգծեցին մշակութային համագործակցութեան, մարդոց միջեւ շփումներու եւ կրթական, գիտական, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառին մէջ միացեալ նախագիծերու կարեւորութիւնը։
5. Յարատեւ խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման խթանման համար, անոնք պէտք է ամրապնդեն երկկողմ եւ բազմակողմ խորհրդակցութիւնները եւ փոխգործակցութիւնը։
6. Անոնք ողջունեցին տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ զարգացման վերաբերող գործընթացները։
7. Դրական գնահատելով այս հանդիպման արդիւնքները՝ անոնք վերահաստատեցին, որ այս հարթակը բաց է Վրաստանի հաւասար մասնակցութեան համար։
8. Նախարարները նաեւ միտքեր փոխանակեցին Կազայի իրավիճակին վերաբերեալ։ Անոնք ընդգծեցին անմեղ քաղաքացներ թիրախ դարձնելը անյապաղ դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը։
9. Մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները շնորհակալութիւն յայտնեցին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին՝ լաւ ընդունելութեան եւ այս հանդիպման բարեյաջող իրականացման համար։
Նախարարները համաձայնեցան, որ յաջորդ հանդիպումը կայանայ Թուրքիոյ մէջ։