«Օրօրայի» համահիմնադիր Նուպար Աֆէյեանը եւ անոնց ընտանեկան հիմնադրամը 2 միլիոն ԱՄՆ տոլար կը յատկացնեն Արցախէն տեղահանուածներուն օգնելու համար։
Աջակցութիւն կը ստանայ աւելի քան 100.000 բռնի տեղահանուած արցախցի, որոնք այժմ կ՚ապրին Հայաստան։
Նուիրատուութիւնը կը տրամադրէ «Աֆէյեան» հիմնադրամը, որ անցեալին եւս, միաւորելով ջանքերը «Օրօրայի» հետ եւ աջակցած արցախցիներուն 2020 թուականի պատերազմէն ետք։ Այս վերջին ֆինանսական աջակցութիւնը ուղղուած է քանի մը ոլորտներու, այդ թուին՝ առաջնային կարիքներու բաւարարում, բժշկական եւ սոցիալ-հոգեբանական աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ երկարաժամկէտ կրթական հնարաւորութիւններու ստեղծում։
«Իւրաքանչիւր փախստական արժանի է արժանապատիւ վերաբնակեցման Հայաստանի մէջ։ Քանի որ կը մօտենայ ձմեռը, հիմա է գործելու ժամանակը։ Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց, որոնք արդէն քայլեր ձեռնարկած են եւ կը դիմենք համաշխարհային հանրութեան՝ համախմբուելու եւ ցուցաբերելու անհրաժեշտ օժանդակութիւն մարդասիրական այս ճգնաժամը յաղթահարելու համար»։
2020 թուականի Սեպտեմբերին՝ Արցախի դէմ ծաւալուած պատերազմէն ետք, «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը իրականացուց «Օրօրան՝ Արցախին» ծրագիրը՝ աջակցելով մարդասիրական լուրջ ճգնաժամի առաջ կանգնած տեղի բնակչութեան։ Տեղահանուած մարդկանց տրամադրուած է սնունդ, կացարան եւ հագուստ, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ ու կենսական նշանակութեան դեղորայք։ Ծրագրի ընթացքին՝ մինչեւ 2023 թ. Յունիս, «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յատկացուցած է 2.2 միլիոն ԱՄՆ տոլար՝ աջակցելով տեղի եւ միջազգային 70 գործընկերներու կողմէ իրագործուող 93 նախագծերու։